Սարգիս Սերովբեանի յիշատակին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Երբ կը մօտենայ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու նախ­­կին խմբա­­գիր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանի մա­­հուան Գ. տա­­րելի­­ցը, ան­­գամ մը եւս կ՚անդրա­­դառ­­նանք իր բա­­ցակա­­յու­­թեան «Ակօս»ի էջե­­­­րուն մէջ։ Սե­­­­րով­­­­բեանի ու­­­­շադրու­­­­թեան կի­­­­զակէ­­­­տին կը գտու­­­­նէր ազ­­­­գագրա­­­­կան նիւ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Հարկ է խոս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­վանիլ, որ իր մա­­­­հէն ետք հա­­­­յոց առաս­­­­պելնե­­­­րը, աւան­­­­դութիւննե­­­­րը, բա­­­­նահիւ­­­­սութիւ­­­­նը, հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի երկրի պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան մշա­­­­կոյ­­­­թը շատ աւե­­­­լի նուազ տեղ կը գտնեն այս էջե­­­­րուն վրայ։ Խղճա­­­­հարու­­­­թիւն պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռող թե­­­­րացում մըն է այս։ Նման թե­­­­րացու­­­­մը յաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­հարե­­­­լու հա­­­­մար կը կա­­­­րօտինք Սե­­­­րով­­­­բեանի բա­­­­զում տա­­­­րինե­­­­րու ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւնով կու­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կած պա­­­­շարին։ Սա­­­­կայն նա­­­­խորդ շա­­­­բաթա­­­­վեր­­­­ջին այդ թե­­­­րացու­­­­մը մա­­­­սամբ փա­­­­ռատե­­­­լու առի­­­­թը գո­­­­յացաւ Իզ­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­րի մէջ։ Հրա­­­­ւիրուած էինք Հրանդ Տին­­­­քի ոգե­­­­կոչ­­­­ման հա­­­­մար ծրագ­­­­րուած բա­­­­նախօ­­­­սու­­­­թեան։ Այս մի­­­­ջոցա­­­­ռու­­­­մը առիթ հա­­­­մարե­­­­լով իզ­­­­միրցի բա­­­­րեկամ­­­­ներ խնդրե­­­­ցին, որ յա­­­­ւելեալ օր մը եւս ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նանք այդ քա­­­­ղաքի մէջ, որ­­­­պէսզի խօ­­­­սինք հա­­­­յոց հե­­­­քիաթ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մա­­­­սին։ Դար­­­­ձեալ խոս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­վանինք, որ այս յա­­­­ւելեալ առա­­­­ջար­­­­կը աւե­­­­լի ոգե­­­­ւորիչ էր քան այն, որն էր խօ­­­­սիլ Տին­­­­քի սպա­­­­նու­­­­թեան տե­­­­ղի տուած այլ եւ այլ զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցումնե­­­­րու մա­­­­սին։ Այդ նիւ­­­­թը ար­­­­դէն կը ծե­­­­ծենք տա­­­­րինե­­­­րէ ի վեր եւ ըստ երե­­­­ւոյ­­­­թի բա­­­­ցի մեծ ու­­­­շադրու­­­­թեամբ եւ օրի­­­­նակե­­­­լի պա­­­­հան­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­տիրու­­­­թեամբ Հրան­­­­դի յի­­­­շատա­­­­կը յար­­­­գողնե­­­­րէ շատ քի­­­­չերուն հա­­­­մար հետզհե­­­­տէ նոր բան մը կրնանք ըսել։ Բայց այդպէ­­­­սը չէր Սե­­­­րով­­­­բեանի եր­­­­կար տա­­­­րիներ իր բեր­­­­նէն հնչած պատ­­­­մութիւննե­­­­րու նիւ­­­­թը։ Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ միու­­­­թեան մը հա­­­­մեստ սրա­­­­հին մէջ մէկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղուող մօտ 50 կամ 60 ան­­­­ձեր լա­­­­րուած ու­­­­շադրու­­­­թեամբ կը հե­­­­տեւէին պատ­­­­մութիւննե­­­­րուն, որոնք իրենց հա­­­­մար իս­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան յայտնու­­­­թեան մը բնոյ­­­­թը ու­­­­նէր։ Իսկ ի՞նչ էր, որ կը պատ­­­­մէի։ Բո­­­­լոր այն հե­­­­քիաթ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, որոնք լսած եմ դեռ ման­­­­կութեան տա­­­­րինե­­­­րէն։ Այո՛, այդ բո­­­­լորը կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուէին իբ­­­­րեւ հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան պատ­­­­մութիւններ։ Բայց ես կը տա­­­­տամ­­­­սէի, քա­­­­նի որ այդ նոյն պատ­­­­մութիւննե­­­­րը լսած եմ նաեւ ոչ հայ պատ­­­­մողնե­­­­րէ եւս։ Ու­­­­րեմն միայն լե­­­­զուն բա­­­­ւարա՞ր էր, որ այս կամ այն հե­­­­քիաթը դիւ­­­­րաւ վե­­­­րագ­­­­րէինք, այս կամ այն ազ­­­­գութեան։ Թե­­­­րեւս ալ պատ­­­­մութիւննե­­­­րը ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին բնոյթ մը չու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նային, այլ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նային աշ­­­­խարհագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան յատ­­­­կութիւն։ Բայց ինչ պայ­­­­մաննե­­­­րով ալ ըլ­­­­լայ կար նաեւ հե­­­­ղինա­­­­կը յայտնի պա­­­­տումներ։ Մենք այդ առու­­­­մով բա­­­­ւական բախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր ենք ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալով պատ­­­­մութիւններ նուիրող պաշ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­լի անուն մը՝ յան­­­­ձին Յով­­­­հաննէս Թու­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նեանի։

Օգ­­­­տուեցանք Թու­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նեանի ժա­­­­ռան­­­­գէն եւ մեր չա­­­­փահաս ունկնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցինք «Մի կա­­­­թիլ մեղր» կամ «Բա­­­­րեկեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­ն» պատ­­­­մութիւննե­­­­ր»։ Խնա­­­­յեցինք «Քաջ Նա­­­­զարը», «Սա­­­­սունցի Դա­­­­ւիթը» եւ տա­­­­կաւին ու­­­­րիշներ, քա­­­­նի որ պէտք էր ժա­­­­մանակ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նայինք փո­­­­խան­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար հա­­­­յոց այնքան ծա­­­­նօթ յա­­­­մառու­­­­թիւնը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով «թռի էլ էծ՛ է (այծ), չթռի էլ» աւան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան պատ­­­­մութիւ­­­­նը։ Այս պատ­­­­մութիւ­­­­նը առիթ կու տայ խօ­­­­սելու հա­­­­մար հա­­­­յոց «Արծրու­­­­նի» եւ «Ռշտու­­­­նի» ար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յատոհ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րու եւ անոնց կար­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­ցեալ հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մա­­­­սին։ Իբ­­­­րեւ թէ եր­­­­կու տա­­­­րեց թա­­­­գաւոր­­­­ներ աշ­­­­խարհի թոհ ու բո­­­­հը թո­­­­ղելով իրենց գա­­­­հաժա­­­­ռանգնե­­­­րուն, խա­­­­ղաղ ու հան­­­­գիստ կեանք կ՚ապ­­­­րին ու օրն ի բուն կը շա­­­­ղակ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­տեն այս կամ այն նիւ­­­­թի շուրջ եւ աւե­­­­լի յա­­­­ճախ ալ կը մատ­­­­նուին սուր տա­­­­րակար­­­­ծութեան։ Ահա այդպի­­­­սի օր մը, երբ հսկայ սօ­­­­սիի շու­­­­քին տակ հա­­­­մով հո­­­­տով կը զրու­­­­ցեն Ռշտուն յան­­­­կարծ կը նշմա­­­­րէ հե­­­­ռուի ժայ­­­­ռա­­­­­­­­­­­­­­­բեկո­­­­րին վրայ շար­­­­ժում մը։ «Էծը տես՜, էծը տես՜» կը գո­­­­ռայ մատ­­­­նանշե­­­­լով հե­­­­ռուի ժայ­­­­ռը։ Արծրուն կը դի­­­­տէ ցոյց տրուած տե­­­­ղը եւ կ՚առար­­­­կէ. «էտի էծ չէ, ար­­­­ծիւ է» ըսե­­­­լով։ Ռշտուն կը յա­­­­մառի իր կար­­­­ծի­­­­­­­­­­­­­­­քին վրայ, կը պնդէ թէ այծ է։ Այսպէս այծ էր, ար­­­­ծիւ էր բա­­­­ւական եր­­­­կար վի­­­­ճելէ ետք ժայ­­­­ռա­­­­­­­­­­­­­­­բեկո­­­­րի վե­­­­րեւ կանգնած մար­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­նը յան­­­­կարծ կը թե­­­­ւածէ ու կը սլա­­­­նայ դէ­­­­պի եր­­­­կինք։ «Տե­­­­սա՞ր թռաւ, ար­­­­ծիւ էր»։ Ռշտուն անդրդուելի կը մնայ իր տե­­­­սու­­­­թեան մէջ ու կտրուկ կ՚աւար­­­­տէ բա­­­­նավէ­­­­ճը «թռի էլ էծ՛ է, չթռի էլ» ըսե­­­­լով։

Կը պատ­­­­մեմ եւ ու­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­խու­­­­թեամբ կը տես­­­­նեմ ունկնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու վա­­­­յելած հա­­­­ճոյ­­­­քը։ Չեմ ու­­­­զեր պա­­­­տու­­­­մը կի­­­­սատ մնայ եւ կ՚աւելցնեմ, թէ Սար­­­­գիս Սե­­­­րով­­­­բեան, երբ եւ ինչ առ­­­­թիւ պատ­­­­մած էր այս պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րալից հե­­­­քիաթը։ Յի­­­­շողու­­­­թիւնս զիս կը տա­­­­նի Տէր­­­­սիմ, ուր Մնձու­­­­րի փա­­­­ռատօ­­­­նի օրե­­­­րուն զու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­դիպող Վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­վառի մը երե­­­­կոյեան, շրջա­­­­պատուած Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նէն եկած «Մա­­­­րաթուկ» ազ­­­­գագրա­­­­կան խմբի երի­­­­տասարդնե­­­­րով եւ բո­­­­լորս ջրա­­­­թաթախ Սե­­­­րով­­­­բեան կը փոր­­­­ձէր նիւ­­­­թի մը շուրջ հա­­­­մոզել Տէր­­­­սի­­­­­­­­­­­­­­­մի հա­­­­յոց հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նակ­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­կան միու­­­­թեան հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դիր Միհ­­­­րան Փրկիչ Կիւլթե­­­­քինը։ Երբ այդ հա­­­­մոզե­­­­լու ջան­­­­քին մէջ եր­­­­կար բա­­­­ցատ­­­­րութիւննե­­­­րէ, օրի­­­­նակ­­­­ներ թուելէ, փաս­­­­տեր ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լէ ետք չէր կրցած ապա­­­­հովել Միհ­­­­րան Փրկի­­­­չի յօ­­­­ժարու­­­­մը ձանձրա­­­­ցած զայ­­­­րոյթով մը գո­­­­ռաց «թռի էլ էծ՛ է, չթռի էլ»։

Գերբնա­­­­կան երե­­­­ւոյթնե­­­­րով, ժա­­­­մանա­­­­կի անո­­­­րոշու­­­­թիւննե­­­­րով հիւ­­­­սուած այս պա­­­­տումնե­­­­րու յան­­­­կարծա­­­­կիօրէն փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցի, իրա­­­­կան ապ­­­­րումնե­­­­րով շաղ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պու­­­­մը ալ աւե­­­­լի հե­­­­տաքրքրա­­­­կան դար­­­­ձուցած էր մեր զրոյ­­­­ցը։ Վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս եկած էր պա­­­­հը, որ խօ­­­­սէինք Սո­­­­րով­­­­բեա­­­­­­­­­­­­­­­նէ լսուած Աղաւ­­­­նու Վան­­­­քի պատ­­­­մութիւ­­­­նը։ Այս պատ­­­­մութեան մէջն ալ, եթէ դէպ­­­­քը գերբնա­­­­կան է, անուննե­­­­րը, վայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ թուական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ընդհա­­­­կառա­­­­կը փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցի ու իրաւ։ Կը խօ­­­­սինք Լենք Թի­­­­մու­­­­րի Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նը ար­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­ւելու տա­­­­րինե­­­­րը, Տէր Յով­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­նի իր ժո­­­­ղովուրդը եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ մէջ վեր­­­­ջին հա­­­­ղոր­­­­դութիւ­­­­նով կնքե­­­­լու եւ իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր կնքուողին ալ աղաւ­­­­նու կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րով դէ­­­­պի եր­­­­կինք բարձրա­­­­նալու դրուակը։ Եզա­­­­կի փորձ մըն էր այս, որ հա­­­­ճելի էր, թէ լսո­­­­ղին, թէ ասո­­­­ղին հա­­­­մար։ Հա­­­­ճելի էր՝ յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պէս այդ առու­­­­մով, որ թէ­­­­կուզ չնչին նմա­­­­նու­­­­թեամբ, բայց գո­­­­նէ փոր­­­­ձած էինք Սե­­­­րով­­­­բեանի աւան­­­­դը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կել։ Այս է պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռը, որ նա­­­­խորդ շա­­­­բաթա­­­­վեր­­­­ջին Իզ­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­րի մէջ մեր ապ­­­­րածնե­­­­րը կու գանք բաժ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու «Ակօս»ի հա­­­­յերէն էջե­­­­րու ըն­­­­թերցող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն հետ, որ­­­­պէսզի գո­­­­նէ այսքա­­­­նով էջե­­­­րուն վրայ ալ վեր­­­­յի­­­­­­­­­­­­­­­շում մը կա­­­տարած ըլ­­լանք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ