Բառերուն ամենէն մայրականը
Դադրեցան նորածինին լացը, արցունքը եւ ճիչը։ Մօր գիրկի ջերմութեան մէջ ան փակեց իր աչուկները ու սկսաւ կաթ ծծել։ Լուռ է հիմա սենեակը։ Խաղաղացած մանկիկը կը պրկէ իր շրթունքները ու ամէն ներքաշումին՝ վարդագոյն թուշերուն վրայ հեղ մը ուռեցք, հեղ մը փոսիկ կը գոյանայ։ Մօր կաթնագեղձերու մէջ արտադրուած այդ հրաշալի հիւթը, զոր սիրեր ենք կոչել «մայրական կաթ», կ՚անցնի կաթնագիծերէն, կը հասնի մայրութեան այդ օրերուն առաւել միգացած պտուկին, ապա անոր գագաթը բացուած տասներկու կաթնածորաններու միջոցաւ կը փոխադրուի նորածինին։ Մա՞յրը անոր... Ժպիտով կը դիտէ երեխային ու կը շոյէ անոր մազերը... Չենք ուզեր զանոնք խանգարել։ Կ՚առաջարկեմ լռութեամբ դուրս ելլել եւ կամաց մը ծածկել դուռը։ Անոնք թող վայելեն անդորրութեան այդ պահը, իսկ մենք, որ կը սնանինք մայրենիէն կաթած բառերով, խօսինք «կաթ» բառի մասին։
«Կաթ» բառը բնիկ հայկական է, մեր մայրենիի անխառն արտադրութիւնը։ Գրաբարեան ձեւը «կաթն»։ Հասակակիցներն են յոյներու «ղալա» եւ լատիններու «lacte» բառերը։ Այս համեստ ու ջինջ վանկը Ե. դարուն, գրաւոր հայերէնի խանձարուրային օրերէն սկսաւ սնուցանեց մեր լեզուն։ Բառը Աստուածաշունչի թարգմանութեան մէջ 49 անգամ տեղ գտաւ։ Նոյն դարաշրջանին յայտնուեցան «կաթնակեր», «կաթնաբեր», «կաթնասուն», «կաթնաբոյծ» եւ «կաթնածուծ» բառերը։ Այնուհետեւ, մեր մատենագիրներու եւ բանաստեղծներու գրիչներէն կաթեցան կաթնաբոյր նոր բառեր, 269 հատ։ Գեղեցկագոյն օրինակները. կաթիլ, կաթկթել, կաթնաբուխ, կաթնալոյս, կաթնածաղիկ, կաթնածառ, կաթնածոր, կաթնամշուշ, կաթնաշունչ, կաթնասուն, կաթնավաճառ, կաթնատամ, կաթնատերեւիկ, կաթնատուն, կաթնարբու, կաթնափոշի, կաթնափրփուր, կաթընկեր, կաթնքոյր եւ կաթմայր։ (Յարգելի ընթերցող, այս պահուն պէտք է յիշել երանելի կաթմայր մը, Զմրուխտը, որբացած Սողոմոն Սողոմոնեանի՝ մեր ապագայ Կոմիտաս վարդապետի հօրեղբօր կինը, որ դարձաւ անոր կաթմայրը)։ Մեր գրիչներու սուր երեւակայութեան շնորհիւ ունեցանք «կաթնաբերան պատանիներ», «կաթնամորթ մանկիկներ», «կաթնաթոյր ուսեր» եւ «կաթնադէմ լակոտներ»։ Մեր մայրերու խոհանոցներէն ելան ախորժաբեր կաթնեղէններ, ինչպէս՝ կաթնաբրդոշ, կաթնաթան, կաթնաթթու, կաթնահաց, կաթնաձուաձեղ, կաթնաճաշ, կաթնամածուն, կաթնանոյշ, կաթնաշիլա, կաթնաշոռ, կաթնապուր եւ կաթնասեր։ Նաեւ խմեցինք «կաթնաօղի»։ (Այո, կաթէ շինուած ոգելից ըմպելի մը գոյութիւն ունի։) Իսկ այս խրախճանքը կ՛արժէ աւարտել կաթնահամ բառով մը՝ կաթնասուրճ։ Հակառակ իր փոքր հասակին, «կաթ»ը արտադրեց երկարաշունչ բարդութիւններ, ինչպէս՝ կաթնարանատիրուհի, կաթնանասնապահութիւն, կաթնաարդիւնաբերութիւն եւ կաթնաանասնաբուծութիւն։ Յայտարարենք նաեւ «կաթ»ով շինուած ամենաերկար բառը. կաթնաարտադրողականութիւն։ «Կաթ»ով աճեցան նաեւ արտայայտութիւններ. «շիճուկ կաթին», «կաթն տալ», «դիէլ կաթն», «Ծիր կաթին», «անջատել ի կաթանէ», «կաթամբ բուծանիլ», «կաթ կտրել», «մօր կաթը քիթէն բերել», «կաթն ու կորեկ դառնալ»։
Օրեր եղան, յարգելի ընթերցող, կարծեցինք, թէ մեր երկրէն կաթ կը ծորի։ Ու ներշնչուած այդ անուրջէն՝ սկսանք հայրենի գիւղերուն եւ գետակներուն կաթնային անուններ տալ։ Առաջինը «Կաթնաղբիւր» տեղանունն է, որմով այժմ կան երեք գիւղ, երեք գետ, մէկ աղբիւր եւ մէկ յուշաղբիւր։ Ունինք նաեւ «Կաթնաջուր» գիւղը եւ գետակը, «Կաթնագետ» գետը, «Կաթնառատ» գիւղը եւ «Կաթնաբլուր» բլուրը։ Իսկ Ջաւախքի մէջ կայ «Կաթնատու» գիւղը, ուր Կովկասեան լեռներու կաթնածորան երկնքի տակ կ՚ապրին երեքհարիւր հայորդիներ։
«Կաթ» բառը բոլոր դարերուն ներշնչեց հայ գրիչը։ Նախ յայտնուեցաւ Գրիգոր Նարեկացին։ Ան բռնած էր երկու անօթ, մէկը արիւնով լեցուած, իսկ միւսը՝ կաթով. «Ըմպանակք երկու յերկոսին ձեռին, մինն՝ արեամբ, եւ միւսն՝ կաթամբ»։ Ներսէս Շնորհալիի գրչին տակ Եդեսիա քաղաքը դարձաւ կաթնտու մայր. «Ես մայր էի բազմորդութեան, անթիւ ծնայ դուստր եւ որդի զորս մայրաբար դիեցուցի ի ստեանց իմոց կաթն արբուցի... Քանզի երկիր պարարտ էի, աղբիւր կաթին յորդ բղխէի»։ Եդեսիա քաղաքը գովերգած մէկ այլ բանաստեղծ է տաղասաց Արիստակէս Խարբերդցին. «Եդեսիայ մայր բազմորդի... Յստեանց քոց կաթն արբուցանես... Աղբիւր կաթին ի քէն բղխես»։ Սերունդներ շարունակեցին կաթնահամ բանատողեր յօրինել. «Սպիտակ, կաթ ու մազտաքէ բուրող ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է», Միսաք Մեծարենց, «Կապո՜յտ աղջիկ, ակաթի ու կաթի պէս հոգեթով», Եղիշէ Չարենց, «Յաւերժահարսը կաթնամարմին, մերկ ոտքերով՝ Յոյսը ձեռքին՝ կը մօտենայ», Սիամանթօ, «Լուսինն... կաթնածոր լոյսի շողեր է մաղում», Շուշանիկ Կուրղինեան, «Կը պարպէ Յարդգողն իր կաթը սափոր առ սափոր», «Դոյլերուդ մէջ մակրդի կաթը՝ արծաթ, դալն՝ ոսկի», Դանիէլ Վարուժան, «Ջուխտակ շամամներդ դրախտ ծոցիդ մէջ կաթնաղբիւր են եղել ինձ համար, մայրիկ», Ջիւանի, «Թէ քո սէրը թեւեր տայ ինձ, քեզ արծուի կաթ կը բերեմ», Շիրազ։ Շիրազը «Հայոց ամենասիրականը» քերթուածին մէջ նկարագրեց նաեւ Տիգրան Մեծի հօր՝ Տիգրան արքայի երեք զաւակները, որոնցմէ միջնեկն էր՝ «կաթնաձայն»։ Իսկ Եղիշէ Չարենցը, դժգոհելով մեր ժողովուրդի անցած քառուղիներէն՝ գանգատեցաւ «թշուառ կաթով» եւ «անհողութեան կաթով» սնուած չնչին իշխաններու մասին։
Իսկ դուք տեսա՞ծ էք «կաթ» բառը ջերմաչափի վրայ... Այս մէկը պատահեցաւ 1896 թուականին, երբ պոլսահայ դեղագործ Վենսան Գասապեանի յօրինած ջերմաչափի «-2» սանթիկրատի վրայ փորագրուած է՝ «Սառելն կաթի եւ միզոյ»։ Անշուշտ ունեցանք կաթի մասին բազմաթիւ հրատարակութիւններ, ինչպէս՝ «Կաթնատնտեսութիւն եւ զանազան գիտելիք», Յ. Մելիք-Բախտամեանց, Թիֆլիս, 1889, «Կաթնաբանութիւն։ Կաթն եւ կաթնեղէնք», Մ. Քաջունի, Վենետիկ, 1901, «Անասնապահութիւնը եւ կաթնատնտեսութիւնը մեր եւ ուրիշ երկրներում», Ս. Զաւարեան, Թիֆլիս, 1902, «Ընտրութիւն կաթնատուների կամ կաթնոտ կովերը ճանաչելու միջոցները», Գ. Մեծատուրեան, Յ. Արամեան, Ս. Պետերբուրգ, 1904։ 1844 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Մանկատածութիւն» գիրքը ունի մայրական կաթին նուիրուած տասը յօդուած, ինչպէս՝ «Մայր մը ի՛նչ կազմուածքի ու ի՛նչ վիճակի մէջ ըլլայ նէ կաթ կրնայ տալ» եւ «Աղէկ ծծմար մը ի՛նչ կազմութիւն ունենալու է ու իր կաթը ի՞նչպէս կը ճանչցուի»։ Յարգելի ընթերցող, երբ կը խօսինք մայրական կաթի եւ մեր մայրենիի ամենէն մայրական բառի մասին, պէտք է յիշել Հայրիկը։ Այո, Խրիմեան Հայրիկն էր, որ «Դրախտի ընտանիք» գիրքի «Մայր եւ դայեակ» բաժնին մէջ 49 անգամ գովերգեց մայրական կաթը։ Հայրիկի խօսքով՝ «Մանկան անդրժելի իրաւունքն է՝ կաթ խնդրել։ Եւ մօր բնական պարտքն է, կաթ տալ։ Վասն զի մեծագութ Արարչապետը... զկաթն մանկան հետ կը ստեղծէ եւ այն պահուն կը սկսին մօր ստինքներուն երկու աղբերակները բղխել, կաթնածարաւ մանուկը իւր բերանը կաթի աղբերակներու դէմ կը բանայ»։
Նորածինը այժմ անուշ քունի մէջ է։ Մայրը զայն քնքշութեամբ կը շրջէ կաթի մէկ անօթէն միւսը։ Քանի մը վայրկեանէն ալ անկողին պիտի դնէ։ Ի՞նչ երգով հրաժեշտ տալ այս հեշտագին պատկերին. «Մախմուր աղջիկ»։ Յարմարագոյն ընտրութիւնը։ «Մախմուր աղջիկ, քիչ տխուր աղջիկ... Ով որ կանգնի քո դրան, ջուրդ խմի կաթնաղբիւր աղջիկ»։