ԱՅՇԷԿԻՒԼ ԿԻՒՄԻՒՇՔԱՅԱ
10Հոկտեմբեր 2015 թուականին զանազան արհմիութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հրաւէրով կայացող «աշխատանքի, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հանրահաւաք»ին ՏԱԻՇ-ի երկու մահապարտներու յարձակումով մահացած էին 103 անձեր եւ աւելի քան 400 վիրաւորեալներ։ Այս ոճիրէն 27 ամիսներ ետք տակաւին 30 անձեր դարմանում կը տեսնեն ապաքինման համար։
Անգարայի մէջ 31 Յունուարին կայացաւ դատական եօթներորդ նիստը։ Դատարանի առջեւ մէկտեղուեցան այդ յարձակումէն վերապրածները, իրենց ընտանիքները եւ բազմաթիւ քաղաքացիներ։ Վերապրողները ոճիրէն ետք կազմած են զօրակցութեան միութիւն մը, որուն նախագահն է փաստաբան Մեհթապ Սաքինճի Ճոշկուն, որ դէպքի պահուն կորսնցուցած էր իր փաստաբան ամուսինը՝ Ույկար Ճոշկունը։ Մեհթապ Սաքինճի Ճոշկուն հաւաքուած բազմութեան խօսք ուղղելով ներկայացուց իր գլխաւորած միութեան պահանջները։
Ա) Հասարակութեան դատական գործընթացին նկատմամբ ուշադրութիւն տածելը։
Բ) Տիյարպեքիրի, Սուրուճի եւ Այնթապի կոտորածներու դատավարութիւններուն իրենց միութեան ալ մասնակցութիւն արտօնուիլը։
Գ) Յարձակումին կատարուած Անգարայի գնացքի կայարանի տարածքին «10 Հոկտեմբեր խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հրապարակ» ըլլալով վերանուանուիլը։
Փաստաբան Մեհթապ Սաքինճի Ճոշկուն նշեց, որ վերապրողներու կեանքը բեկանուած է «նախքան 10 Հոկտեմբեր» եւ «10 Հոկտեմբերէն ետք» ըլլալով։ Ան աւելցուց, թէ իրենք աչալուրջ պիտի ըլլան բոլոր պատասխանատուներուն դատարանի առջեւ հաշիւ տալուն համար։ «Հազիւ բոլոր պատասխանատուներուն հաշիւ տալով է, որ պիտի աւարտի այս դատավարութիւնը» ըսաւ Ճոշկուն։
Այս յայտարարութիւններէ ետք դատի հետեւողները միասնաբար անցան դատական նիստին կայանալիք դահլիճը։ Այստեղ եւս լարուածութիւն մը տեղի ունեցաւ, քանի որ ոստիկաններ նախապէս եկած ու զբաղեցուցած էին լրագրողներու համար յատկացուած նստարանները։ Հազիւ այդ բոլորին կրկին դասաւորումէն ետք է, որ սկսաւ դատական նիստը, որ պիտի շարունակէ նաեւ 1 Փետրուար Երեքշաբթի օր եւս։
Իրաւապաշտպաններու
դատավարութիւնը
Նոյն օր Իսթանպուլ՝ Չաղլայանի Արդարադատական համալիրի մէջ ալ կայացաւ 5 Յուլիս 2017-ին Մեծ Կղզիի մէջ ժողովի ընթացքին բերման ենթարկուած «Միջազգային ներման կազմակերպութեան» Թուրքիոյ բաժնի ատենապետը եւ այլ մարդի իրաւունքի պաշտպաններու դատավարութիւնը։
Այս դատական նիստին եւս զօրակցութեան հանրահաւաք մը կայացաւ Արդարադատական համալիրի մուտքին եւ ապա սկսաւ դատական նիստի երրորդ փուլը։ Դատակազմը երկար քննարկումներէ ետք որոշեց ուրիշ դատի մը շրջագծով Իզմիր գտնուղ Թաներ Քըլըճի ազատ արձակումը։
Բժիշկներ բերման ենթարկուած
Զանազան համալսարաններէ ակադեմականներու միասնաբար ստորագրած «Այս յանցանքին մեղսակից չենք ըլլար» խորագրեալ յայտարարութիւնը կառավարութեան կողմէ ահաբեկչութեան քարոզչութիւն ըլլալով դիտուած եւ ստորագրող ակադեմականներու դէմ դատ բացուած էր։
20 Յունուարին թրքական բանակին դէպի Աֆրին գործադրած արշաւէն ետք Թուրքիոյ բժիշկներու կաճառը նման յայտարարութիւն մը ըրաւ հրապարակելով «պատերազմը հասարակական առողջութեան խնդիր մըն է» խորագրեալ գրութիւնը։ Այս գրութեան մէջ բժիշկները կը զգուշացնէին կառավարութիւնը, դիտել տալով, թէ պատերազմը ժողովուրդի առողջութեան սպառնացող գործողութիւն է եւ շատ աւելի ձեռնտու է խնդիրները լուծել բանակցութիւններու միջոցաւ։ Այս յայտարարութիւնը եւս արժանացաւ Հանրապետութեան նախագահի եւ կառավարութեան շատ խիստ հակազդեցութեան։ Նախագահ Էրտողան քննադատեց Բժիշկներու կաճառը զիրենք դաւաճան կոչելով եւ այս յայտարարութիւններէն ետք ոստիկանութիւնը 28 Յունուարի առաւօտուայ ժամերուն բերման ենթարկեց Բժիշկներու կաճառի վարիչները։
Տակաւին յայտնի չէ, թէ անոնց ո՞ր նախադասութեան դէմ մեղադրանք պիտի ներկայացուի, սակայն արդէն այսքանը իսկ բաւական եղաւ, որ միջազգային կազմակերպութիւններ իսկոյն շարժման անցնին մեղադրելով Թուրքիոյ իշխանութիւնները։ Տուեալ պայմաններու մէջ, քանի որ բժիշկները իրենց ստորագրած շրջաբերականին մէջ նիւթ կ՚ունենան Հիպոկրատէսի երթումէն, ուրեմն շատերու միտքերը տանջող հարցում է, թէ արդեօք Հիպոկրատէս եւս կրնա՞յ մեղադրուիլ ահաբեկչութեան քարոզչութիւն ընելու մեղադրանքով։
Առայժմ Բժիշկներու կաճառի 11 վարչայինները բերման ենթարկուած են եւ տակաւին սկզբանէ դատախազութիւնը պահանջած է երկրորդ եօթնօրեայ պարտադիր բանտարկութիւն։ Հազիւ երկու շաբաթներ անց դատարանը պիտի ճշդէ, թէ մեղադրեալները պիտի ձերբակալուին, թէ ոչ ազատ արձակուելով պիտի դատուին։