ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Գործօններ կան որոնց դրդումով, խթանումով գիտակցական տարիքի մարդը կ՚անդրադառնայ որ ինք անհատ ըլլալու կողքին մասնակիօրէն կամ մեծապէս կը տարբերի միւսէն։ Ըսենք, օրինակ՝ թէ ան մարդ էակ է, բայց կը տարբերի միւս մարդ էակէն քանի որ կը պատկանի իգական սեռին։ Գիտակցական այս նկատառումը կրնայ սովորական հնչել, այն աստիճան՝ որ զինք չմղէ որեւէ իւրօրինակութիւն նկատելու այս «շատ սովորական» ուրիշութեան մէջ։ Թերեւս կարեւոր է անհատին մտային զգայնութիւնը, որպէսզի ան գիտակցի իր իւրայատկութեան, ուրիշութեան։
Չեմ գիտեր թէ ի՚նչը մղեց Հրանդ Տինքը, որ նկատէ իր «ուրիշութիւն»ը միւսներէն։ Հաւանաբար, գաւառէն Իսթանպուլ իր գալը, ուրիշ տեսակ կեանքի մը մէջ տեղաւորուիլը զինք մղեցին որ նկատէ այդ «տարբերութիւն»ները եւ խորանայ այդ ուրիշութեանց բաւիղներուն քննարկումին, վերլուծումին մէջ։ Այդ ուրիշութիւնները ան ջանայ վերլուծել՝ աւելի զգօն եւ թափանցուն դիտարկելով իր շուրջը, փորձելով գտնել դրդապատճառները, որոնց հետեւանքով այս ուրիշութիւնը արհեստական պատեր յառաջացուցած էր իր եւ այլոց միջեւ։
Շատեր անցած պէտք է ըլլան Հրանդ Տինքի այս ճանապարհէն, բայց ինչ-որ պատճառներով (առարկայական, ենթակայական թէ պարագայական) անոնք չեն ըմբռնած որ իրենց կայքը, իրենց նոր տեղաւորումը զիրենք դրած է բացառիկ վիճակի մը մէջ, իրենց բացած է դիտաշախարհ մը, տեսադաշտ մը, որուն շնորհիւ իրենք կրնան լծուիլ նորատեսակ կենսագործունէութեան։
Շատերուն հրամցուած այս առիթը քիչեր կրնան նկատել, որովհետեւ կրնան զարգացուցած չըլլալ թափանցող աչքեր։ Դեռ աւելին, շատ աւելի քիչեր կրնան նկատելու կարողութենէն անդին քննականօրէն դիտել զայն, ապա աւելի քիչեր՝ քննականօրէն դիտելէ ետք ըմբոշխնել վիճակը թէ՚ իրենց եւ թէ՚ ուրիշին հոգիով, մարմնով ու միտքով։ Եւ անշուշտ, դեռ շատ աւելի քիչերն են որ ըմբոշխնելէ ետք չկործանելով այդ ընկճող վիճակներուն տակ ըմբոստանան, ծառանան եւ հակադրուին, ջանան բարեփոխել վիճակը։
Հաւանաբար եղած են շատեր, որոնք սորուելով համակարգը, վերածուած են ենթարկուողէ ենթարկողի, կամ ալ բաւարարուած են իրենց օձիքը ազատելով այդ համակարգէն՝ յետադարձ հայեացք իսկ չեն նետած եւ ընդհակառակը մտածած թէ կը փրկուին միայն ամենաարժանիները կամ ամենաշատ յարմարողները։
Թերեւս եղած են ուրիշներ՝ Հրանդ Տինքի նման, որ ջանացած են բարեփոխել այդ տառապանքը ուրի՜շ ձեւերով։
Ուրի՜շ էին սակայն Հրանդ Տինքի ձեւերը, արդիւնաւէտ եւ յաջողակ։
Ինծի կը թուի թէ Հրանդ Տինք տեսնելու-նկատելու-մտածելու-վերլուծելու-եւն. շնորհքները ունէր. ապրեցաւ ուրիշութիւնը, անոր ցաւն ու տանջանքը, բայց չընկճուեցաւ անկէ, ոչ ալ ձեռքերը ուզեց լուալ «ինծի ինչ»ով, այլ տեսաւ թէ կրնայ այդ կացութեան բարելաւումը դարձնել իր կեանքին առաքելութիւնը։
Ինծի կը թուի թէ Հրանդ Տինքի ուրիշութեան գիտակցութիւնը գաւառի եւ Պոլսոյ հայուն միջեւ եղած «ուրիշութիւն»էն աւելի մեծ կոհակներ ունէր. մարդկային ցաւի, ատելութեան, անցեալի ցեղասպանական ժառանգի ու աւանդի, Օսմանեան Կայսրութեան մանաւանդ Փոքր Ասիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներու, ցեղերու, կրօնքներու, հաւաքականութիւններու, մարդոց միջեւ դարաւոր շփումներով կուտակուած կսկիծներն էին, հակառակութիւնն էր, տարբեր խմբաւորումներու մէջ տարբեր չափերով դիզուած ատելութիւնն էր, նախանձը, սէրը եւ շատ ուրիշ բաները։
Հրանդ Տինք գիտակցողն էր այս երեւոյթներուն եւ կրողն էր այս երեւոյթներէն ոմանց։ Տառապողն էր այս կացութեամբ։ Ապրեր էր ու կը զգար այդ կեանքով հեւացող իր մարդակիցներուն դառնութիւնը։
Հրանդ Տինք հաւատաց որ կրնայ բարելաւել, բարեփոխել այս երեւոյթները, սփոփել այդ երեւոյթները կրողները, այնպէս ընել որ անոնց համար կեանքը նուազ եպերելի եւ անտանելի դառնայ իրենց հոգիներուն մէջ։
Եւ լծուեցաւ իր յանդուգն տեսիլքին գործադրման։
Բնական է, որ ան առաջին հերթին պիտի յենէր ի՛ր միջավայրին, ի՚ր բարեկամներուն։ Բայց պոլսահայ իրականութիւնը անցնող աւելի քան եօթ տասնամեակներուն, հալեր էր, կորսնցուցեր էր գոյատեւման (ու մանաւանդ) վերականգնումի ուժը։
Որեւէ հաւաքականութիւն եթէ չնորոգէ ինքզինք, կը սպառի։ Ալ ուր մնաց պոլսահայ հաւաքականութիւնը որ 1920-80ականներուն բնական ու արհեստածին մեծ ճնշումներով քայքայման նշաններ ցոյց կու տար։ Պոլսահայութիւնը հոգեբարոյապէս գրեթէ վերածուած էր խլեակի։
Քիչեր էին որ դժուարաւ եւ մեծ զոհողութիւններու գնով կը գոյատեւէին ու հանրային ծառայութիւն կը մատուցէին։
Իսկ Հրանդին յենք ու յենակ պէտք էր։ Պոլսահայութիւնը ատիկա չէր կրնար ըլլալ։ Չունէր որ հայթայթէր։ Քիչեր զոհողութիւնն առին ու ճիգն ըրին աջակցելու։
Եւ հրաշքը այն չէ որ Հրանդ թեքեցաւ ու դիմեց ոչ-հայուն (եւ գտաւ օգնութիւն), այլ այն որ իր դիմած ոչ-հայը գէթ մասամբ հա՚յ էր, անոր երէց սերունդներուն մէջ հայու հետքեր կային, եւ կամ ա՛ն ալ ապրած էր ու կը տառապէր Հրանդին «ուրիշ»ութեան ցաւերով։ Իրեն նեցուկ կանգնեցան նաեւ այնպիսի մարդիկ, որոնք չապրելով հանդերձ «ուրիշ»ութեան զգացումը շեշտաւորուած հանրային-համամարդկային զգացումներ եւ զգօնութիւն ունէին, զգայուն էին նման «ուրիշ»ութեան հանդէպ։
Ասոնք՝ այս ուրիշ ուրիշները, օգնութեան ձեռք երկարեցին եւ հուսկ յառաջացան «Ակօս»ն ու «Ակօս»ի Շարժումը, որ հոսանքի վերածուելով այսօր իր կարելին կ՚ընէ բարենորոգելու եւ բարեփոխելու Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներուն, ազգերուն, փոքրամասնութիւններուն, ցեղերուն եւ ցեղախումբերուն, կրօնքներուն եւ հաւաքականութիւններուն միջեւ առկայ հին ու նոր աւանդներուն թէ ժառանգութեանց պատճառներով գոյութիւն ունեցող ցաւի, տառապանքի զգացումները։
Շուտով Յունուար 19 է նորէն։ Եւ արդէն աւելի քան տասնամեակ մըն է չկայ Հրանդ Տինք։
Բայց իր տեսլականը կը բանի, տուած է եւ կու տայ արդիւնքներ։
Մասնաւորելով խօսքս, կրնամ ըսել, որ այսօր Հրանդ Տինք Հիմնարկը կանգնած է պատմաաշխարհագրական- մշակութաընկերային այնպիսի դիրքի մը վրայ ուրկէ կրնայ տեսնել թէ՚ հայկական եւ թէ՚ փոքրասիական միւս հաւաքականութիւններու յարաբերութեանց շարունակուող դառնութիւնները։ Հիմնարկը, ի տարբերութիւն «սովորական» հայերուս եւ «սովորական» փոքր ասիացիներուն կը տեսնէ բոլորը եւ իւրաքանչիւրը, կարելի համապարփակը։
Եւ իր այս պերճանքը կը շարունակէ վերածել փոքր ասիացիներուս միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու, բարեփոխելու երախտաշատ գործի եւ արդիւնքի։
Դժուար գործ, դժուար պայմաններ, կենսական առաքելութիւն։