ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՓԵՍԱՅ

Վայելուչ բառ,
որ 20 անգամ ամուսնացաւ


Միշտ նախընտրե­լի է, որ աղջկան ըն­տա­նիքը գիտ­նայ, թէ ուրտե­ղացի՛ է փե­սացուն։ Հայ­րը, մայ­րը ո՞վ են։ Նոյն մտա­հոգու­թիւննե­րը ու­նինք նաեւ լե­զուա­կան աշ­խարհի մէջ։ Կ՛ու­զենք գիտ­նալ, թէ ի՛նչ ար­մատներ ու­նի բա­ռը։ Ո՞վ են անոր ծնող­նե­րը, հա՞յ, օտա՞ր... Օտա­րը մէկ աս­տի­ճան ըն­դունե­լի է։ Հա­յերէ­նի մէջ փո­խառու­թիւններ շատ ու­նինք։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, ու­նինք բա­ռը մը, որուն ո՛չ ար­մատնե­րը, ո՛չ ալ ծնող­նե­րը ծա­նօթ են մե­զի։ Բազ­մա­թիւ ստու­գա­բան­ներ փոր­ձած են հասկնալ, թէ ան ուրկէ՛ եւ ինչպէ՛ս յայտնուեցած է մեր մայ­րե­նիի մէջ։ «Փե­սայ» բառն է ան։ Վա­յելուչ է, կաս­կած չկայ։ Սա­կայն, նոյնքան ալ ծոյլ է եւ ան­բերրի։

Ալեք­սանդրա­պոլիս հա­սած ենք, մեր Կիւմրին։ Ցո­լակը, մեր սայ­լա­պանը, կը հե­ռանայ։ Անոր եր­գը դեռ օդի մէջ է, «Կող­պա ելան սե­լերը, կտրաւ հո­գուս թե­լերը, կա­մաց քշէք սե­լերը, կա­պեմ չուլկուս թե­լերը...»։ Քա­ղաքի մուտքին ֆայ­տոններ կան, մէ­կը՝ փայ­լուն կար­միր։ Անիւ­նե­րը կար­միր-կա­պոյտ ճիւ­ղե­րով են։ Ու­նի եր­կու գե­ղեցիկ ձիեր, եր­կու զան­գուլակ­նե­րով։ Կա­ռապա՞նը։ Վա­յելուչ մարդ։ Կա­պած է նախշ-գօ­տի, հա­գած է սպի­տակ ձեռ­նոցներ։ Կուրծքին ու­նի «Սար­գի­սով» մեծ ժա­մացոյց։ «Ֆայ­տոն Ալեք»ն է ան, քա­ղաքի ամե­նայայտնի կա­ռապա­նը։ Բնա­կիչ­նե­րը կը սի­րեն անո՛ր ֆայ­տո­նով ճամ­բորդել։ Նոյնպէս մենք։ Ալե­քին ֆայ­տո­նով պի­տի եր­թանք Գէորգ Աղա­յի՝ մե­ծահա­րուստ Գէորգ Կոս­տա­նեանի բաղ­նի­քը՝ ուր նո­րափե­սայ Մու­րա­տը փե­սաբաղ­նիք կ՚ու­նե­նայ։ Մի՛ վա­րանիք։ Բարձրա­ցէք։ Ու երբ ֆայ­տո­նը սլա­նայ «վար­պետնե­րու քա­ղաք»ի «դու­քան»նե­րուն եւ բա­ղերուն առ­ջե­ւէն, պի­տի յի­շենք այդ բա­ռին փե­սայու­թեան օրե­րը։

Կ՚ըսեն, թէ «փե­սայ» բա­ռը ու­նի յու­նա­կան ծա­գում եւ սե­ռած է «փես» բա­ռէն, որ կը նշա­նակէ զա­ւակ, տղայ։ Նախ ան­ցեր է ասո­րերէն, ապա՝ հա­յերէն։ Ըստ երկրորդ կար­ծի­քի, պարսկա­կան է բա­ռը, կու գայ «փաշ­տա» կամ «փա­շա» բա­ռէն՝ թա­գաւոր։ Եւ եր­րորդ վար­կա­ծը. բա­ռը կու գայ «պսակ» բա­ռէն։

Ալե­քը կը գո­վէ աւան­դութիւ­նը. «Յա­տուկ են մեր Կիւմրուայ հար­սա­նիք­նե­րը։ Նախ­քան հարսնի­քը, մէկ եր­կու օր առաջ, կը կազ­մա­կեր­պուի փե­սաբաղ­նիք, որ­պէսզի նո­րապ­սա­կը մա­քուր մտնէ նոր կեանք։ Բաղ­նի­քի մէջ է նաեւ նո­րափե­սայի սափ­րուելու արա­րողու­թիւնը։ Իսկ յե­տոյ, պար­տա­դիր է ֆայ­տո­նով տուն վե­րադառ­նալ»։

«Փե­սայ» բա­ռը, կը յի­շէ՞ք, ծոյլ էր եւ անար­գա­ւանդ։ Մինչ մեր պտղա­բեր «հարս» բա­ռէն ծնած են 110-ի չափ նոր բա­ռեր, «փե­սայ» բա­ռը եղած է ժլատ. հա­զիւ քսան բառ՝ քսան «ամուսնու­թիւն»։ Առա­ջինը «հրա­ւէր»ի հետ, ապա «նուէր», «զգեստ» եւ «մա­նուկ» բա­ռերով. «փե­սահ­րա­ւէր», «փե­սայա­նուէրք», «փե­սայազ­գեստ» եւ «փե­սայա­մանուկ», մինչ «փե­սայա­ծին» էր Տի­րամայր կոյ­սը։ Ածան­ցուած բա­ռեր ալ կան ան­շուշտ. փե­սայա­բար, փե­սայա­կան, փե­սայա­րան, փե­սայու­թիւն, փե­սայօ­րէն, փե­սայա­նալ, փե­սացու։ Իսկ սերտ կապ պա­հեց իր եղ­բօր եւ խա­չեղ­բօր հետ ու դար­ձաւ «փե­սաեղ­բայր»։

- Ալեք, կ՚ըսեն, թէ ֆայ­տոն քշե­լը քա­ղաքի մէջ արուեստ է ու մեծ պա­տիւ։

- Ֆայ­տո­նը պա­պից պապ կ՚եր­թայ... Ֆայ­տո­նը մե­ռաւ՝ Կիւմրին կը մեռ­նի։

Կ՚անցնինք քա­նի մը հին ճա­շարան, «Ծիտ­րօ», «Շի­լաջոց», «Ծակ-ծիկ Կա­րօ»։ Իսկ աշուղնե­րու եր­գեր կը լսուին Տա­լոյեան­նե­րու եւ վա­նեցի Կա­րապետ Սո­նանեան­ցի սրճա­րան­նե­րէն։

Գրա­կան լե­զուի առա­ջին փե­սան Ար­տա­շէս Ա.ն էր։ Ծախ­սա­լից հարսնիք մըն էր, ինչպէս Մով­սէս Խո­րենա­ցին կը փո­խան­ցէ. «Տեղ (անձրեւ) ոս­կի տե­ղայր ի փե­սայու­թեանն Ար­տա­շիսի»։ Դա­սական շրջա­նին, հո­գեւոր գրա­կանու­թեան մէջ տեղ գտան «փե­սաւէր», «փե­սայազ­գեաց», «փե­սայա­ծու» բա­ռերը։ Յով­հաննէս Մկրտի­չը եկե­ղեցին կո­չած էր «հարս», իսկ Քրիս­տո­սը՝ «փե­սայ»։ Սուրբ Գիր­քի մէջ 79 գոր­ծա­ծու­թիւն գտաւ ան եւ անոր շա­ռաւիղ­նե­րը։ Միջ­նա­դարեան մատ­նեագ­րութիւ­նը պսա­կուե­ցաւ այսպի­սի տո­ղերով. «Որ­պէս փե­սայ՝ զի ելա­նէ յա­ռագաս­տէ իւրմէ», «Այ­սօր հե­զաբար եւ փե­սայա­բար գայ մտան» ի քեզ նոր Երու­սա­ղէմ, «Ու­րա՚խ լեր բերկրեալդ, այր եղե­լոյ աշ­խարհի՝ ան­շա­ղախ փե­սայա­ծին», «Փե­սայա­պէս զար­դուք պճնէր, գլխոյն պսակ Քրիս­տոս նստէր»։ Իսկ Թով­մա Արծրու­նին «Պատ­մութիւն Տանն Արծրու­նեաց» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ գոր­ծա­ծեց «փե­սայա­ցու­ցա­նել» ըն­տիր բա­յը. «Շա­պուհ՝ խոս­տա­ցաւ փե­սայա­ցու­ցա­նել զՄեհ­րուժան ի քոյր իւր»։ Բա­ռը Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի գրի­չին տակ դար­ձաւ տաղ. «Ծի­րանազ­գեստ պըճ­նեալ եկե­ղեց­ւոյ փե­սայ», «Հարսն ան­մահ փե­սային կոյս անա­րատ, ո՜վ սուրբ Հռիփ­սի­մէ»։ Իսկ Գրի­գորիս Աղ­թա­մար­ցին 1500-ական թուական­նե­րուն եր­գեց. «Ժամ ի փե­սային գա­լոյ, եր­գե­ցէ՚ք զեր­գըս սի­րոյ»։ «Փե­սա»ն ինչպէ՞ս, թէ տեղ գտած պի­տի չըլ­լար ժո­ղովրդա­կան բա­նահիւ­սութեան մէջ։ Ըստ «Հա­յաս­տա­նի եւ յա­րակից շրջան­նե­րի տե­ղանուննե­րի բա­ռարան»ի Վա­նի Ակռբի գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը «Ակռբու հարս փե­սայ» անուանած են այն եր­կու մար­դա­հասակ քա­րաբե­կոր­նե­րը, որոնք հե­ռուէն մար­դու նմա­նու­թիւն ու­նին։ Մէ­կը «հարս» է անուանուած, իսկ միւ­սը՝ «փե­սայ»։ Յի­շել կ՚ար­ժէ նաեւ, թէ Վա­նի Մոկք գա­ւառա­կի մէջ կար Փե­սավանք կամ Փե­սի վանք կո­չուած գիւղն ու վան­քը։ «Փե­սայ»ով ու­նինք երեք պատ­կե­րալից առած­ներ. «Փե­սայ հա­գուեց­նել», հագ­նուիլը եր­կար տե­ւել, «Հար­սի հա­շուին՝ փե­սային լա­ւու­թիւն» եւ «Ինքն իրեն հարս ու փե­սայ դառ­նալ»։ Փե­սան գրա­սէ՞ր։ Կա­րելի է այդպէս դի­տել։ Քա­նի մը գիր­քի անուն. «Փե­սայ որ­սողներ», Թիֆ­լիզ, 1894, «Քաղ­ցած փե­սանե­րը...», Բա­գու, 1898։ Րաֆ­ֆին եւ Հա­մաս­տեղն ալ ստեղ­ծե­ցին եր­կու գրա­կան գոր­ծեր. «Տնա­յին փե­սայ» եւ «Փե­սայ Օվան»։ Կո­միտա­սը պա­տիւ ըրաւ «փե­սայ»ին ու հար­սա­նեկան եր­գի վե­րածեց զայն. «Փե­սին գով­քը»։ Ու­նե­ցանք հար­սա­նեկան այլ եր­գեր եւս. «Այ ֆոր­կա, ֆոր­կա, ֆոր­կա... Թա­զա փե­սին տեղ չի կայ», «Պսակ, պսակ տիկ­նի պսակ, փե­սան եկաւ լի­քը քսակ», «Հարս ու փե­սին կանքնե­ցու­ցին, նրանց վե­րայ­շա­քար տե­ղացու­ցին, քառ­սուն օր գի­շեր եր­գու պա­րեցին, գի­նի լից աղ­բեր ջան, գի­նի լից», «Ազիզ փե­սայ կը կան­չի, ջա՜ն, իմ նա­զան, ի՛մ եարը»։ Յար­գե­լի ըն­թերցող շատ հար­բե­լով, խնդրեմ ձեր երա­զին մէջ փե­սայ մի՛ տես­նէք, զի ըստ երա­զահան գիր­քե­րու, (այս նա­խադա­սու­թիւնը նկա­տի մի՛ առ­նէք, եթէ դուք չէք հա­ւատար այդպի­սի սնո­տիաբա­նու­թիւննե­րու) ան կը նշա­նակէ, թէ ձեր հարստու­թիւնը վտան­գի մէջ է։

Հա­սանք բաղ­նիք, քա­ղաքի գլխա­ւոր բաղ­նի­քը։ Մո՞ւտքը։ Եր­կու հատ է։ Տիկ­նանց եւ տղա­մարդկանց։ Տար­բեր փո­ղոց­նե­րու վրայ։ Ներ­սէն կը լսուին կե­րու­խումի ու եր­գի զուարթ ձայ­ներ։ Լոգ­նա­լու չէինք եկած։ Սպա­սենք, որ մեր բա­րեկամ­նե­րը դուրս գան եւ մենք շա­րու­նա­կենք մեր զրոյցնե­րը։