Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերջերս բաւական խիստ ելոյթներով եւ յաճախ ալ գորշ գայլերու յատուկ ազգայնական պատգամներով կը սպառնար Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ որոշ ինքնավարութիւն ապահոված քիւրտերու դէմ։ Ինք համոզուած էր եւ ժողովուրդն ալ կը փորձէր համոզել, որ այդտեղ ինքնավարութիւն ապահովողները ահաբեկիչներն են։ Անցեալին բաւական ցաւալի փորձառութիւններ ապրած էր իր այս հաստատումին պատճառաւ։ Օրինակի համար ԱՄՆ-ի իշխանութեան հարցուցած էր. «Ո՜վ Ամերիկա, ե՞ս եմ քու դաշնակիցը, թէ ոչ այդ ահաբեկիչները»։ Ամերիկա այս հարցումին պատասխանած էր. «ՏԱԻՇ-ի դէմ մարտնչող քիւրտ խմբակներուն մեր զինուորական օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի» ըսելով։ Փորձառութեամբ գիտեմ, թէ վտանգաւոր հարցադրում մըն է այս ոճը։ Անցեալին որսորդի մը ոդիսականը կը պատմուէր։ Կինը ձանձրացած էր ամուսնոյն ամէն օր ցեխերու թաթխուած տարազները մաքրելէ եւ օր մըն ալ խիստ սպառնական ոճով դիմեց ամուսնոյն, որ կը պատրաստուէր վարազ որսալու, «կամ խոզը, կամ ես»։ Որսորդը առանց վարանումի պատասխանած էր «խոզը»։
Առաջին հերթին այնպէս կը թուար, որ Էրտողան այդ մարտահրաւէրին մէջ առանձին է եւ պոռալ ու կանչելէն աւելին չի կրնար ընել։ Արդարեւ Սուրիոյ քիւրտերու նախկին ղեկավար Սալիհ Մուսլիմ ալ հաւանական չէր տեսներ զինեալ միջամտութիւն մը «գերտէրութիւնները չեն արտօներ» կարծելով։
20 Յունուարին թրքական զինեալ ուժերը նախ աւելի քան 70 կործանիչ ինքնաթիռներով ռմբակոծեցին որոշ թիրախներ ու ապա ցամաքային ուժերով, հրասայլերով ներխուժեց սահմանի հանդիպակած կողմը։
Այդ օր երկրի բազմահազար մզկիթներու մէջ Կրօնից տեսչութեան հրահանգով կատարուեցաւ արշաւի յատուկ աղօթք (Ֆեթիհ տուասը)։
Թուրքիոյ մէջ ապատեղեկատուութիւնը աւանդութիւն մըն է։ Ամենավայրագ գործողութիւնները կը մկրտուին շատ իմաստալից անուններով։ Օրինակի համար բանակը 1974-ին, երբ կ՚արշաւէր Կիպրոսի անկախ պետութեան հիւսիսային հատուածը, կատարուածը կոչած էին «Խաղաղութեան գործողութիւն»։ Նմանապէս 19 Դեկտեմբեր 2000 թուականին Թուրքիոյ 20 բանտերու մէջ հացադուլի դիմած բանտարկեալներու դէմ զինեալ յարձակում գործուեցաւ, որուն հետեւանքով մահացաւ 30 անձ։ Այս գործողութիւնն ալ կոչած էին «Վերադարձ դէպի կեանք»։ Այս վերջինն ալ նոյն աւանդութեան համաձայն կոչուեցաւ «Ձիթենիի ճիւղ»։ Համաշխարհային մարդկութեան համար ձիթենիի ճիւղը խաղաղութեան խորհրդանիշն է։
Կիպրական թերթ մը եղածը բնութագրեց «Կիպրոսէն ետք Թուրքիոյ երկրորդ արշաւը» խորագիրով։ Նախագահ Էրտողան շատ զայրացաւ այդ արտայայտութեան եւ հալածեց թերթի խմբագիրը։ Նոյն օր Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ դատախազներ իսկոյն շարժման անցան եւ այս կատարուածին դէմ արտայայտուող բազմաթիւ լրագրողներու, քաղաքական գործիչներու, ակադեմականներու կամ արուեստագէտներու ձերբակալութեան դիմեցին։ Ներկայ դրութեան մէջ խաղաղութիւն փառաբանելը համազօր է ահաբեկչութիւն քարոզելու։ Իշխանամէտ մամուլը իր էջերը լայն բացած է պատերազմ փառաբանողներու դիմաց։ Ազգայնական կուսակցութեան պետ Պահչելի կատաղի կերպով կը հրահանգէ՝ «Կործանեցէ՛ք քաղաքները, կոտորեցէ՛ք ձեր դիմաց ելլողը»։
Ի վերջոյ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը եւ Հրէից ռաբունապետը կը միանան այս արիւնարբու հարբածութեան հոսանքին, յաջողութիւն մաղթելով խաղաղ բնակիչներ կոտորող «ասկյար»ին։
Դժուար չէ կռահել, թէ որոշ շրջանակներ ճնշում բանեցուցած ըլլան Պատրիարքարանին, նման յայտարարութիւն մը ապահովելու համար։ Սակայն կը տեսնենք, թէ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքը ընթացք չէ տուած այդ ճնշումներուն։ Մնացած է իր վեհութեան մէջ։
Միայն սեփական երկիրը պաշտպանող զինուորն է օրհնութեան արժանի, այլ ո՛չ թէ ուրիշին երկիրը կործանելու գացողը։
Այս տողերը կը գրուին պատերազմի հինգերորդ օրին։ Չորրորդ օրուայ երեկոյեան լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդէին, թէ թրքական բանակը սկսած է ռմբակոծել նաեւ Քոպանիի մերձակայ գիւղերը։ Այն Քոպանին, որուն համար Էրտողան ըսած էր. «հա ինկաւ, հա կ՚իյնայ»։ Քոպանի չէր ինկած թշնամու ահռելի յարձակումին դիմաց եւ ի սպառ հանած էր Թուրքիոյ նախագահի երազը։ Իսկ Աֆրին միջազգային վերլուծաբաններու համաձայն Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն տիրած միակ վայրն էր։
Թող Քոպանիի, Ղամիշլիի, Հալէպի հայերը իմանան թէ Պատրիարքարանը իր այս յայտարարութեամբ կորսնցուցած է հայ ժողովուրդի անունով խօսելու յատկութիւնը։ Ապա թէ ոչ մենք այս ամօթով չենք կրնար ապրիլ։
pakrates@yahoo.com