ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Ինչպէս անցնող տասը տարիներուն այս տարի Հրանդ Տինքի մահուան 11-րդ տարելիցին կրկին անգամ կը հարկադրուի ճամբորդել քաղաքէն դուրս։ Առաջին տարիներուն բծախնդրութեամբ կը մերժէի 19 Յունուարի համար եղած հրաւէրները։ Այդ օր չէի ուզեր քաղաքէն հեռու մնալ չէ որ յիշատակման մեծագոյն միջոցառումը պիտի կայանար մեր խմբագրատան մուտքին ու ես իբրեւ «Ակօս»ի աշխատող տան տիրոջ հանգամանքով պէտք էր մնայի իմ տեղը։ Իսկ նախորդող եւ յաջորդող օրերը կրնայի ընթացք տալ կատարուած հրաւէրին։ Այդ հրաւէրներու առումով երբեք ընտրութիւն չեմ ըրած։ Նախապատուութիւն չեմ տուած այս կամ այն կազմակերպութեան։ Միշտ ընդառաջած եմ աւելի կանուխ դիմողի պահանջարկին։ Այս առթիւ վերջին տասը տարիներուն կը շրջիմ, թէ Թուրքիոյ, թէ Եւրոպայի եւ թէ Միջին Արեւելքի քաղաքները։
Բոլոր այս ճամբորդութիւններուն մէջ մեր ամենայաճախակի այցելած երկիրը եղաւ Գերմանիա։ Այս երկրին մէջ կարեւոր թիւ կը կազմէ Թուրքիայէն գաղթած այլախոհներ, որոնք գերզգայուն են Հրանդ Տինքի յիշատակի նկատմամբ։ Բացի այդ գերզգայուն են նաեւ Հրանդին տարած արդարութեան պայքարին հանդէպ։ Անոնց մէջ կը հանդիպինք քիւրտերու, քըզըլպաշ ալեւիներու եւ թուրքերու։
Այս տարի դարձեալ ճամբաները մեզ տարին դէպի Գերմանիոյ Նիւրնպերկ, Միւնիխ, Պերլին եւ Քէօլն քաղաքները։ Այս վերջինը հարազատներու այցելութեան համար միայն։
Հրանդ Տինքի յիշատակման ձօնուած այս տարուայ միջոցառումը ուրիշ երեւոյթով մըն ալ եզակի էր։ Առաջին անգամ հայր ու որդի միասին զեկուցեցինք Նիւրնպերկի մէջ։ Միջոցառումը կը կայանար քաղաքապետարանի պատկանող շէնքի մը մէջ, որուն մուտքի պարտէզին յիշատակման ծառ մը տնկուած էր ձօնուած Հրանդ Տինքին։ Արդարեւ միջոցառումը սկսաւ այդ ծառին ներքեւ, Նիւրնպերկի հայ համայնքի երիտասարդ հոգեւոր հովիւ Տէր Այգիկ քահանայի արտասանած «Տէրունական Աղօթք»ով ու «Հոգւոց»ով։ Ապա միջոցառումը շարունակուեցաւ դահլիճին մէջ երաժշտական կատարումներով եւ Թուզլայի ճամբարին մէջ նկարահանուած «Ծիծեռնակի Բոյնը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեամբ։ Այս ցուցադրութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ բեմադրիչը՝ Շեհպալ Շենյուրթ։
Ես բնութագրեցի յետ եղեռնեան տարիներուն թրքահայութեան ընկերահոգեբանական համայնապատկերը, որուն մէջ ձեւաւորուած էր Հրանդ Տինքի կերպարը, իբրեւ այլախոհ համայնավար գործիչ։ Իսկ Վարդան իր կարգին ներկայացուց Հրանդի մահուան յաջորդող ժամանակահատուածին մէջ հայ երիտասարդութեան որդեգրած ուղին։ Բազմաթիւ երիտասարդներ այդ ոճիրով ձերբազատուեցան պատանութեան թելադրած անհոգ ու անտարբեր հոգեվիճակէն եւ փորձեցին պարտականութիւն վերցնել իրենց տուրքը հատուցելու համար Հրանդի նման նուիրեալ գործիչի մը յիշատակին։
Վարդան իր զեկոյցը աւարտեց նկարագրոլով բաւական յոռետես պատկեր մը։ Ցաւալին այն է, որ Վարդանի այդ բնութագրումը ամբողջովին կը համապատասխանէ աւանդական այն հաստատումին, թէ «այս երկիրը մարդ չըլլար»։ Խորգին մէջ ինծի ու ինձ նմաններուս համար դժուար է ձայնակցիլ այս համոզումին։ Մենք մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորած էինք Հրանդ Տինքի «մենք դժոխքը դրախտի վերածելու ձգտողներն ենք» պատգամը։ Իսկ այսօր նոր սերունդը այլեւս յոյսը կտրած կը փորձէ երկրէ դուրս դրախտ մը յայտնաբերել եւ կեանքը այդ դրախտին մէջ շարունակել։ Մեղադրել կարելի չէ։ Արդարեւ հարց ու պատասխանի երկար բաժին մըն ալ բոլորելով, երբ իջանք բեմէն, մեզ շրջապատողներու մեկնաբանութիւնը ուշագրաւ էր։ Զիս կը շնորհաւորէին «լաւ» խօսքերու համար, իսկ Վարդանը «ճիշդ» խօսքերու։
Նիւրնպերկի մէջ մեր մասնակցած միջոցառման հետ նոյն ժամերուն Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ ալ կը կատարուէր Հրանդ Տինքի յիշատակման ձօնուած քանի մը միջոցառումներ։ Պոլիսէն ժամանած «Ոմանք» եւ Փարիզէն ժամանած «Մեծ Բազար» երաժշտական խումբերը ելոյթ կ՚ունենային բազմութիւններու դիմաց, որոնք մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէին ներկայացուած երաժշտութեան։ Նոյն միջոցառումներուն ցուցադրուեցան նաեւ Հրանդ Տինքի հետ առնչուած վաւերագրական ժապաւէններ եւ զանազաններ ելոյթներ ունեցան։ Մենք Քէօլնի մէջ առիթը ունեցանք Ճան Տիւնտարի բեմադրուած ելոյթը «Եութուպ» ի միջոցաւ դիտելու։ Բաւական լաւ պատրաստուած խնամեալ բեմադրութիւնով մը հանդէս եկաւ Ճան Տիւնտար, որ իր խօսքերուն մէջ վարպետօրէն մէջբերած էր Հրանդ Տինքի գրութիւններէն հատուածներ։
Նիւրնպերկեան միջոցառումէն ետք ուղղուեցանք Պերլին, ուր մեզ շրջապատեցին նախորդ տարուայ այցելութիւնով բարեկամացած ընկերներ։ Առիթը ունեցանք «Ոմանք»ի ու «Մեծ Բազար»ի տղոց հետ մէկտեղուելու ընթրիքի սեղանի մը շուրջ։ Այս բնոյթի հանդիպումները երկրի կարօտը յագեցնելու առիթ մըն է իրենց համար, որուն այնքան պակասը կը զգան։ Իսկ մենք բարի նախանձով կը դիտենք իրենց իբրեւ սփիւռքի տարրեր կազմակերպուածութիւնը։ Ընդհանրացնելէ խուսաբինք ու գոհանանք միայն մեր ծանօթացածներով այս հաստատումները ընելու։ Կը տեսնենք, որ յաջողապէս համակերպած են իրենց ներկայ պայմաններուն, նախաձեռնած են զանազան աշխատութիւններու եւ աւելի կարեւորը սերտ կապեր հաստատած են տեղական իշխանութիւններու հետ։ Կ՚օգտուին պետութեան ընձեռած մշակութային եւ ընկերագիտական տարբեր բնոյթի կարելիութիւններէն։ Տիրացած են միութիւններու, որոնք կը նպաստեն գաղութի մէկտեղման։ Ափսոսանքով կը նկատենք, որ նոյն քաղաքներու հայ հասարակութիւնները շատ աւելի չէզոք եւ ընդունակ դիրքի մէջ են։ Մանաւանդ երբ կը յիշենք, թէ նոյն ժողովուրդի զաւակները հազիւ հարիւր տարի առաջ իրենց նորարարութիւններով կը ողողէին այդ քաղաքներու ընկերային կեանքը։ Արդարեւ խիստ սահմանափակ են ոչ հայերու կազմակերպած 19 Յունուարի կամ 24 Ապրիլի յիշատակման միջոցառումներուն մասնակցող հայերուն թիւը։
Տակաւին չէ աւարտած Հրանդ Տինքի ոգեկոչման ձօնուած միջոցառումները եւ մենք այդ շրջագծով այս շաբաթավերջին կ՚այցելենք Իզմիր, ներկայ գտնուելու համար այստեղ կազմակերպուած միջոցառման։