Նուիրեալ աշխատանք՝ յիշողութեան պահպանման համար

Օրօ­րա մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը 20 հա­զար ԱՄՆ տո­լարի դրա­մաշ­նորհ տրա­մադ­րած է Երե­ւանի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի անուան մա­տենա­դարա­նին, երի­տասարդ գի­տաշ­խա­տող­նե­րու եւ թան­գա­րանի զբօ­սավար­նե­րու մաս­նա­գիտա­կան զար­գացման նպաս­տե­լու նպա­տակով։ Մա­տենա­դարա­նը այսպէ­սով առի­թը կ՚ու­նե­նայ դա­սախօ­սու­թիւններ կազ­մա­կեր­պե­լու, որոնք բա­ցի հաս­տա­տու­թեան անձնա­կազ­մին մաս կազ­մող զբօ­սավար­նե­րու եւ գի­տաշ­խա­տող­նե­րու, բաց են նաեւ բո­լոր հե­տաքրքրուող­նե­րու հա­մար։ Մա­տենա­դարա­նի ժա­մանա­կաւոր պաշ­տօ­նակա­տար Վա­հան Տէր Ղե­ւոն­դեան կը նշէ, թէ մաս­նա­գիտա­կան զար­գա­ցու­մը եւ գի­տելիք­նե­րու խո­րացու­մը մա­տենա­դարա­նի առաջ­նա­հերթ եւ կա­րեւո­րագոյն խնդիր­նե­րէն է։ «Մա­տենա­դարա­նի եւ Օրօ­րա մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութեան մի­ջեւ հա­մագոր­ծակցու­թիւնը յա­ջողու­թեամբ կը նպաս­տէ մարդկու­թեան թո­ղած ժա­ռան­գութեան կա­րեւոր մէկ հա­տուա­ծին պահ­պանման»։

Այսպէս նա­խատե­սուած է աւե­լի քան 50 դա­սախօ­սու­թիւններ, որոնք կ՚ընդգրկեն մարդկա­յին եւ բա­նասի­րական ու նաեւ Մա­տենա­դարա­նի ան­մի­ջական գոր­ծունէու­թեան հետ առնչուած գի­տակար­գեր։ Այդ գի­տակար­գե­րուն մէջ կա­րելի է թուար­կել միջ­նա­դարա­գիտու­թիւնը, ձե­ռագ­րա­գիտու­թիւնը, աղ­բիւրա­գիտու­թիւնը, մա­տենա­գիտու­թիւնը, ձե­ռագ­րե­րու ու ար­խի­ւային նիւ­թե­րու վե­րականգնու­մը ու պահ­պա­նու­մը։

Օրօ­րա մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութեան հա­մահիմ­նա­դիր Ռու­բէն Վար­դա­նեան եւս ոգե­ւորուած է այս դրա­մաշ­նորհով։ «Աջակ­ցե­լով երի­տասարդ գի­տաշ­խա­տող­նե­րուն մաս­նա­գիտա­կան զար­գացման՝ մենք նաեւ ներդրում կը կա­տարենք մշա­կու­թա­յին հարստու­թեան սե­րունդնե­րու փո­խանցման գոր­ծին մէջ» կ՚ըսէ Վար­դա­նեան։

Երբ Օրօ­րա հան­րութեան կը տե­ղեկաց­նէր Մա­տենա­դարա­նի ուղղեալ այս լրա­տուու­թիւնը, միւս կող­մէ «Աս­պա­րէզ» կ՚անդրա­դառ­նար Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րանին կա­տարուած մի այլ կա­րեւոր նուիրա­տուու­թեան։

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Թան­գա­րան-Հիմ­նարկին Եզա­կի Ար­խիւ Նուիրուած է

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նարկի ջան­քե­րուն շնոր­հիւ՝ Հա­յաս­տան տե­ղափո­խուած եւ թան­գա­րանին նուիրուած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը վե­րապ­րած ամե­րիկաբ­նակ հայ գեր­դաստա­նի մը ըն­տա­նեկան ար­խի­ւը։

Ամե­րիկաբ­նակ Սու­սան Սո­լաքեան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նարկին յանձնած է իր մեծ ըն­տա­նիքին պատ­մութիւ­նը՝ յու­շագրու­թիւններ, փաս­տա­թուղթեր եւ լու­սանկար­ներ։ Ան վստահ է, որ իրենց ըն­տա­նեկան մա­սունքնե­րը յանձնուած են հո­գատար ձեռ­քե­րու, իսկ իրենց նպա­տակն է՝ յա­ջորդ սե­րունդնե­րուն փո­խան­ցել ամե­նէն կա­րեւոր բա­նը՝ յի­շողու­թիւնը։

Ծնունդով Մեզ­րէէն (Խար­բերդի նա­հանգ) Թո­մաս եւ Էս­թեր Մկրտի­չեան­նե­րու ըն­տա­նեկան աւե­լի քան մէկ դա­րեայ պատ­մութիւ­նը՝ իրենց պատ­մա­կան հայ­րե­նիքէն բռնա­գաղ­թուելէն մին­չեւ Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տելը, հա­րուստ է պատ­մագրա­կան ճշգրիտ տե­ղեկու­թիւննե­րով, ինչպէս նաեւ մարդկա­յին կո­րուստի ծան­րա­գոյն դրսե­ւորումնե­րով։

Ըն­տա­նեկան ար­խի­ւային նիւ­թե­րը կա­րեւոր սկզբնաղ­բիւր են Խար­բերդի հա­յերու տե­ղահա­նու­թեան, կո­տորած­նե­րու, մաս­նա­ւորա­պէս գեր­մա­նացի պաշ­տօ­նեանե­րու՝ թուրքե­րու մեղ­սա­կիցը եւ աջա­կիցը ըլ­լա­լու, հայ մտա­ւորա­կանու­թեան դա­ժան սպա­նու­թեան, կի­րառուած բռնու­թեան, ինչպէս նաեւ գաղ­թա­կան­նե­րու դրու­թեան մա­սին։ Նիւ­թե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն պի­տի ու­սումնա­սիրուին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նարկի գի­տաշ­խա­տող­նե­րուն կող­մէ եւ պի­տի ներ­կա­յացուին հանրութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ