ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՍԱՅԼ

Բառ մը, որ հայոց ուրախութիւններուն (... եւ սոսկալի կորուստներուն)

բեռնատարը եղաւ

Եթէ հարցնէք, թէ ո՞ր փո­խադ­րա­միջոցն է, որ դա­րերու ըն­թացքին յօ­ժարե­ցաւ իր վրայ բեռցնել հայ ազ­գի ու­րա­խու­թիւններն ու խո­րագոյն վիշ­­տե­­­րը, պէտք է պա­­տաս­­խա­­­նել՝ սայ­­լը։ Այո, այդ գեղջկա­­կան, հա­­մեստ, փայ­­տա­­­շէն քա­­ռանի­­ւը։ Նե­­րեցէ՛ք, եթէ դուք կ՚ակնկա­­լէիք տար­­բեր մէկ պա­­տաս­­խան, ինչպէս՝ ինքնա­­շարժ կամ «լի­­մու­­զին»՝ սա՛յլն է մեր լեռ­­նաշխար­­հին հա­­րազատ կառ­­քը, ինչպէս նաեւ՝ ամե­­նէն քնա­­րակա­­նը՝ հա­­կառակ իր միապա­­ղաղ ճռնչիւ­­նին։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, տես­­նե­­­լու հա­­մար, թէ սայ­­լը եւ «սայլ» բա­­ռը սրտա­­կից եղած են մեր ազ­­գի ապ­­րումնե­­րուն հետ՝ պայ­­ծառ մէկ գի­­շեր պէտք է ճամ­­բորդել Մա­­սիս սա­­րի հիւ­­սիս արեւմտեան ստո­­րոտը՝ Իգ­­դիր նա­­հան­­գի Կողբ աւա­­նը։ Հոն սայ­­լա­­­պան Ցո­­լակը ձեզ կը սպա­­սէ։ Կող­­բի աղա­­հան­­քե­­­րէն Թիֆ­­լիս եր­­կա­­­րող «Աղի ճա­­նապարհ»ի այս սայ­­լորդը ճամ­­բայ ել­­լե­­­լու վրայ է։ Մի՛ վա­­րանիք։ Բարձրա­­ցէ՛ք սայլ ու անոր ծան­­րա­­­շարժ տա­­տանումնե­­րով ձե­­զի կը յայտնուի «սայլ»ի բնաշ­­խարհը։ Այս խորհրդա­­ւոր ու­­ղե­­­ւորու­­թեան ըն­­թացքին պի­­տի լսէք նաեւ քիչ մը Ալի­­շան՝ քիչ մը Վա­­րու­­ժան, քիչ մը Կո­­միտաս՝ քիչ մը Եսա­­յեան։

Հի­­մա կրնաք տես­­նել «սայլ»ին ծա­­գու­­մը։ Դժուար չէ։ Թա­­ղուե­­ցէք պար­­կե­­­րուն մէջ, ի՛նչ փոյթ, թէ աղով լե­­ցու­­ցած ու կարծր են։ Ձեր ձեռ­­քե­­­րը գլու­­խին բարձ ըրած՝ դի­­տեցէք հիւ­­սի­­­սային երկնա­­կամա­­րի եր­­կու հա­­մաս­­տե­­­ղու­­թիւննե­­րը՝ Մեծ ու Փոքր ար­­ջե­­­րը։ Անոնց դա­­սական անո՛ւնն է «սայլ»։ Փռիւ­­գե­­­րէն փո­­խառու­­թիւն մը։ Կու գայ satilla բա­­ռէն, ար­­մա­­­տը՝ satini, մար­­տա­­­կառք։ Հ. Ղե­­ւոնդ Ալի­­շանը «Հին Հա­­ւատք կամ Հե­­թանո­­սական Կրօնք Հա­­յոց» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ պատ­­մած է, թէ այդ եօթը աստղե­­րը նման են կառ­­քի չորս անիւ­­նե­­­րուն եւ ու­­նին ղե­­կի ձե­­ւով շա­­րուած երեք աստղ։ Անոնք երկրա­­գոր­­ծե­­­րուն ծա­­նօթ էին որ­­պէս Սայլ, Սայլք եւ Սայ­­լա­­­թափ։

Արաք­­սը անցնե­­լով կը մտնենք Երուան­­դա­­­շատ։ Ախու­­րեանի ձախ ափով պի­­տի ուղղուինք Բա­­յան­­դուր՝ հաս­­նե­­­լու հա­­մար Ալեք­­սանդրա­­պոլ։

- Ցո­­լա՛կ, երգ մը չեր­­գե՞ս մե­­զի հա­­մար։

- Եր­­կար ժա­­մանակ առաջ չէր, որ Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետը եկաւ մեր գիւ­­ղը, եր­­գե­­­ցի, ձայ­­նագրեց։ Մեծ պա­­տիւ ըրաւ ու եր­­գը անուանեց «Սայ­­լի երգ՝ Իգ­­դի­­­րի»։ Ցո­­լակը կ՚եր­­գէ ծանր ու ազատ չա­­փով, «Տէ թոլ արա, գո­­մէշ ճան, տէ թոլ արա աղ­­բեր ճան...», ու միտ­­քե­­­րու մէջ կ՚արթննան սայ­­լօ­­­րօր պատ­­մութիւններ։

«Սայլ»ը ազ­­նիւ է։ Ան մեր լե­­զուին պար­­գե­­­ւեց յի­­սու­­նի չափ բառ. սայ­­լա­­­շէն, իշա­­սայլ, գոմ­­շա­­­սայլ, սայ­­լա­­­թոռ, սայ­­լա­­­կերպ, սայ­­լա­­­փոկ, սայ­­լա­­­թեւ, սայ­­լա­­­տուն, ծած­­կա­­­սայլ, սայ­­լա­­­գործ, սայ­­լա­­­բարձ, բեռ­­նա­­­սայլ... Ապա եկան ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «Սայլ քա­­շել» շատ ծանր աշ­­խա­­­տանք կա­­տարել, «Սայ­­լի հին­­գե­­­րորդ անիւ» բո­­լորո­­վին աւե­­լորդ անձ, «Սայ­­լը տե­­ղէն չշար­­ժիլ» գոր­­ծը չյա­­ջողիլ, ու բո­­լորիս ծա­­նօթ՝ «Սայ­­լը եզ­­ներ»ն (ձիէն, լծա­­կէն) առաջ դնել։ Տե­­ղանուն ալ դար­­ձաւ. Կար­­նոյ Խնուս գա­­ւառա­­կի Սայլւո­­րի գիւ­­ղը։ Ս. Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին դան­­դաղ ըն­­թացք եւ հան­­դի­­­սաւոր տրա­­մադ­­րութիւն ու­­նե­­­ցող Յա­­րու­­թեան տա­­ղի մը վե­­րածեց սայ­­լը, որուն նստած էր Քրիս­­տո­­­սը։ Այդ սայ­­լը, որ ու­­նէր ոս­­կե­­­ղէն գա­­հոյք, ար­­ծա­­­թէ սա­­միներ, մար­­գարտեայ փո­­կեր եւ սա­­թէ եզ­­ներ՝ վեց­­թե­­­ւեան սե­­րով­­բէ­­­ներով, բազ­­մա­­­չեայ քե­­րով­­բէ­­­ներով, եր­­գե­­­րով եւ սաղ­­մոսնե­­րով մտաւ Երու­­սա­­­ղէմ. «Սայլն այն իջա­­նէր ի լեռ­­նէն ի Մա­­սեաց...ի Մա­­սեաց յաջ կող­­մա­­­նէն՝ ճռնչա­­լով գայր մտա­­նէր յԵ­­րու­­սա­­­ղէմ»։ Խրի­­մեան Հայ­­րի­­­կը ինչպէ՞ս չյի­­շէր սայ­­լը։ «Պա­­պիկ եւ Թոռ­­նիկ»ի մէջ մանր-մանր պատ­­մեց սայ­­լին կա­­տարած բա­­րի գոր­­ծը։ Նոր ոտ­­քի ել­­լող երե­­խանե­­րու հա­­մար ալ ու­­նե­­­ցանք՝ սայ­­լակ. «Ման­­կան քայ­­լե­­­լուն նպաս­­տե­­­լու հա­­մար պա­­պը մի երե­­կոյ այդ քա­­ռանիւ սայ­­լա­­­կը շի­­նեց, որ փոք­­րիկ Սա­­րիկը հրե­­լով յա­­ռաջ տա­­նի ու սո­­վորի ոտք կո­­խել», Անա­­հիտ Սա­­հինեան։ Մեր սայ­­լը, ըստ երե­­ւոյ­­թին, ու­­նէր արուես­­տա­­­գէտի հո­­գի՝ ու ան դար­­ձաւ նկար, Յա­­րու­­թիւն Շամ­­շի­­­նեանի «Սայ­­լը բա­­կում» եւ «Ձիով սայ­­լը» ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը։

- Ցո­­լակ, ի՞նչքան աղ կը փո­­խադ­­րեն սայ­­լա­­­շարե­­րը։

- Տա­­րեկան ութսուն հա­­զար թոն էր։ Շատ բա­­նուկ էր մեր սայ­­լուղին։ Բայց, որ հի­­մա կայ Թիֆ­­լիս-Երե­­ւան եր­­կա­­­թու­­ղին, գոր­­ծե­­­րը շատ նուազե­­ցան։

Սայ­­լը բնիկ հայ­­կա­­­կան է։ Սե­­ւանի աւա­­զանին, Լճա­­շէնի մէջ յայտնա­­բերած են պրոնզդա­­րեան քսան սայլ։ Ազ­­գագրա­­գէտ եւ հնա­­գէտ Եդուարդ Լա­­լայանն ալ պե­­ղած էր հա­­զուա­­գիւտ սայլ մը։ Երեք հա­­զարա­­մեակ, հայ­­րե­­­նի բաց եր­­կինքի տակ, ամէն դաշ­­տի վրայ, ամէն ձո­­րի մէջ ան­­դա­­­դար ճռնչաց մեր հա­­ւատա­­րիմ սայ­­լը։ Բայց եղան վատ օրեր։ Երբ կար­­ծե­­­ցինք, թէ հա­­յոց սայ­­լը հեզ ու հան­­դարտ կը շար­­ժի, կու­­տա­­­կուե­­ցան չա­­րաշուք ամ­­պեր ու տա­­պալե­­ցին զայն։ 1048-1049 թուական­­նե­­­րուն երբ Սել­­ճուք պե­­տու­­թեան հիմ­­նա­­­դիր Տուղրու­­լը ար­­շա­­­ւեց Հա­­յաս­­տա­­­նի վրայ, Օր­­մա­­­նեան ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսի խօս­­քե­­­րով՝ «Ահա­­գին կո­­տորած մըն ալ կա­­տարեց Արծն քա­­ղաքի մէջ... Եկե­­ղեցի­­ներէ կո­­ղոպ­­տուած հարստու­­թիւննե­­րը, 800 վեց­­կի­­­ներու, այ­­սինքն վեց եզով լծուած սայ­­լե­­­րու բեռ եղած կ՚ըսուի»։ 1795 թուակա­­նին երբ Պարսկաս­­տա­­­նի Աղա Մո­­համետ շա­­հը պի­­տի յար­­ձա­­­կէր Երե­­ւանի վրայ, Ղու­­կաս Կար­­նե­­­ցի կա­­թողի­­կոսը զգա­­լով վտան­­գը, 21 սայ­­լով Էջ­­միածի­­նէն հե­­ռացուց Մայր Աթո­­ռի գան­­ձե­­­րը։ Սա­­կայն, օր մը պա­­տահե­­ցաւ ամե­­նէն սոս­­կա­­­լին։ Ազ­­գին հե­­րոս զա­­ւակ­­նե՛րը դար­­ձան սայ­­լին ան­­շունչ բե­­ռը։ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը «Ար­­կայծ ճրագ» քեր­­թուածին մէջ նկա­­րագ­­րեց այդ սրտաճմլիկ տե­­սարա­­նը.

Բայց... սայ­­լին վրայ արի՞ւն եւ սո՞ւգ բեռ­­ցեր են...

Հա՚րս, ճրա­­գը աս­­դի՛ն եր­­կա­­­րէ։

Հե­­րոս տղաս հոն զար­­նուա՜ծ է սրտէն.-

Ա՜խ, հա՚րս, ճրա­­գըդ մա­­րէ՜...

Սայ­­լը դա­­գա՞ղ, սայ­­լը բան՞տ... Այդ մէկն ալ տե­­սանք։ Զա­­պէլ Եսա­­յեանի Կի­­լիկեան յու­­շագրու­­թիւննե­­րու սրտա­­ռուչ էջե­­րէն ներս՝ սայ­­լը չէր, որ կը ճռնչար, այլ՝ հայ ժո­­ղովուրդը. «Սայ­­լը մի­­ջոց մը կը կե­­նայ... Հե­­ռաւո­­րու­­թեան մէջ, աւե­­րակ­­նե­­­րու ըն­­դարձակ տա­­րածու­­թիւն մը կ՚երե­­ւայ. Ին­­ճիրլիք գիւղն է, գետ­­նի հա­­ւասար եղած», «Սայ­­լին մէջ հայ բան­­տարկեալ­­նե­­­րը նստած էին եր­­կու շար­­քի վրայ», «Սայ­­լը թա­­ւալե­­լով կը հե­­ռանար Տէօրթ Եօլի այն թա­­ղէն, որ պատ­­նէշնե­­րէն դուրս գտնուելով աւեր­­ման են­­թարկուած էր»…

Լաւ օրե­­րուն սայ­­լը երե­­խանե­­րուն բե­­րաւ ու­­րա­­­խու­­թիւն եւ... պաղ­­պա­­­ղակ. «Նեղ փո­­ղոց­­նե­­­րով… հա­­զիւ է անցնում պաղ­­պա­­­ղակ վա­­ճառո­­ղի սայ­­լա­­­կը», Ակ­­սել Բա­­կունց։ Նեղ փո­­ղոց­­նե­­­րուն եւ սայ­­լե­­­րուն ակ­­նարկեց նաեւ Ռու­­բէն Տէր-Գաս­­պա­­­րեանը։ «Շու­­շի քա­­ղաքը» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ գրեց. «Գլխա­­ւոր Երե­­ւանեան փո­­ղոցը... այնքան նեղ է, որ նրա վրա­­յով միաժա­­մանակ եր­­կու սայլ հա­­զիւ կա­­րողա­­նային անցնել»։

Կ՚անցնինք Բա­­յան­­դուրը, կը մտնենք Ալեք­­սանտրա­­պոլ։ Պէտք է իջ­­նել։ Հարսնի­­քի մը պի­­տի մաս­­նակցինք։ Իսկ Ցո­­լա՞կը։ Ան կը հե­­ռանայ ու­­րախ եր­­գի ցայտք մը ձգե­­լով իր քա­­մակէն.

Կող­­պա էլան սե­­լերը, կտրաւ հո­­գուս թե­­լերը։

Կա­մաց քշէք սե­լերը, կապեմ չուլկուս թելերը։