Պէքճեան սրբազան կը յանձնէ Առաջնորդի աթոռը

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան Գերմանիոյ հայոց նոր առաջնորդի ընտրութեան մասնակցելու համար մեկնեցաւ Գերմանիա։ Ինչպէս ծանօթ է նախապէս Գերմանիոյ հայոց առաջնորդի պաշտօնը ստանձնած Պէքճեան սրբազան, այդ աթոռէն հրաժարած էր Թուրքիոյ պատրիարքական փոխանորդ ընտրուելէ ետք։ Այժմ իր աթոռը նոր առաջնորդին փոխանցելու համար Գերմանիա մեկնած սրբազանը քաղաքս կը վերադառնայ 26 Յունուարին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ