Կը շարունակուի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը

Թուրքիոյ զինեալ ուժերը եւ Սուրիոյ ազատ բանակը միասնաբար զինուորական գործողութեան ձեռ­նարկած են Աֆ­րին քա­ղաքի դէմ։ «Ձի­թենիի ճիւղ» անուանեալ գոր­ծո­ղու­թեան առ­թիւ նա­խագահ Էր­տո­ղան յայ­տա­րարեց, թէ եօթը կամ ու­թը նա­հատակ­ներ ար­ձա­նագ­րուած են։ Միւս կող­մէ զի­նեալ ու­ժե­րու յար­ձա­կումնե­րու հե­տեւան­քով մա­հացող­նե­րու թի­ւը կը գե­րազան­ցէ 250-ը։

Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Ռե­ճեփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան մի­ջոցէ մը ի վեր կը յայ­տա­րարէր Աֆ­րի­նի ուղղեալ զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան մը մեկ­նարկու­մին մա­սին։ Ար­դա­րեւ 20 Յու­նուար Շա­բաթ երե­կոյեան օդա­յին ու­ժե­րու յար­ձա­կու­մէն ետք Կի­րակի օր ցա­մաքա­յին ու­ժերն ալ խու­ժե­ցին սահ­մա­նի Սու­րիական ափը։

Աֆ­րի­նի բնակ­չութեան մե­ծամաս­նութիւ­նը քիւրտե­րէ կը բաղ­կա­նայ։ Տա­րածաշրջա­նը եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր Սու­րիական բա­նակի հա­կակշռին տակ կը գտնուէր։ 2012-ի ամա­ռուան ամիս­նե­րէ սկսեալ տա­րած­քի հսկո­ղու­թիւնը ան­ցաւ Քիւրտ ժո­ղովրդա­կան միաս­նութիւն (ՓԵՏ) կու­սակցու­թեան եւ անոր զի­նեալ խմբա­ւորու­մին՝ Ժո­ղովուրդի պաշտպա­նու­թեան միաւո­րումնե­րուն (ԵՓԿ)։ Իսկ Թուրքիա այդ զի­նեալ միաւո­րու­մը կը դա­տէ իբ­րեւ Քիւրտ բա­նուո­րական կու­սակցու­թեան (ՓՔՔ) մաս­նի­կը։

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րը բա­ցի Ժո­ղովուրդնե­րու ժո­ղովրդա­վարա­կան կու­սակցու­թե­նէն (ՀՏՓ) կը զօ­րակ­ցին իշ­խա­նու­թեան քա­ղաքա­կանու­թեան։

Զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան մեկ­նարկու­մէն ան­մի­ջապէս ետք բազ­մա­թիւ լրագ­րողներ եւ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ բեր­ման են­թարկուեցան ըն­կե­րային ցան­ցե­րի վրայ իրենց տա­րածած հրա­պարա­կումնե­րուն պատ­ճա­ռաւ։ Միւս կող­մէ աւե­լի քան 170 ան­ձեր, որոնց կար­գին Ֆէթ­հիէ Չե­թին, Ռա­քէլ Տինք, Զիւլֆիւ Լի­վանե­լի, Լա­լէ Ման­սուր Աֆ­րի­նի գոր­ծո­ղու­թիւնը իս­կոյն դադ­րեցնե­լու կոչ ընող նա­մակ­ներ ղրկե­ցին Ար­դա­րու­թիւն եւ զար­գա­ցում կու­սակցու­թեան (ԱՔՓ) պատ­գա­մաւոր­նե­րուն։

Նա­մակին մէջ նշուած էր, թէ երկրի սահ­մաննե­րը պա­հելու լա­ւագոյն մի­ջոցը հա­րեւան եր­կիրնե­րու հետ փո­խադարձ բա­րեկա­մու­թեան եւ բա­րի դրաց­նութեան կա­պերը ամ­րացնե­լով կա­րելի է։ «Անվտան­գութիւ­նը ո՛չ թէ մի­լիառ­ներ ար­ժող զէն­քե­րով, կամ պա­տանի զի­նուոր­նե­րու արեան գնով, բիւ­րա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րը անօ­թեւան դարձնող պա­տերազ­մով, այլ բա­նակ­ցութիւննե­րով եւ հա­մագոր­ծակցու­թիւնով կա­րելի է։ Մենք փոր­ձով գի­տենք, թէ այս հաս­տա­տու­մը իրա­ւացի է» ըսուած է նա­մակին մէջ։

Միւս կող­մէ երկրի փոք­րա­մաս­նութեան հա­մայնքներն ալ զօ­րակ­ցութիւն կը յայտնեն կա­տարուած գոր­ծո­ղու­թեան պատ­ճա­ռաւ։ Հա­մայնքա­յին հիմ­նարկնե­րու ներ­կա­յացուցչու­թեան ըն­կե­րային ցան­ցէն կա­տարուած յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշուած է, թէ հա­մայնքա­յին հիմ­նարկնե­րը յա­ջողու­թիւն կը մաղ­թեն «Ձի­թենիի ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նա­կից զի­նուոր­նե­րուն։ Հրէից ռա­բու­նա­պետը, հա­յոց եւ ասո­րինե­րու պատ­րիար­քա­րանը եւս ան­ջա­տաբար զօ­րակ­ցութեան պատ­գամներ հրա­պարա­կեցին, որոնց հա­մար հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հի բան­բեր Իպ­րա­հիմ Քա­լըն յա­տուկ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց ըսե­լով, թէ երկրի մե­ծագոյն ու­ժը կը գո­յանայ այս միաս­նութեան կամ­քէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ