Ս. Ծնունդի շնորհաւորութիւնը լարուածութեան մէջ

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Առա­քելա­կան Եկե­ղեցին Յի­սուս Փրկչի Սուրբ Ծնունդը. եւ Յայտնու­թիւնը տօ­նեց աւան­դա­կան շու­քով։

Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տարա­գին նա­խագա­հեց Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապետ Սա­հակ եպսկ. Մա­շալեան։ Պա­տարա­գի եր­գե­ցողու­թիւննե­րը կա­տարուեցան Գող­թան դպրաց դաս երգչա­խումբի կող­մէ, ղե­կավա­րու­թեամբ՝ Յով­սէփ Գու­յումճեանի։ Արա­րողու­թեան ներ­կայ գտնուեցաւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնու­թեան մօտ փոք­րա­մաս­նա­կան հիմ­նարկնե­րու նոր ներ­կա­յացու­ցիչ Մո­րիս Լե­ւի եւ այս պաշ­տօ­նը նոր աւար­տած Փրոֆ. Թո­րոս Ալ­ճան։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տարա­գի Պատ­րիար­քա­րանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Ծննդեան շնոր­հա­ւորու­թիւննե­րը։ Տե­ղապահ Գա­րեգին արք. Պէք­ճեան պա­ղառու­թեան պատ­ճա­ռաւ բա­ցակա­յած էր Մայր Եկե­ղեց­ւոյ արա­րողու­թե­նէն։ Սա­կայն Պատ­րիար­քա­րանի ըն­դունե­լու­թեան պա­հուն ան բե­րաւ իր մաս­նակցու­թիւնը։ Շնոր­հա­ւորու­թեան առ­թիւ Պատ­րիար­քա­րան փու­թա­ցած հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու կար­գին պատ­րաստ էին Ժո­ղովուրդնե­րու ժո­ղովրդա­վարա­կան կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան, Հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Սե­լինա Տո­ղան, Սեւ Ծո­վեան տնտե­սական հա­մագոր­ծակցու­թեան կազ­մա­կեր­պութեան շրջա­նակով Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան մշտա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ Ար­սէն Աւա­գեան։

Տե­ղապահ սրբա­զանի բաց­ման խօս­քէն ետք Ս. Փրկիչ հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ՝ Պետ­րոս Շի­րինօօղ­լուին յանձնուեցաւ շնոր­հա­կալու­թեան յու­շա­գիր մը, Սու­րիայէն եւ Իրա­քէն եկած հայ գաղ­թա­կան­նե­րու բե­րած նպաս­տին հա­մար։

Շի­րինօղ­լու այս առ­թիւ ելոյթ ու­նե­ցաւ եւ բա­ցատ­րութիւններ փո­խան­ցեց հի­ւան­դա­նոցի եր­դի­քին տակ գոր­ծող ԶԻ­ՊԷՉ հաս­տա­տու­թեան եւ ծե­րանո­ցի մա­սին։ Ան հեր­քեց ըն­կե­րային ցան­ցե­րու մէջ այս եր­կու մար­միննե­րուն ուղղուած քննա­դատու­թիւննե­րը եւ մե­ղադ­րանքնե­րը, պար­զե­լով յատ­կա­պէս ԶԻ­ՊԷՉ-ի ուղղեալ կարգ մը բա­րեփո­խու­թիւննե­րը։

Շի­րինօղ­լու յայտնեց, որ ԶԻ­ՊԷՉ-ի նախ­կին ատե­նապետ Տիգ­րան Տիլ­կե­րեանի հրա­ժարու­մէն ետք հո­գաբար­ձութիւ­նը ստանձնած է նաեւ այս հաս­տա­տու­թեան վար­չութիւ­նը եւ կա­րեւոր կրճա­տումներ ապա­հոված ծախ­սե­րուն մէջ։

Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապետ Մա­շալեան սրբա­զան ալ, թէ ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուին եւ թէ օժան­դակ յանձնա­խումբի պետ եւ հո­գաբար­ձութեան երկրորդ նա­խագահ Հեր­ման Պա­լեանին շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով նշեց, որ Յի­սուս Փրկիչ եւս գաղ­թա­կան մը եղած էր իր կեան­քի առա­ջին տա­րինե­րուն։ Ան­ցեալին եկե­ղեցի­ներու գլխա­ւոր առա­քելու­թիւննե­րէն մէկն էր աղ­քատնե­րուն օժան­դա­կելը եւ Պատ­րիար­քա­րանը մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կէ այդ աւան­դութիւ­նը պա­հել։

Մա­շալեան սրբա­զան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց նաեւ Գաղ­թա­կանաց յանձնա­խումբի մէջ պաշ­տօն ստանձնած Տէր Տրդատ Ու­զունեան եւ Տէր Շա­հէն Օհա­նեան քա­հանա­ներուն։

Տե­ղապահ սրբա­զանը նշեց, որ ամէն տա­րի Ս. Ծնունդի տօ­նին կը հրա­պարա­կուի Պատ­րիար­քա­րանի տա­րեկան ելմտա­կան ցու­ցա­կը։ Այս տա­րի բա­ցառա­բար այդ ցու­ցա­կը պի­տի հրա­պարա­կուի 15 Փետ­րուարին բո­լոր հիմ­նարկնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն եւ Ելմտա­կան յանձնա­խումբին մաս­նակցու­թեամբ։

Ըն­դունե­լու­թեան ըն­թացքին խօսք առաւ Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուածա­ծին Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Իս­քենտէր Շա­հին­կէօզ, ընդվզում յայտնեց վեր­ջերս Արամ արք. Աթէ­շեանի, Գա­րեգին արք. Պէք­ճեանի մի­ջեւ շա­րու­նա­կուող հա­կաճա­ռու­թեան հա­մար։ «Մա­մու­լի էջե­րէն ցա­ւով կը հե­տեւինք մեր եր­կու եպիս­կո­պոս­նե­րուն զի­րար մե­ղադ­րող բա­նավէ­ճերուն։ Այս վի­ճաբա­նու­թիւնը, թէ կը վի­րաւո­րէ մեր հա­մայնքը եւ թէ ամօ­թի կը մատ­նէ։ Նուազած է եկե­ղեցի յա­ճախող­նե­րու թի­ւը եւ այս երե­ւոյ­թի պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը ձե­զի կը վի­ճակի» ըսաւ Շա­հին­կէօզ։

Տե­ղապահ սրբա­զան Շա­հին­կէօզի այս ընդվզու­մին պա­տաս­խա­նեց հե­տեւեալ կեր­պով՝ «Հա­յաս­տա­նի մէջ առանց մեր իրա­զեկու­թեան ելոյթներ կա­տարուեցան։ Որ­պէս Պատ­րիար­քա­րան պէտք էր պաշ­տօ­նական կայ­քէ­ջի վրայ յայ­տա­րարու­թիւն ընէինք եւ ըրինք»։ Տե­ղապահ սրբա­զանը ապա նշեց, որ ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վա­րիչ­նե­րու մէջ եւս հա­մաձայ­նութիւն չէ գո­յացած։ Ան յի­շեցուց նա­խապէս որ­պէս սկզբունք ըն­դունուած, բայց գոր­ծադրու­թեան չմտած «Հա­սարա­կաց աւա­զան»ի խնդի­րը։

Ապա խօսք առաւ Կե­տիկ­փա­շա թա­ղի Ս. Յով­հաննէս Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ՝ Յա­րու­թիւն Շան­լը, որ իր կար­գին դժգո­հու­թիւն յայտնեց Արամ արք. Աթէ­շեանի Յու­նիս ամ­սուան մէջ Հա­յաս­տա­նի «Ազա­տու­թիւն» կա­յանի տուած հար­ցազրոյ­ցին հայ ժո­ղովուրդի կարգ մը ան­հատնե­րը ան­կիրթ կո­չելուն դէմ։ Իսկ Արամ արք. Աթէ­շեան այս բո­ղոքին պա­տաս­խա­նեց Շան­լըն հա­սարա­կու­թիւնը ան­ջա­տելու մե­ղադ­րանքով։

Ըն­դունե­լու­թիւնը վերջ գտաւ միաս­նա­բար ար­տա­սանուած Տէ­րու­նա­կան Աղօթ­քով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ