Հրաչեայ Աճառեանի վերադարձը Սամաթիա

Հայա­գիտու­թեան հսկա­ներուն առաջ­նա­կարգ անուննե­րէն է Հրա­չեայ Աճա­ռեան։ Ծնած է Սա­մաթիա, աւար­տած է Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանը ու բարձրա­գոյն ու­սումը շա­րու­նա­կած է Փա­րիզ։

Ճա­շակած է Ստա­լինեան բռնա­տիրու­թեան ահ­ռե­լի ճնշումնե­րը։ Իր գրա­կան ու գի­տական վաս­տա­կը հայ լե­զուա­գիտու­թեան մե­ծագոյն աւան­դը կը հա­մարուի։ Սա­մաթիա Սուրբ Գէորգ Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թիւնը խիստ գո­վելի նա­խաձեռ­նութիւ­նով մը որո­շեց դրուատել Մեծն Աճա­ռեանի վաս­տա­կը։ Այդ նպա­տակաւ քա­ղաքս հրա­ւիրե­լով իր թո­ռը Հրա­չեայ Աճա­ռեան։ Ար­դա­րեւ 16 Յու­նուար Երեք­շաբթի երե­կոյ Սա­մաթիոյ եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին գտնուող եւ Հրա­չեայ Աճա­ռեանի անու­նը կրող սրա­հին մէջ յի­շատա­կուե­ցաւ մեծ գիտ­նա­կանը։

Ներ­կա­ներուն մէջ կը գտնուէր Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ բազ­մա­թիւ հո­գեւո­րական­նե­րու կար­գին քա­ղաքիս հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի վի­ճակա­ւոր ար­հիապա­տիւ Տէր Լե­ւոն Արք. Զե­քիեան եւ բազ­մա­թիւ թա­ղեցի­ներ։

Պատ­րաստուած էր խնա­մեալ յայ­տա­գիր մը յատ­կա­պէս մեր դպրոց­նե­րէ ներս կա­րեւոր վաս­տակ ու­նե­ցած թա­տերա­գէտ Արամ Կոս­տա­նեանի եւ Սա­հակեան Վար­ժա­րանի ու­սուցիչ­նե­րու ջան­քե­րով։

Այս առ­թիւ ելոյթ ու­նե­ցաւ Հրա­չեայ Աճա­ռեան, որ խօ­սեցաւ յատ­կա­պէս իր մեծ հօր ծննդա­վայր թա­ղի մա­սին յու­շե­րուն շուրջ։ Իս­կա­պէս Հրա­չեայ Աճա­ռեան իր յու­շագրու­թեան մէջ ալ բա­ւական ըն­դարձակ տեղ տուած է Սա­մաթիա թա­ղի վառ պատ­կե­րին, բնու­թագրե­լով անոր ըն­կե­րահո­գեբա­նական առանձնա­յատ­կութիւննե­րը։ Նոյ­նիսկ Աճա­ռեանի այս բնոյ­թի վկա­յու­թիւննե­րը կը հաս­նին մին­չեւ իր ու­սա­նողու­թեան տա­րինե­րուն հե­ռաւոր քա­ղաք­նե­րուն մէջ։

Ինչպէս վե­րեւ ալ նշած ենք Հրա­չեայ Աճա­ռեանի կեն­սագրու­թեան մէջ ալ կը հան­դի­պինք Ստա­լինեան բռնա­տիրու­թեան տա­րինե­րուն հայ մտա­ւորա­կանու­թեան մատ­նուած տա­ռապանքնե­րու վառ օրի­նակին։ Ինչպէս ներ­գաղթին յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն, նա­խոր­դող տա­րիներն ալ խիստ դաժան եղած են հայրենակարօտ հայորդիներու իրենց հայրենիքը համարած երկիր վերադարձը։ Արդարեւ Հրաչեայ Աճառեանին ալ վիճակած է Սիպիրի սարսափը, որոնց մասին բաւական տպաւորիչ յիշատակներ փոխանցեց կրտսեր Հրաչեայ Աճառեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ