ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
Հրանդ Տինքի յիշատակման համար Քէօլն գտնուած օր, 20 Յունուարին հասաւ Սարգիս Հացպանեանի մահուան գոյժը։ Յունուարի խաւարը քիչ մը աւելի մթագնեց այս լուրով։ Մուսթաֆա Սուփհի, Մեթին Կէօքթեփէ, Այշէնուր Զարաքօլու, Հրանդ Տինք եւ վերջապէս Սարգիս Հացպանեան։ Բոլորն ալ Յունուարի հունձք։ Չեմ սիրեր Յունուար ամիսը։
Որքան կեանքով լեցուն էր Սարգիսը 2016-ին։ Ինք, ես ու Ռեճեփ Մարաշլը հետաքրքրական եռեակ մը կազմած «թուրք մը, հայ մը եւ քիւրտ մը կը խօսին 1915-ի մասին» խորագրեալ շրջագայութիւն մը կատարած ենք Պերլին, Ֆրանքֆուրթ եւ Ալմելօ այցելելով։
Սարգիս ոչ միայն լաւ ատենախօս մըն էր, այլ լաւ ասմունքող մը։ Այդ հանդիպումներուն Սիամանթոյի բանաստեղծութիւն մը կ՚արտասանէր երեք լեզուներով։ Իր ասմունքը շատ աւելի խոր տպաւորութիւն կը ստանար հայ երաժշտութեան վարպետ նուագածուներու մասնակցութեամբ։
Որուն միտքով կ՚անցնէր, որ այդ շրջագայութիւնը հրաժեշտ մըն էր նաեւ։
Ինչպէս բոլոր պատահարներու դէմ, նոյնպէս այդ վատանուն հիւանդութեան դէմ ալ ընդմիշտ պայքարեցաւ բարձր տրամադրութեամբ։ Այնպէս ինչպէս ըրած էր Այշէնուր Զարաքօլու կամ Իպրահիմ Սեւիմլի։
2001-ին տխուր ճամբորդութիւն մըն էր, որ կը կատարէի դէպի Վենետիկ։ Այշէի մահուան թուականէն՝ 28 Յունուարէն մէկուկէս ամիս առաջ Վերոնա քաղաքը իրեն շնորհած էր խղճի մետալ մը, բայց ինք ճամբորդելու կարողութիւն չունէր։
16 Տարի անց 2017-ի Նոյեմբերի վերջերուն տխուր ճամբորդութիւն մը կատարեցի այս անգամ դէպի Լիոն, Սարգիսի կրտսեր քրոջ ու զարմիկներուն հետ։ Թէեւ գործողութիւնը անյաջող էր, բայց Սարգիս աղէկ կ՚երեւար։
Ինչ ծրագիրներ, ինչ երազանքներ ունէինք, որոնց իրականացումը սրտանց կը ցանկայինք։ 19 Դեկտեմբերին պիտի սկսէր դեղադարմանումի նոր շրջանը, բայց մենք նախապէս 14 Դեկտեմբերին պիտի ճամբորդէինք դէպի Լոս Անճէլըս։
Պոլսահայ միութիւնը, որուն կազմին մաս կը կազմեն նաեւ Սարգիսի Դպրեվանքէն ընկերները, որոշած էին իրեն շնորհել Հրանդ Տինքի անունը կրող ազատութեան մետալը։ Այդ լուրը որքալ ուրախացուցած էր զինք։ Բայց երբ առողջութիւնը վատացաւ մետալի տուչութիւնը կատարուեցաւ Լիոնի հիւանդանոցին մէջ։ Նախքան այդ, Գերմանիոյ մէջ խարսխած Հակացեղասպաններու միութեան ատենապետ Ալի Էրտեմի միջոցաւ իրեն յանձնուած էր միութեան պատուոյ գիրը։
2016-ի մեր շրջագայութեան միջոցին Քէօլնի մէջ այցելած էինք նաեւ Սարգիսի հօր՝ Գէորգ Հացպանեանի շիրիմը։ Գէորգ եւս համայնավար մըն էր, անդամակցած էր Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան եւ հերոսաբար պայքարած էր Իսքենտերունի հայոց գերեզմանատան բռնագրաւման դէմ։
12 Սեպտեմբերի զինուորական բռնակալութեան դէմ Անգարա, Էսենպողայի Օդակայան կատարուած յարձակումը պատրուակելով Գէորգ Հացպանեան եւս բերման ենթարկուած եւ տանջանքներու մատնուած էր։
Ցեղասպանութեան նոր փորձ մը կանխելու համար մեկնարկած Ղարաբաղեան դիմադրութեան Սարգիս եւս մասնակցած էր բազմաթիւ համայնավարներու կողքին։ Ան ստանձնած էր խաղաղ բնակիչներու անվտանգութիւնը ապահովելու խիստ կարեւոր պարտականութիւնը։ Այդ պարտականութեան մէջ Ատրպէյճանցի տարեց կնոջ մը զինք գրկած նկարը կռուի խորհրդանշաններէն մէկը դարձած էր։
Որպէս Ղարաբաղեան դիմադրութեան մասնակից, Սարգիս կը վայելէր Արցախի ժողովուրդի համակրանքը։ Անցեալ տարի օրակարգի եկած էր տեղւոյն քաղաքական կեանքի մէջ կարեւոր պաշտօն մը ստանձնելու վարկածը։
Հացպանեան իր այլախոհ կեցուածքին պատճառաւ երեք տարի բանտարկուեցաւ Երեւանի մէջ։ Կոչ ըրած էի զինք ազատ թողելու համար։
2011-2012 թուականներուն, երբ ես բանտարկուած էի այս անգամ Սարգիսն էր, որ իմ ազատութեան համար արշաւներ կը կազմակերպէր։
Ազատ արձակուելէ ետք միջոց մը ենթարկուեցաւ երկրէն արտաքսուելու սպառնալիքին։ Ապա Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով իրեն շնորհուեցաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւնը։
Սարգիս միշտ զօրակցած էր «Պելկէ» հրատարակչատան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կամուրջ մը գոյացնելու հեռանկարին։
Անոր բարոյական ներկայութիւնը միշտ մեզի հետ պիտի ըլլայ, ինչպէս որ Ռոզան ըսած էր՝ «կայինք, կանք ու պիտի ըլլանք»։