Թուրքիոյ ամենակնճռոտ ասպարէզներու կարգին կը թուի լրագրողութիւնը։ Երկրի պատմութիւնը կ՚արձանագրէ լրագրողներու ուղղեալ անհամար մահափորձեր։ Յունուար ամսուայ մէջ յիշեցինք Հրանդ Տինքը իր մահուան 11 ամեակին առթիւ։ Հրանդի տարելիցէն 11 օր առաջ կը յիշենք երիտասարդ լրագրող Մեթին Կէօքթեփեն։ Հազիւ հինգ օր անց այս անգամ ալ կը յիշատակուի մի ուրիշ այլախոհ լրագրող՝ Ուղուր Մումճու։
Թուրքիոյ մէջ հետազօտող լրագրութեան աւանդը սկսած էր իրմով։ Ան բացառիկ յաջողութեամբ եւ յարատեւ յամառութեամբ կը հետեւէր դէպքերուն եւ կը բացայայտէր առաջին հերթին աննկատ մնացած բազմաթիւ կառոյցներ։ Իր այդ ուսումնասիրութիւնները կը կազմէին գիրքերու բովանդակութիւն նաեւ։ Ան նշանաւոր դարձած էր 12 Մարտի զինուորական միջամտութեան շրջանին զուգադիպող իր ծառայութեան օրերուն յուշագրութիւնով՝ «Անպատեհ Յետնորդը»։ Այդ գործը աւելի ետք բեմադրուեցաւ եւ վայելեց մեծ ժողովրդականութիւն։ Ուսումնասիրած էր զէնքի եւ թմրեցուցիչ նիւթերու փախստականութեան ցանցերը եւ այդ ցանցերուն քաղաքական լարուածութենէ օգտուելով իրենց շուկան ընդլայնելու մանրամասնութիւնները։ Նոյնպէս պրպտած էր իսլամական աղանդներու երկրի վարչական համակարգին մէջ արմատներ թողելու եղանակները։ Այս բոլորը արդէն բաւական էին, որ Ուղուր Մումճու թիրախը դառնայ այդ նոյն յանցագործ շրջանակներուն։
Մումճու սպանութեան 25 ամեակին առթիւ յիշատակուեցաւ Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան կազմակերպած յատուկ միջոցառումով մը։