Յառաջիկայ շաբաթ 29 եւ 30 Յունուար, 1 եւ 2 Փետրուար թուականներուն Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ պիտի կայանայ Հրանդ Տինքի սպանութեան հերթական դատավարութիւնը։ Այս շաբաթուայ դատական նիստին պիտի դատուին Տրապիզոնի ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան պաշտօնեաներ՝ Էօնտեր Արաս, Վոլքան Շահին, Ճեւաթ Էսեր, Իւնսալ Կիւրել, Ռէսուլ Քիւթիւքօղլու եւ Հաճը Էօմեր Իւնալըր։
Տինքի դատավարութեան շրջագծով կը դատուին 85 ամբաստանեալներ, որոնցմէ 11-ը ձերբակալուած են եւ 10 փախստական։
8 Դեկտեմբեր 2017-ին կայացող վերջին դատական նիստին ժանտարմաներ Պեքիր Եոքուշ, Էճեւիթ Էմիր, Էմրէ Ճինկէօզ, Հաճը Շերիֆ Շիմշեք եւ Շերեֆ Աթեշ ազատ արձակուած էին։