Հաւաք փարոսի լոյսին ներքեւ

Ճիշդ է, վե­րեւի նկա­րի մէջ յայտնուող բազ­մութիւ­նը եւ անոր նման բազ­մութիւններ երկրի տարբեր քաղաքներու մէջ մէկտեղուած են «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցը սգալու։ Բայց սա լոկ սգահանդէս մը չէ, այլ յանուն արդարութեան պայքարելու վճռակամութիւն։ Հրանդ Տինք այլեւս անարդարութեան հասարակ զոհ մը չէ, այլ անարդարութեան դէմ պայքարի, դիմադրութեան դրօշը, ջահը, փարոսը։ Փարոս՝ որ կը լուսաւորէ Թուրքիոյ մէջ գործուած ու ապա խաւարի թողուած բազում ոճիրները, մեղքերը, յանցանքները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ