Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 86 ամեայ թոռնուհին Սուրմա Թումանեան գիրքի մը մէջ հաւաքեց իր հօր՝ Արեգ Թումանեանի մասին յուշերը։
Յովհաննէս Թումանեանի տասը զաւակներէն մէկն է Արեգ Թումանեան, որ 1930-ականներուն Ստալինեան «Մեծ մաք րագործում»ի շրջանին սպաննուած է։ Ստալինեան շրջանին Թումանեանի երեք որդիները սպաննուած էին, որոնցմէ մէկն էր Արեգ։
«Հետք.ամ»ի մէջ Մարինէ Մարտիրոսեանի խմբագրած լուրի համաձայն ակնաբոյժ Սուրմա Թումանեան կը բնակի Սեն Փեթերսպուրկ եւ գիրքը ձօնած է իր մեծ հօր ծննդեան 150-ամեակին։ Յովհաննէս Թումանեանի ուսումնասիրութիւններով ծանօթ լեզուաբան Սուզաննա Յովհաննիսեան կը նշէ թէ գիրքը մեծ բանաստեղծի վերաբերեալ նոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ։ Այդ տեղեկութիւններէն մէկն է Արեգ Թումանեանի իր հօր մասին ժամանակագրութիւն մը պատրաստելու նախաձեռնութիւնը։ Արեգ Թումանեան այս աշխատանքին ձեռնարկած է իր հօրը մասին 1930-ականներուն յառաջ բերուած ազգայնականութեան մեղադրանքը հերքելու համար։
Արեգ իր հօրը կեանքի երկու ողբերգական դէպքերուն ականատես եղած է։ Թուրքեր երբ 1918-ին կը գրաւեն Վանաձորը Թումանեանի առաջնորդութեամբ 100 հայեր Վանաձորէն դէպի Թիֆլիս կը քայլեն։ Անոնց մէջ է նաեւ 18 ամեայ Արեգը։ Արեգ Էրզրումի պաշտպանութեան կռիւներու ժամանակ ալ հօրը կողքին էր։
Սուրմա իր գրքին մէջ տեղ կու տայ նաեւ Ստալինեան վարչակարգի իր հայրը ձերբակալելու պատկերին։ Հօրը ձերբակալութենէն հազիւ չորս ամիս անց ՔԿՊ այս անգամ ալ սկսած էր հետեւիլ իր մօրը՝ Ամալիա Փիլիպոսեանին։ Յովհաննիսեան ծիծաղելի կը գտնէ Արեգ Թումանեանի ձերբակալման պատճառաբանութիւնը, որն է համաթուրքական միութիւններու հետ կապի մէջ ըլլալ։ Արեգի դուստրը Սուրմա երկար տարիներ փորձեց իր հօր մահուան թուականը եւ թաղուած վայրը յայտնաբերելու։ Ի վերջոյ յաջողեցաւ պարզել, թէ Արեգ Թումանեան գնդակահարուած է 4 Յուլիս 1938-ին եւ թաղուած է Մոսկուայի մէջ։