Եւրոպայի մէջ զինեալ յարձակումներ

«Ակօս»ի նախ­կին աշ­խա­տակից Արիս Նալ­ճը Պրիւքսե­լէն կը տե­ղեկաց­նէ, թէ 5 Յու­նուար Ուրբաթ կէս­գի­շերին զի­նեալ յար­ձա­կում գոր­ծուած է, այս քա­ղաքի «Սա­հակեան» միու­թեան շէն­քին վրայ։ ակա­նատես­նե­րու վկա­յու­թեամբ փո­ղոցի ան­կիւնը գտնուող շէն­քի եր­կու երես­նե­րուն ալ փամ­փուշտ ար­ձա­կուած է եւ յան­ցա­գոր­ծե­րը խոյս տուած են։ Ոս­տի­կանու­թիւնը սկսաւ հե­տաքննու­թեան։ Դէպ­քի պա­տահած պա­հուն միու­թեան մէջ ոչ մէ­կը կար, հե­տեւա­բար կեան­քի սպառ­նա­ցող վտանգ մը չէ գո­յացած։ Նալ­ճը կը նշէ թէ միու­թիւնը կը գտնուի Թուրքիայէն գաղ­թածնե­րուն բնա­կած շրջա­նին մէջ։ Վեց տա­րի առաջ այս շրջա­նի հայ եւ ասո­րի հաս­տա­տու­թիւննե­րուն դէմ եւս յար­ձա­կումներ ար­ձա­նագ­րուած են։ Իսկ շրջա­կայ­քի քա­ղաքա­պետը ազ­գայնա­կան գա­ղափար­նե­րով ծա­նօթ թուրք մըն է՝ Էմին Քիր։

19 Նո­յեմ­բեր 2016-ին Էմին Քիր իր պաշ­տօ­նէու­թեան տա­րած­քին մէջ գտնուող Քրտա­կան ինստի­տու­տի հրկիզ­ման դէմ, իբ­րեւ պատ­րուակ ներ­կա­յացու­ցած էր Եւ­րո­պայի մէջ կա­տարուած հա­կաէր­տո­ղանա­կան ցոյ­ցե­րը։

Սա­հակեան միու­թիւնը այժմ փակ է։ Կ՚ակնկա­լուի, որ քա­նի մը օր ետք բա­ցուի։ Միու­թիւնը տա­րիներ առաջ հիմ­նուած էր իբ­րեւ ֆութպո­լի ակումբ։ Իսկ վեր­ջերս ակումբի մէջ կը մէկ­տե­ղուին Պրիւքսե­լաբ­նակ հա­յեր։

Յար­ձա­կում Տե­նիզ Նա­քիի դէմ

Ամէտսփոր ֆութպո­լի ակումբի առա­ջատար խա­ղացող­նե­րէն Տե­նիզ Նա­քիի ինքնա­շար­ժին դէմ զի­նեալ յար­ձա­կում կա­տարուած է։ 7 Յու­նուարի կէս­գի­շերին երբ Նա­քի իր ինքնա­շար­ժով կը սու­րար Ահը­նի մայ­րուղիին վրայ կող­քէն անցնող ինքնա­շար­ժէ մը կրա­կած են իր վրայ։ Նա­քի այդ կրա­կոցէն չէ վնա­սուած, քա­նի որ ար­ձա­կուած փամ­փուշտնե­րը հան­դի­պած են ինքնա­շար­ժին։

Ինչպէս Տե­նիզ Նա­քի ոս­տի­կանա­տան պաշ­տօ­նեանե­րուն ալ կը յայտնէր, յար­ձա­կումնե­րը իս­կոյն կը յու­շեն պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լա­նի վեր­ջերս կա­տարած ազ­դա­րարու­թիւնը։ Փայ­լան Խորհրդա­րանի մէջ սար­քած մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւնով մը ահա­զանգ հնչե­ցու­ցած էր վեր­ջերս Եւ­րո­պայի մէջ հա­յերու, ալե­ւինե­րու կամ թուրք այ­լա­խոհ­նե­րու ուղղեալ յար­ձա­կումնե­րու մա­սին լսումնե­րու շուրջ։ Փայ­լա­նի պնդու­մով այդ լսումնե­րը կու գա­յին հա­ւաս­տի աղ­բիւրնե­րէ եւ գեր­մա­նական մա­մուլն ալ տե­ղեակ էր այդ լսումներէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ