Փայլանի ի նպաստ դիմում Նոպելեան մրցանակին

Համշէնցի կանանց համաշխարհային միութիւնը «Համշէնուհի» Նոպելեան մրցանակի կարգադիր կազմին առաջարկած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի անունը, իբրեւ խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու։ Միութեան ատենապետուհի Սայտա Օհանեան այս դիմումը կը պատճառաբանէ հետեւեալ կերպով. «Փայլան տեղացի ժողովուրդին, կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը ստանձնած նուազ անձերէն մէկն է։ Տարբեր ազգային եւ կրօնական խմբաւորումներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան առումով իր ցանած սերմերը Թուրքիոյ ժողովուրդի մօտ շատ դրական հունձք կու տայ։ Բարեսիրտ բոլոր մարդիկ կնոջ իրաւունքներու եւ ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներու պաշտպան բոլոր հաստատութիւններուն կոչ կ՚ընենք Կարօ Փայլի զօրակցելու համար»։

Օհանեան կը յայտնէ թէ Նոպելի խաղաղութեան մրցանակի համար կարելի է անջատաբար դիմում կատարել Նոպելի յանձնախումբի մօտ։ Այս մասին վերջակէտն է 30 Յունուար 2018 թուականը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ