ՔՈՒԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Աթէնք, Յունուար 19, 2007. ձմեռնային սովորական օր մըն է, հազիւ ընտանեօք ճաշած ենք, երբ ժամը 15։20՛, հեռաձայնը կը զարնէ։ Էրհանն է գիծին միւս ծայրը. իմ միակ՝ մինչեւ այդ օրը, Թուրք բարեկամս. ես ալ կարծեմ՝ իր միակ Հայ բարեկամուհին էի։ Ի՜նչ ուրախ եմ, որ կրկին իր ձայնը կը լսեմ. բայց տեսակ մըն է, ծանր եւ խռպոտ։
-Քուին, Հրանդի՚ն սպաննեցինք. ներողութի՜ւն, ներողութի՜ւն, ներողութի՜ւն...
-Է՛րհան, ի՞նչ է ըսածդ. ո՞ր Հրանդը. դու՞ն, սպաննե՞լ. ի՞նչ...
-Ա՜խր, լուր չ՛ունի՞ս. աշխարհը տակն ու վրայ է. քեզի կ՛ըսեմ Հրա՚նդը սպաննեցին։ Հրանդ Տինքը։
Սառած ու թմրած մնացի, անկարող շարժելու կամ որեւէ բան մը ըսելու։
- Կրկին ու կրկին ներողութի՜ւն... Գիտե՛մ. անկարելի է սպաննողներուն ներես, բայց գիտցիր որ ինծի պէս շատ Թուրքեր, նոյնպէս անկարելի՚ է Հրանդին ոճրագործները ներենք։ Հեռատեսիլդ բաց, ամբողջ աշխարհի կայաններուն ոսպնեակները Ակօսի վրայ են...։
Հազար հազարներով Թուրք քաղաքացիներ մէկ վայրկեանէն միւսը՝ «Մենք ալ Հայ ենք, Մենք ալ Հրանդ ենք» յայտարարեցին։ Վիշտն ու զայրոյթը յայտնի էր իրենց դէմքին վրայ։ Ի՜նչ զարմանալի. Հրանդին նահատակութիւնը Հայերուն եւ Թուրքերուն միաժամանակ նո՛յն զգացումները ի յայտ բերել տուաւ։ Արդէն հարցազրոյցի մը ընթացքին Հրանդը ըսած էր «Սպառնալիքներ կը ստանամ, բայց իմ մահը աւելի՚ աղմկոտ պիտի ըլլայ, քան իմ կեանքը»։
Հրանդը ինչպէ՞ս կարողացաւ խիղճը դպնալ բոլոր այն մարդոց (ձախակողմեան, հակառակորդ, փոքրամասնութիւն, այլահաւատ կամ պարզապէս մտածող), որոնք իրենց մորթին վրայ տասնեակ տարիներով զգացած են թրքական վարչակարգին կողմէն գործուած անարդարութիւնները։ Քաջաբար, ազնիւ ու անկեղծօրէն պաշտպանելով բոլորին իրաւունքները։
Պայքար Արդարութեան, Ազատութեան, Ժողովրդավարութեան համար։ Ա՚ս է Հրանդին յաւերժական պատգամը։ Որքա՜ն այժմէական, իրաւ։