ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
6Փետրուար 2006 առաւօտ, մեծ յուզումով կը մտնեմ «Ակօս»ի դռնէն։ Պարոն Հրանդին իմաց կու տան։ Կու գայ նրբանցքին վրայ կը դիմաւորէ զիս։ Միասնաբար կ՚ուղղուինք Պարոն Սերովբանին սենեակը։ «Այստեղ Պարոն Սերովբանի հետ պիտի աշխատիս» կ՚ըսէ լուսամուտին կողքի սեղանը ցոյց տալով։ Կ՚ըսէ ու կը մեկնի մեր քովէն։ Նախքան այս դռնէն մտնելս իմ կարճ խելքով կը կարծէի թէ Երեւանի Պետական Համալսարանը աւարտած հետեւաբար լաւ պատրաստուած աշխատող մըն եմ։ Սակայն այդ սեղանին նստելով արդէն դուրս եկայ երազներու աշխարհէն։ Պարն Սերովբանի հարցումներուն գոհացուցիչ ոչ մէկ պատասխան կրցայ տալ։ Կարծես թէ ընկճուեցայ այդ աթոռին վրայ ու քանի ընկճուեցայ սեղանը նոյն համեմատութեամբ մեծցաւ իմ դիմաց։ Այնքան մեծցաւ, որ պիտի կրնայի այդ սեղանին տակը մտնել նոյնիսկ։ Այլեւս ձայնս ալ չէր ելլեր։ Չէի կրնար փախիլ, ամաչեցի, կարմրեցայ… Կարմրեցայ։ Յետոյ Պարոն Սերովբան ժպտաց, ես ալ ժպտացի։ Լալիք վիճակ ունէի, բայց ժպտացի Սերովբեանի հետ։ Այդ պահուն կը խորհէի, թէ շատ անբաւարար եմ եւ շաբաթ մը դժուար թէ տոկամ։
Երեքշաբթի առաւօտ ոտքերս ետ-ետ կ՚երթային։ Ամաչեցի տգիտութենէս։
Այդ օր Պարոն Կոպելեանի հետ ծանօթացայ եւ յաջորդ օր Յակոբ Այվազի, ապա Անթայրի (Վարուժան Քէօսէեանի գրչանունն էր Անթայր)։ Բոլորն ալ վաստակաւոր վարպետներ էին, իսկ ես անփորձ մը իրենց մէջ։
Հազիւ շաբաթ մըն էր, կամ թերեւս տասը օր անցած էր։ Պարոն Սերովբեան եւ Պարոն Կոպելեան իրենց համակարգչի առջեւ բաներ մը կը գրեն, իսկ ես իմ սեղանի վրայ չեմ յիշեր ինչ է, բայց բանով մը կը զբաղիմ։ Յանկարծ Պարոն Այվազը ներս մտաւ։ Յետոյ հաճելի զրոյց մը ծայր առաւ։ Խինդ ու ծիծաղ։ Կը խօսին կը պատմեն կը քրքջան իրենց ձայնը սենեակէն դուրս կը հասնի։ Ի վերջոյ Պարոն Հրանդ այդ ձայները լսելով սենեակ եկաւ։ Ան ալ մասնակցեցաւ այդ հաճելի զրոյցին։ Այվազը կը պատմէ, անոր խօսքը կու գայ ամբողջացնելու Կոպելեանը, յետոյ Սերովբեան բաներ մը կ՚ըսէ։ Իսկ ես իրենց մէջ իրենց խօսքը լսելով կը քրքջամ։ Երջանիկ պահ է։ Սակայն յանկարծ կ՚ինքնամփոփուիմ։ Կը տարուիմ ուրիշ խորհուրդներու։ Սերովբեան 70-ական տարիքներուն է, Կոպելեան 80-ականներուն, Այվազ 90-ականներուն, իսկ Պարոն Հրանդ 50-ականներ։ Սա տարիք չէ այլ պատմութիւն կը խորհիմ ներքուստ։ Կը գիտակցիմ բան մը չգիտնալուս, բայց դուրսը ուրիշ աշխատանքներու մասին մտածելու փոխարէն աւելի լաւ կը դատեմ այս պատմութեան մասնակից դառնալը։ Կը խորհիմ թէ, եթէ կեանքէս 40 տարիները իրենց հետ անցնեմ ես ալ կրնամ բաներ մը քաղել իրենցմէ։ Այսպէս որոշեցի ներքին դրան, ներքին մղլակը ըլլալու։ Խոստովանիմ որ ուրախ եմ այդ որոշումով։ Ուրախ եմ ներքին դրան ներքին մղլակը դառնալով սորվածներէս։
2006-ի առաջին ձիւնի փաթիլը, որ կը տեղար երկինքէն ես զայն դիմաւորեցի «Ակօս»ի խմբագրատան լուսամուտին առջեւ ձեռքս ունենալով թէյի տաք բաժակ մը։ Դուրսը որքան, որ ցուրտ էր, ներսը նոյնքան տաք։ Ես այդ տաքուկ մթնոլորտի մէջ ամէն օր նոր բաներ կը սորվէի։ Ուրախ էի ապրածներովս։ Ես ուրախ էի, բայց Պարոն Սերովբեան երբեմն ալ մազերը փետտելու աստիճան կը ձանձրանար իմ սխալներէն։ Երբեմն կը պատահէր պահեր, ուր Սերովբեան գլուխքը երկու ձեռքերուն մէջ առած այնքան խորունկ «ա՛խ» կը բացագանչէր, որ ես ամօթահար փախելիք տեղ կը փնտռէի։ Յետոյ կամացուկ մը բաժակ մը թէյ կը մատուցէի իրեն ու բարկութիւնը կ՚անցնէր։
Երբեմն ալ Պարոն Հրանդ սենեակը կը մտնէր եւ լուսամուտին առջեւ կանգնած անձայն դուրսը կը դիտէր։ Կը պատահէր, որ այն պահուն անկապակից բաներ մը հարցնէր։ Հետզհետէ ճանչցած էի զինք։ Կը գուշակեմ թէ մտքին մէջ բազում խնդիր կայ այդ պահուն։ Պարոն Հրանդ բան մը կը հարցնէր, Պարոն Սերովբեան պատասխան կու տար եւ ապա երկար երկար կը վիճաբանէին։ Յետոյ Պարոն Հրանդ իր սենեակը կ՚ուղղուէր նրբանցքէն անցած պահուն ալ «Աննա՛» կը գոռար։ Աննա մայրիկը այդ ձայնը լսելով արդէն բաժակ մը թէյը լեցուցած կ՚ուղղուէր դէպի խմբագրապետին սենեակը։
Ժողովրդական երգեր կը մռմռար երբեմն։ Երգեր՝ որոնք նախապէս երբեք չեմ լսած։
Ուրբաթ օրերը մեր ժողովի օրերն էին։ Թերթը տպագրութեան յանձնելէ անմիջապէս վերջ կը սկսէինք յաջորդ համարի պատրաստութեան։ Պարոն Հրանդ իր սենեակին նստած է այդ ժողովներու ընթացքին։ Ձախ թեւի կողքին հեռուստացոյց մը կայ, որուն ձայնը հազիւ լսելի է։ Իր սեղանի դիմաց գտնուող երկու բազկաթոռներուն նստած կ՚ըլլային Պարոն Սերովբեան եւ Պարոն Կոպելեան։ Մենք շարուած ենք դիմացի աթոռներուն վրայ։ Կը ներկայացնէր յաջորդ համարի ծրագիրը։ Պարտականութիւններ կը բաշխէր իւրաքանչիւրիս։ Ով ուր պիտի երթայ, ով ինչ պիտի պրպտէ այդ սեղանին վրայ կը որոշուէր։ Իսկական ուսուցիչ մըն էր Պարոն Հրանդ ես իր մօտ նկատած եմ մտքի ճկունութիւնը, վերլուծելու կարողութիւնը եւ լրագրողութեան ասպարէզի պահանջած բարոյական կեցուածքը։ Ինք յօդուած կը գրէր ու ապա մեզի դիմելով կարծիքներ կը հարցնէր։ Այդ կարծիքներով կը որոշէր, թէ գրած յօդուածը հրատարակէ, թէ ո՛չ։ Երանի՜ թէ Աղաւնու վախւորածութեան մասին գրած այդ յօդուածին համար «Գրէ՛» ըսողներէն մէկը ես եղայ չըլլայի։ Այդ պատասխանատուութիւնը մինչեւ օրս կը յուզէ զիս։
Կը կարօտնամ։ Սպիտակ շապիկովը լուսամուտի առջեւէն փողոցը դիտող պատկերը կը կարօտնամ։ Սենեակիս մէջ ձայնը, ոգեւորուած ձեւով մէկու մը հետ հեռախօսով խօսիլը կը կարօտնամ։ Գրպանի բոլոր մանրուկները հանելով փողոցէն անցնող բոկեղավաճառէն բոկեղ առնելու պատկերը կը կարօտնամ։ Ապսպրած բոկեղներէն մէկուն կէսը պոկելով դէպի իր սենեակ ուղղուիլը կը կարօտնամ։
Ձմրան փուքին զարկին զինք։ Ես մրսեցայ։
Բամբուշտի տրաքումը տակաւին ականջիս մէջ կը հնչէ։ Առաջին աղաղակները, առաջին վազվզոցը յաճախ կը կենդանանան աչքերուս առջեւ։ Դռնէն դուրս ելայ եւ անծանօթներ զիս գրկեցին չարտօնեցին, որ մօտենամ անշունչ մարմնին։ Մինչեւ օրս տակաւին կ՚ընդվզիմ ինչո՞ւ արգելք եղած էին, ինչո՞ւ չէին արտօնած, ինչո՞ւ թոյլ չէին տուած, որ ինկած տեղը ես ալ լամ անյագօրէն։
Ձմրան փուքին մեր աղաղակը թնդած փողոցին վրայ։ Դեռ ոչ ոք լսած էր, ոչ ոք տեսած։ Աղօթք կը մրմնջար շրթներս։ Համեստ փոքրիկ աղօթք մը։ «Աստուած իմ դուն օգնական եղիր»։ Նստած եմ մուտքի դրան առջեւ ու կը խորհիմ թէ այս լուրը ինչպէս պիտի փոխանցենք կնոջը, զաւակներուն…։ Ես՝ ներքին դրան, ներքին մղլակը։ Միայն աղօթեցի։ Միայն այդ կու գար ձեռքէս։ «Աստուած իմ դուն օգնական եղիր»…
Յետոյ արդէն եկան։ Եկան՜ ու եկան եւ շատ շատ եկան։ Եւ անընդհատ եկան…
Աղմուկը եկաւ իրենց հետ։ Ողբն ու կոծը։ Ճիչն ու աղաղակը, Եւ ընդվզումը եւ պոռթկումը եւ հայհոյանք եւ անէծք եւ բարկութիւն… Ձայները արձագանգեցին մայթի վրայ։ Արիւնը լճացաւ, որքա՞ն շատ արիւն… Հոն էի, լաց եղայ։
Նստայ աստիճաններուն վրայ, լացողներուն ջուր տուի։ Քոլոնիայի ջուր մատուցեցի։ Պարոն Սերովբանին վերարկուն հասցուցի։ Սերովբեանը չէր մրսած, բայց սառած էր։ Կարծես ուշքը գացած։ Ախ՜ երանի մէյմը լար։ Այդ պահուն չլացաւ Պարոն Սերովբեան։ Բայց աւելի ետք ընդմիշտ լացաւ։ Լացաւ ամէն անգամուն, երբ Հրանդը յիշեցինք։
Ահա անցաւ 11 տարիներ, բայց մնացին իմ երազանքը։ Ո՞ւր մնացին 40 տարուայ երազանքը։ Ես այդ առաջին օրէն ուխտած էի, ամբողջ կեանքիս տեւողութեամբ ներքին դրան, ներքին մղլակը ըլլալ։ Ո՞ւր է իմ այդ երազանքը…
Չկա՛յ Պարոն Հրանդը, չկա՛յ Սերովեանը, չկա՛յ Կոպելեանը, Այվազը, Վարուժանը…
Կարծես մուկն ու կատուի խաղին մէջ մնացած ըլլամ։ Այն անկիւնէն միւս անկիւն շպրտուած պահուն մերած ձեւացնող մուկն եմ։ Ձայն ալ չունիմ, տեսնելու կարողութիւն ալ։ Միտքս ալ չաշխատիր։ Ձանձրացած եմ «այնպէս էր, այսպէս էր» պատմող խօսքերէն։ Ափսոս՜ գացողին եւ ափսոս՛ այս խաղին մէջ դատապարտուածին…։