ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Խորհրդածութիւն էական խնդիրներու շուրջ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան տե­ղի տուած ճգնա­ժամը կրնայ նաեւ առիթ հան­դի­սանալ պոլ­սա­հայոց հա­մայնքա­յին հա­մակար­գի քննարկման հա­մար։

Մին­չեւ նա­­խորդ դա­­րաս­­կիզբի առա­­ջին տասնհինգ տա­­րինե­­րը, Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան տի­­րապե­­տու­­թեան տակ տաճ­­կա­­­հայերս ու­­նէինք կազ­­մա­­­կեր­­պուած ազ­­գա­­­յին կեանք։ Պե­­տակա­­նու­­թե­­­նէ զուրկ ըլ­­լա­­­լը ար­­գելք չէր եղած ազ­­գա­­­յին վար­­չա­­­կար­­գի մը գոր­­ծե­­­լուն։

Կայսրու­­թիւնը ազ­­գե­­­րը կ՚ըն­­կա­­­լէր իբ­­րեւ կրօ­­նական հա­­մայնքներ, հե­­տեւա­­բար կրօ­­նապե­­տերն ալ կ՚ըն­­դունէր որ­­պէս ազ­­գին պե­­տը։ Իսկ ազ­­գին պե­­տը, այ­­սինքն պատ­­րիար­­քը իր կող­­քին կ՚ու­­նե­­­նար, թէ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րէ եւ թէ աշ­­խարհա­­կան­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող խոր­­հուրդներ։ 1863 թուակա­­նի ազ­­գա­­­յին սահ­­մա­­­նադ­­րութիւ­­նը բա­­ցի պատ­­րիարքնե­­րու ընտրու­­թե­­­նէն, կը ձե­­ւաւո­­րէր նաեւ աշ­­խարհա­­կան պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու ընտրու­­թեան կա­­նոն­­նե­­­րը եւս։

Բազ­­մազգի Կայսրու­­թեան ան­­կումով եր­­կի­­­րը ըն­­դունեց հան­­րա­­­պետա­­կան վար­­չա­­­կար­­գը, ու աւե­­լի յատ­­կանշա­­կան ըլ­­լա­­­լով «ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թեան» կա­­ղապա­­րը։ Այդ կա­­ղապա­­րի պայ­­մաննե­­րով լու­­ծառկուեցաւ հա­­յոց պատ­­գա­­­մաւո­­րական ժո­­ղովը։ Որ­­դեգրուեցաւ միացեալ ուսման ծրա­­գիրը, որ կ՚ան­­տե­­­սէր լե­­զուա­­կան ու դա­­ւանան­­քա­­­յին զա­­նազա­­նու­­թիւնը եւ բո­­լոր քա­­ղաքա­­ցինե­­րուն կը պար­­տադրէր նոյն լե­­զուով ու­­սա­­­նիլ, նոյն լե­­զուով խօ­­սիլ, նոյն օրէնքնե­­րուն հնա­­զան­­դիլ։

Ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թեան «ազգ» հաս­­կա­­­ցողու­­թիւնը սահ­­մա­­­նուած էր «թուրք ազ­­գը» հաս­­կա­­­ցողու­­թեամբ, եւ կը մեր­­ժէր այդ եզ­­րէն դուրս մնա­­ցած­­նե­­­րը «ազ­­գի մէջ ազգ չի կրնար ըլ­­լալ» պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւնով։ Անհնար էր հան­­րա­­­պետու­­թեան այդ պար­­տադրանքնե­­րուն առար­­կել։ Ճնշիչ մե­­քենա­­կանու­­թիւն մըն էր գոր­­ծո­­­ղը եւ անհնար էր այդ վար­­չա­­­կար­­գին հետ ճա­­կատիլ։ Բայց կար, ու նաեւ կայ շրջան­­ցե­­­լու զա­­նազան մի­­ջոց­­ներ, որոնք դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով ան­­տե­­­սուե­­ցան։ Վեր­­ջա­­­պէս ազ­­գը հեշ­­տօ­­­րէն վե­­րածուեցաւ կրօ­­նական հա­­մայնքի։ Ոչ ոք ճիք մը վատ­­նեց վե­­րեւ նշուած շրջան­­ցե­­­լու եղա­­նակ­­նե­­­րուն մա­­սին։ Եկե­­ղեցին գոհ էր իր տի­­րացած մե­­նաշ­­նորհէն։ Թա­­ղական­­նե­­­րը ձեր­­բա­­­զատուած էին ամէն տե­­սակ հա­­շուե­­տուու­­թե­­­նէն։ Սո­­վորած էին պե­­տական մար­­միննե­­րու պա­­հան­­ջած քննու­­թիւննե­­րը բա­­ւարա­­րելու կա­­նոն­­նե­­­րը։ Ու­­նէին եր­­կու տե­­սակ հա­­շուե­­ցու­­ցակ՝ պաշ­­տօ­­­նական եւ ան­­պաշտօն, որ կը կո­­չէին «բաց հա­­շիւ»։ Հա­­շուե­­տու չէին նաեւ զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւննե­­րու պա­­րագա­­յին։ Կը վա­­ճառէին եկե­­ղեցա­­պատ­­կան, աւե­­լի ճիշդ ազ­­գա­­­պատ­­կան կա­­լուած­­նե­­­րը խիստ գաղտնա­­պահու­­թեան մէջ։ Երկրի պայ­­մաններն ալ առիթ կը ստեղ­­ծէին այսպէս ինքնա­­կամ գոր­­ծողնե­­րու ան­­կարգու­­թիւնը ար­­դա­­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար։ Չար­­դուած ապա­­կի մը փո­­խելը, իսկ լուրջ թղթա­­բանու­­թիւն կը պա­­հան­­ջէր։

Այս ան­­տէ­­­րու­­թեան մէջ «ՎԱ­­ՏԻՓ» հար­­թա­­­կի կազ­­մութիւ­­նը ան­­գամ կա­­րեւոր ձեռքբե­­րում մը կրնար հա­­մարուիլ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու միաս­­նա­­­բար որո­­շում կա­­յաց­­նե­­­լու գե­­տին մը պատ­­րաստած ըլ­­լա­­­լու առու­­մով։ Սա­­կայն ար­­մա­­­տացած ան­­կարգու­­թիւնը հոն եւս զգա­­լի եղաւ, կարգ մը թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րուն այդ եր­­դի­­­քի տակ իրենց ինքնա­­կամու­­թիւնը վտան­­գուած տես­­նե­­­լով ու մեր­­ժումով։

Իսկ «ՎԱ­­ՍԻՓ» որ­­քա­­­նո՞վ ար­­դա­­­րացուց իր վրայ դրուած ակնկա­­լու­­թիւննե­­րը։ Մին­­չեւ օրս գու­­մա­­­րած, ո՞ր ժո­­ղովին դուրս եկաւ աս­­տի­­­ճանա­­կար­­գա­­­յին ծանր ճնշումնե­­րէ եւ խորհրդա­­ծեց խիստ էական խնդիր­­նե­­­րու մա­­սին։ Ան­­շուշտ այստեղ կա­­րեւոր հար­­ցադրում է, թէ ին­­չո՞ւ ՎԱ­­ՏԻՓ-ի կազ­­մը սահ­­մա­­­նուած է հո­­գաբար­­ձու, խնա­­մակալ եւ թա­­ղական դա­­սակար­­գով մը։ Ին­­չո՞ւ ան­­տե­­­սուած են օրի­­նակի հա­մար հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւննե­րը, հայ ճար­տա­րապետ­նե­րու եւ ճար­տա­րագէտ­նե­րու միու­թիւնը՝ Հայ­Ճա­րը։ Ին­չո՞ւ ձայն չու­նե­նար Ու­սուցչաց հիմ­նարկը կամ Հրանդ Տինք հիմ­նարկը։

Պի­տի շա­րու­նա­կենք այս մա­սին տա­կաւին միտ­քեր ար­ծարծե­լու։