Ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի դարձեալ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինք զանազան միջոցառումներով կը յիշատակուի իր մահուան 11-րդ տարելիցի առթիւ։ Իսթանպուլի մէջ դարձեալ հաւաք պիտի կայանայ իր սպաննուած տեղի վրայ եւ ժամը 15.00-ին ներկայ գտնուողներ յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն Հրանդ Տինքի համար։
Այդ օր նման մամլոյ յայտարարութիւններ եւ յարգանքի լռութեան պահեր պիտի կայանայ գլխաւորութեամբ բացի Անգարայէ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։
Նոյն օր Անգարայի մէջ պիտի կայանայ ասուլիս մը «Հրանդ Տինք կ՚ապրի ժողովուրդներու հասարակած պայքարին մէջ» խորագիրով։ Այս ասուլիսին պիտի մասնակցին ծանօթ գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեան, բանաստեղծ եւ գործիչ Մեհմետ Էօզէր, Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան պատգամաւոր Միթհատ Սանճար եւ Հիւլիա Տեւեճի։ Անգարայի մէջ 20 Յունուարին եւս ասուլիս մը կազմակերպուած է, որուն կը մասնակցին իրաւաբան Էրտալ Տողան, թերթիս աշխատակից Պասքըն Օրան, Ֆիքրեթ Պաշքայա, Իսմայիլ Պեշիքճի, Քատիր Ճանկըզպայ, Թեմել Տեմիրէր եւ Թիւլայ Հաթիմօղուլլարը։
21 Յունուար Կիրակի օր, Իսթանպուլ Քալամըշի մէջ ալ պիտի կայանայ ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ դարձեալ ձօնուած է Հրանդ Տինքի յիշատակին։
Գերմանիոյ մէջ այս տարի եւս զանազան միջոցառումներ կը կազմակերպուին Հրանդ Տինքը արժանի կերպով ոգեկոչելու համար։ այս առթիւ Գերմանիոյ Պատըն Կութենպերկ քաղաքի հայ համայնքը 21 Յունուար Կիրակի օր, ժամը 13.00-ին Լութերական եկեղեցւոյ մէջ Հոգեհանգստեան պատարագով մը կը յիշատակէ Հրանդ Տինքը։ Այս միջոցառումին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ գերմանահայ մտաւորական Ռաֆֆի Քանդեան։
Համպուրկի Սեն Փեթրի եկեղեցւոյ մէջ 19 Յունուարի երեկոյեան կայանալիք յիշատակման հանդէսին կը հովանաւորէ Ռոզա Լիւքսեմպուրկ հիմնարկը, Համպուրկի ալեւի միութիւնները եւ Միջազգային ներման կազմակերպութիւնը։ Թուրքիայ-Գերմանիա մշակոյթի ֆորումը 20 Յոնուարին Քէօլնի մէջ կը կազմակերպէ նման բնոյթով միջոցառում մը, որուն այս անգամ կը մասնակցին հանրածանօթ վիպագիր Ասլը Էրտողան, Ճեմ Էօզտեմիր, Ռաֆֆի Քանդեան, Ճելալ Պաշլանկըչ, Կիւնթեր Վալրաֆ եւ Ռակըպ Զարաքօլու։Իսկ 19 Յունուարին Նիւրնպերկի մէջ ելոյթ կ՚ունենան թերթիս աշխատակիցներէն Բագրատ եւ Վարդան Էսդուգեաններ, Շեհպալ Շենյուրթ, Հապիպ Պեկթաշ եւ Մարիա Եահութեան։
19 Յունուարին դարձեալ այս անգամ Պեռլինի Կորքի թատրոնին մէջ կը կայանայ «Հրանդ Տինքը ըմբռնել» խորագիրով միջոցառում մը ծանօթ լրագրող Ճան Տիւնտարի մասնակցութեամբ։ Այս միջոցառման կը մասնակցին նաեւ փարիզահայ «Քոլեկթիւ մեծ պազար» եւ Պոլիսէն ժամանած «Ոմանք» երաժշտական խումբերը։