Սարգիս Հացպանեանի կանխահաս մահը

Քա­ղաքա­կան եւ հա­սարա­կական գոր­ծիչ Սար­գիս Հաց­պա­նեան Ֆրան­սա­յի Լիոն քա­ղաքին մէջ մա­հացաւ յետ անո­ղոք հի­ւան­դութեան։ Ատը­յաման­ցի եւ իս­քենտե­րունցի ծնող­նե­րէն աշ­խարհ եկած Սար­գիս Հաց­պա­նեան Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի ու­սումը աւար­տե­լէն ետք մեկ­նած էր Ֆրան­սա ու ապա Ղա­րաբա­ղի ազա­տամար­տին մաս­նակցե­լու հա­մար ալ ան­ցած էր Ար­ցախ։ Ան Ար­ցա­խի մէջ դար­ձաւ պա­տերազ­մի կա­րեւոր խորհրդան­շաննե­րէն մէ­կը։

Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­ղաքա­կան պատ­ճառնե­րով որոշ ժա­մանակ բան­տարկուելէ ետք ազատ ար­ձա­կուած եւ սկսած էր կրկին շա­րու­նա­կել իր քա­ղաքա­կան պայ­քա­րը։

Հի­ւան­դութեան պատ­ճա­ռով մի­ջոցէ մը ի վեր Ֆրան­սա­յի Լիոն քա­ղաքի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ դա­րմանում տես­նող Հաց­պա­նեան 20 Յու­նուար Շա­բաթ օր աւան­դեց իր հո­գին։ Լոս Ան­ճէ­լըսի Պոլ­սա­հայ միու­թիւնը մա­հէն կարճ ժա­մանակ առաջ այս ազ­գա­յին գոր­ծի­չին շնոր­հեց Հրանդ Տին­քի անուան ազա­տու­թեան ոգիի ու ար­դա­րու­թեան մե­տայլը։

Հաց­պա­նեանի ըն­տա­նեկան շրջա­նակ­նե­րէն ստա­ցուած տե­ղեկու­թիւննե­րու հա­մաձայն աճիւ­նը պի­տի փո­խադ­րուի Հա­յաս­տան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ