Քաղաքացիական պատերազմը բեկանեց նաեւ պէյրութահայութիւնը

Հրանդ Տինք հիմնարկի հայագիտական բանախօսութիւններու շարքէն երկու արժէքաւոր ակադեմականներ այցելած են քաղաքս։ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն, քաղաքական գիտութիւններու Տոքթ. Անդրանիկ Տագէսեան 10 Յունուար Չորեքշաբթի օր բանախօսեց հիմնարկի «Հաւաք» լսարանին մէջ, նիւթ ունենալով իր կեդրոնի աշխատութիւններու լոյսին տակ լիբանանահայութեան 1920-ականներէն մինչեւ մեր օրերուն երկարող համայնապատկերը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք յարգելի ատենախօսի հետ «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի կատարած հարցազրոյցը։

Նոյն շրջագծով 12 Յունուար Ուրբաթ երեկոյ այս անգամ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տոքթ. Տիգրան Զարգարեան պիտի բանախօսէ թուայնացուած գրադարաններու մասին։ Ուրբաթ օրուայ բանախօսութիւնը բացի Տոքթ. Զարգարեանի զեկոյցէն, Վահագն Քէշիշեանի ատենավարութեամբ պիտի ունենայ ասուլիսի բնոյթ, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Տոքթ. Տագէսեան։

Եդուարդ Տանձիկեան- Առա­ջի՞ն ան­գամ Պո­լիս։

Անդրա­նիկ Տա­գէսեան- Առա­ջին ան­գամ Թուրքիա։

Ե.Տ.- Քա­­ղաքա­­կան պատ­­ճառնե­­րով կը մեր­­ժէի՞ք Թուրքիա գալ, թէ ո՛չ առիթ չե­­ղաւ։

Ա.Տ.-Ո՛չ, պար­­զա­­­պէս առիթ չե­­ղաւ։

Ե.Տ.-Ի՞նչ պաշ­­տօ­­­նով զբա­­ղած էք Հայ­­կա­­­զեանի մէջ։

Ա.Տ.- Հայ­­կա­­­զեան Հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ 2011-ի վեր­­ջե­­­րուն Հայ­­կա­­­կան սփիւռքի ու­­սումնա­­սիրու­­թեան կեդ­­րոն հիմ­­նո­­­ւեցաւ։ Ես անոր տնօ­­րէնու­­թիւնը ստանձնե­­ցի եւ այ­­նուհե­­տեւ նոյն պաշ­­տօ­­­նի վրայ եմ։ Նաեւ 1993-էն սկսեալ Հայ­­կա­­­զեան հա­­յագի­­տական հան­­դէ­­­սի պա­­տաս­­խա­­­նատու քար­­տուղարն եմ։ Հիմ­­նա­­­կան այս եր­­կուքն են իմ պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րը։

Ե.Տ.- Պէյ­­րութ ծնած է՞ք։

Ա.Տ.- Պէյ­­րութ ծնած եմ 1960-ին։

Ե.Տ.- Որ­­պէս առա­­ջին հար­­ցում, այ­­սօր Պէյ­­րութի կամ Լի­­բանա­­նի հա­­յերու վի­­ճակը ինչպէ՞ս է։

Ա.Տ.- Թե­­րեւս մե­­զի հա­­մար դժո­­ւար եղաւ։ Քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տերազ­­մը կը յի­­շէք։ 1975-1990թ. մե­­զի հա­­մար քիչ մը դժո­­ւար տա­­րիներ եղան։ Հա­­կառակ, որ մենք տո­­կացինք եւ այլն, բայց մէկ բան որ չկրցանք վե­­րահսկել այդ տա­­րինե­­րուն, մեր արիւ­­նա­­­հոսու­­թիւնն էր։ Ժո­­ղովուրդը կա­­րեւոր թի­­ւով ձգեց եր­­կի­­­րը եւ ար­­տա­­­գաղ­­թեց։ Անոր հե­­տեւան­­քը մենք մին­­չեւ այ­­սօր տա­­կաւին կը կրենք։ 1990-ին պա­­տերազ­­մը թէեւ դադ­­րե­­­ցաւ, բայց կա­­ցու­­թիւնը լրիւ չխա­­ղաղե­­ցաւ։ Տնտե­­սական տագ­­նա­­­պը աւե­­լի լայն թա­­փով ըն­­թացք առաւ։ Երկրին վե­­րականգնու­­մը լրիւ չե­­ղաւ, դան­­դաղ ըն­­թացք առաւ։ Եր­­բեմն Իս­­րա­­­յէլի հետ խնդիր­­նե­­­րու բեր­­մամբ ան­­կա­­­յու­­նութիւն կար։ Ներ­­քին ան­­կա­­­յու­­նութիւն կայ որով­­հե­­­տեւ պա­­տերազ­­մը ներ­­քին քա­­ղաքա­­կան հարց էր, թէ պե­­տու­­թեան իշ­­խա­­­նու­­թե­­­նէն ո՞վ, որ­­քա՞ն եւ ի՞նչ պի­­տի առ­­նէ։ Եր­­կի­­­րը հա­­մայնքա­­պետա­­կան դրու­­թիւն է հե­­տեւա­­բար այդ հա­­մայնքնե­­րու յար­­մա­­­րելու խնդի­­րը կար։ Այս բո­­լորը տա­­կաւին վե­­րիվայ­­րումնե­­րու շրջա­­նին մէջ է։ Ընդհա­­նուր տակ­­նուվրա­­յու­­թեան մէջ դրա­­ցի եր­­կիրներն ալ օգ­­տո­­­ւեցան, քա­­նի որ իրենց շա­­հին կու գար, որ մենք ան­­կա­­­յուն կա­­ցու­­թեան մէջ մնա­­յինք, որ իրենք ալ այդ պղտոր ջու­­րին մէջ ձուկ որ­­սա­­­յին։ Այ­­սօր այս վեր­­ջին հինգ-եօթը տա­­րինե­­րուն եր­­կի­­­րը սկսած է պե­­տական ըն­­թացք մը որ­­դեգրել։ Այս ամ­­բողջ գոր­­ծընթա­­ցին մէջ շրջա­­նային քա­­ղաքա­­կան դէպ­­քե­­­րը պատ­­ճառ կը դառ­­նան, որ եր­­կի­­­րը եւ ամ­­բողջ շրջա­­նը ան­­կա­­­յուն վի­­ճակ մը ու­­նե­­­նայ։ Այս վեր­­ջին Սու­­րիական տագ­­նա­­­պը մե­­զի հա­­մար շատ ծանր է, որով­­հե­­­տեւ երկրին մէջ մէ­­կու­­կէս մի­­լիոն սու­­րիացի գաղ­­թա­­­կան կայ, որ բնակ­­չութեան մէկ եր­­րորդը կը կազ­­մէ։ Ասի­­կա ու­­րիշ վի­­ճակ կը յա­­ռաջաց­­նէ։ Օրի­­նակ սու­­րիացին կու գայ Լի­­բանա­­նի մէջ, աժան ձե­­ռավարձք է ինք եւ դուրս կը մղէ տե­­ղական աշ­­խա­­­տողը։ Ար­­դէն մենք դժո­­ւար վի­­ճակի մէջ ենք տնտե­­սապէս. այսպէս ըն­­կե­­­րական լուրջ խնդիր­­ներ ու­­նինք։ Այս պատ­­կե­­­րին մէջ նաեւ հա­­յերս կը մտնենք։ Նաեւ Ծո­­ցի եր­­կիրնե­­րուն հետ լուրջ վե­­րիվայ­­րումներ կ՚ապ­­րինք։ Այս վե­­րիվայ­­րումնե­­րը նաեւ մեր վրայ ընդհա­­նուր ժխտա­­կան ազ­­դե­­­ցու­­թիւն կը գոր­­ծեն։ Այս կա­­ցու­­թիւննե­­րով եր­­կի­­­րը ինքզինք չգտաւ տա­­կաւին կրնամ ըսել։ Հա­­յերս ալ այս տագ­­նա­­­պին մէջ ենք։ Տագ­­նա­­­պի մէջ ենք նաեւ, որ երկրի հայ­­կա­­­կան ժո­­ղովրդագ­­րա­­­կան պատ­­կե­­­րը չյստա­­կացաւ։ Թի­­ւը կը նո­­ւազի, ար­­տա­­­գաղ­­թը կը շա­­րու­­նա­­­կուի։ Մէկ կող­­մէն սու­­րիական գաղ­­թա­­­կանու­­թիւն եկաւ մօտ 10-12 հա­­զար, թե­­րեւս քիչ մըն ալ աւե­­լի։ Մէկ մա­­սը մնաց անոնց, մէկ մա­­սը գնաց։ Հա­­լէպ պի­­տի վե­­րադառ­­նա՞ն, թէ չեն վե­­րադառ­­նար, այս տագ­­նա­­­պին մէջ ենք։ Դուն կա­­յու­­նութիւն կ՚ու­­զես, որ վե­­րականգնես քու նախ­­կին վի­­ճակդ։ 75-էն 90 պա­­տերազ­­մի տա­­րիներ էին ու­­րեմն դպրո­­ցը կա­­րելի էր պահ­­պա­­­նել, աշա­­կեր­­տութեան թի­­ւը ին­­կած էր եւ այլն չես լու­­ծեր ատի­­կա պա­­տերազ­­մա­­­կան դրու­­թեան մէջ։ Հի­­մա երբ որ պա­­տերազ­­մը վեր­­ջա­­­ցաւ եւ թի­­ւերը նո­­ւազած են դուն ստի­­պուած ես ան­­պայմա­­նօրէն դպրոց­­նե­­­րուն թի­­ւերը պզտիկցնել։ Դպրոց­­նե­­­րը միաց­­նել իրա­­րու եւ այլն, որուն վեր­­ջին օրի­­նակը Ազ­­գա­­­յին կեդ­­րո­­­նական վար­­ժա­­­րանն էր, որ հաս­­տա­­­տուե­­ցաւ։ Թե­­րեւս այս իր դրա­­կան կող­­մը ու­­նի, թէեւ բա­­ցասա­­կան կող­­մե­­­րու մա­­սին ալ կը խօ­­սինք, բայց դրա­­կան կողմ ու­­նի այն առու­­մով, որ նոր տե­­սակի լու­­ծում մըն է թե­­րեւս ար­­դիւնա­­ւէտ։ Չեմ գի­­տեր, ամէն պա­­րագա­­յին նոր քայլ մըն է՝ կա­­րեւոր քայլ մը։ Նկա­­տի առ­­նենք, որ 90-էն ետք Լի­­բանա­­նի մէջ եկե­­ղեցի չէ շի­­նուած։ Դպրոց ալ չէ շի­­նուած։ Պար­­զա­­­պէս մի քա­­նի դպրոց­­ներ միացո­­ւած են եւ գո­­յացած է նոր դպրոց։ Ո՛չ միայն հաս­­տա­­­տու­­թեան առու­­մով, այ­­սինքն շէնք եւ այլն, այլ անձնա­­կազ­­մի առու­­մով նաեւ սկսած ենք նոր պայ­­մաննե­­րու հա­­մապա­­տաս­­խան նոր ըն­­թացքներ որ­­դեգրել։ Պա­­տերազ­­մի ժա­­մանակ դուն ու­­րիշ բան գործ մը չու­­նիս ընե­­լիք, պա­­տերազմ է քա­­նի որ դուն հոն ալ կը հաս­­նիս, հոս ալ կը հաս­­նիս։ Բայց երբ խա­­ղաղու­­թիւն է ստի­­պուած ես հա­­ցիդ ետե­­ւէն ալ վա­­զելու։ Այդ պա­­րագա­­յին պա­­րապու­­թիւններ յա­­ռաջա­­ցան։ Դուն, որ մի քա­­նի տեղ վար­­չա­­­կան էիր, հի­­մա հա­­զիւ մէկ տեղ պի­­տի զբա­­ղիս։ Վե­­րափո­­խու­­մի վե­­րայար­­մա­­­րելու խնդի­­րը ու­­նինք։ Ասի­­կա խնդրին մէկ երեսն է։ Միւս երե­­սը այն է որ քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տերազ­­մը, 90-էն ետք մեզ կա­­րեւոր ձե­­ւով խզեց մեր ան­­ցեալէն։ Ան­­ցեալ ըսե­­լով ես նկա­­տի չու­­նիմ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը, Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նը եւայլն։ Ես նկա­­տի ու­­նիմ Լի­­բանա­­նը։ Սե­­րունդ մը յա­­ռաջա­­ցաւ, որ չի գի­­տեր իր ան­­ցեալը։ Չի գի­­տեր ան­­մի­­­ջական, Լի­­բանա­­հայ ան­­ցեալը։ Հոս կա­­րեւոր խնդիր մը կը յա­­ռաջա­­նայ։ Ես կը ծնիմ 1994-ին եւ 18 տա­­րեկա­­նին, այ­­սինքն գի­­տակ­­ցա­­­կան տա­­րիքի, երբ որ մտայ կեանք տե­­սայ, որ լի­­բանա­­հայ գա­­ղու­­թը 70-էն 100 հա­­զար­­նոց գա­­ղութ մըն է եւ փոքր, յա­­րաբե­­րաբար տկար գա­­ղութ մը։ Ես ինքզինքս կը տես­­նեմ այդ փոքր գա­­ղու­­թի ներ­­կա­­­յացու­­ցի­­­չը։ Չեմ գի­­տեր, թէ 75-էն առաջ մեր վի­­ճակը ի՞նչ էր։ 1975-ին հա­­յու­­թիւնը Պէյ­­րութի մե­­ծագոյն քրիս­­տո­­­նեայ հա­­մայնքն էր։ Նաեւ Լի­­բանա­­նի երկրորդ մե­­ծագոյն քրիս­­տո­­­նեայ հա­­մայնքը։ Առ­­նո­­­ւազն 225 հա­­զարի մա­­սին կը խօ­­սինք։ Յե­­տոյ չմոռ­­նանք, որ Լի­­բանա­­նը փոքր է տա­­րած­­քով։ Այ­­սինքն խիտ հա­­յու­­թիւն էր։ Միացեալ Նա­­հանգներ 1 մի­­լիոնէն աւե­­լի է հա­­յու­­թիւնը։ Բայց, եթէ տա­­րած­­քին վրայ բաժ­­նես մեր խտու­­թիւնը շատ աւե­­լի բարձր է։

Ե.Տ.- 90էն վերջ այս ժո­­ղովուրդը նո­­ւազա՞ծ էր։

Ա.Տ.-Այո, նո­­ւազած էր։ Իսկ այ­­սօր 70-էն 90 հա­­զարի մի­­ջեւ կ՚են­­թադրո­­ւի լի­­բանա­­հայու­­թիւնը։

Ե.Տ.- Դար­­ձեալ Պո­­լիսէն աւե­­լի է կար­­ծեմ։

Ա.Տ.- Այստեղ կա­­րեւոր գա­­ղափար մը յայտնել կ՚ու­­զեմ։ Տե՛ս 75-ին հսկայ իրա­­նահա­­յու­­թիւն ու­­նէինք, հսկայ լի­­բանա­­հայու­­թիւն, 100 հա­­զարէ աւե­­լի սու­­րիահա­­յու­­թիւն կար, իրա­­քահա­­յու­­թիւն կար դար­­ձեալ հսկայ թիւ եւ որոշ ցանց մը կար բո­­լորիս մի­­ջեւ։ Այ­­սօր դժբախ­­տա­­­բար նաեւ պա­­տերազ­­մի բեր­­մամբ այդ ցան­­ցը չկայ։ Մեր թի­­ւերը նո­­ւազած են, բայց ես լուրջ առա­­ջարկ մը ու­­նիմ, այ­­սօր ու­­րիշ հնա­­րաւո­­րու­­թիւն մը ու­­նինք, որ այն ատեն չու­­նէինք։ Հա­­մացան­­ցի հնա­­րաւո­­րու­­թիւնը կայ։ Դուն այ­­սօր Պո­­լիս ըլ­­լա­­­լով նաեւ յա­­րաբե­­րաբար ապ­­րիս լի­­բանա­­հայու խնդիր­­նե­­­րը եւ մենք Լի­­բանան ըլ­­լա­­­լով նաեւ ապ­­րինք Պոլ­­սոյ խնդիր­­նե­­­րը, փաս­­տօ­­­րէն պոլ­­սա­­­հայու­­թեան թի­­ւը չ՚ըլ­­լար այն ինչ որ է։ Վրան կ՚աւել­­նայ լի­­բանա­­հայու­­թեան թի­­ւը։ Եւ մենք պէտք ու­­նինք ասոր, որով­­հե­­­տեւ ամ­­բողջ Մի­­ջին Արե­­ւելքս տագ­­նա­­­պի մէջ ենք։ Եգիպ­­տա­­­հայու­­թեան թի­­ւը Երու­­սա­­­ղէմը Սու­­րիան նոյնպէս։ Փո­­խադար­­ձա­­­բար բո­­լորս մէ­­կի պի­­տի վե­­րածո­­ւինք։ Հետզհե­­տէ պի­­տի ներ­­կա­­­յանանք Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի ամ­­բողջին մէջ։ Վեր­­ջա­­­պէս մենք ենք, որ արեւմտա­­հայե­­րէն կը խօ­­սինք։

Ե.Տ.- Ես ալ նիւ­­թը հոս բե­­րել կ՚ու­­զէի։ Գի­­տէք ՏԱԻՇ-ը կամ ԻՍԻՍ ալ կրնայ ըսո­­ւիլ վեր­­ջին հինգ տա­­րինե­­րուն ի՞նչ ազ­­դե­­­ցու­­թիւն ու­­նե­­­ցաւ մեր վրայ եւ դէ­­պի ո՞ւր կ՚եր­­թանք։

Ա.Տ.- Կը թո­­ւի թէ նախ պատ­­մա­­­կան ըն­­թացք մը կայ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի քրիս­­տո­­­նեանե­­րու խնդի­­րով։ Կ՚ու­­զեմ ըսել որ, երբ իս­­լա­­­մական գե­­րիշ­­խա­­­նու­­թիւն կար քրիս­­տո­­­նեանե­­րու թի­­ւը չէր նո­­ւազած։ Ընդհա­­կառա­­կը ծաղ­­կե­­­ցաւ թի­­ւը։ Այ­­սօ­­­րուան դրու­­թեամբ հա­­մոզո­­ւած եմ, թէ արաբ-իս­­լա­­­մական քա­­ղաքա­­կան մտքի մէջ շատ յստակ է, թէ քրիս­­տո­­­նէու­­թիւնը պէտք է մնայ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի մէջ։ Ծայ­­րա­­­յեղ իս­­լա­­­մակա­­նու­­թիւնը մի­­գու­­ցէ ու­­րիշ բան մտա­­ծէ, բայց այդ մտա­­ծածը հե­­ռատես չէ։ Բա­­րեխառն իս­­լա­­­մու­­թիւնը կը մտա­­ծէ, որ քրիս­­տո­­­նէու­­թիւնը պէտք է մնայ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի մէջ։ Պէյ­­րութի մէջ յա­­ւելեալ ճիգ կայ այս ուղղու­­թեամբ։ Լի­­բանա­­նի մէջ քրիս­­տո­­­նեաներս կը վա­­յելենք իրա­­ւունքնե­­րու կէ­­սը։ Խորհրդա­­րանի 128 պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու 64-ը քրիս­­տո­­­նեաներ են։ Այ­­սօր կրնայ ըլ­­լալ, որ մի­­ջազ­­գա­­­յին խնդիր­­նե­­­րու բեր­­մամբ թի­­ւը նո­­ւազի, ին­­ծի կը թո­­ւի որ պի­­տի գան օրեր, ուր մենք մեր տե­­ղը պի­­տի պա­­հենք Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի մէջ։

Ե.Տ.- Տնտե­­սական առու­­մով ինչպէ՞ս է ըն­­թացքը։

Ա.Տ.- Փոր­­ձեմ տնտե­­սական պզտիկ պատ­­կեր մը տալ։ Երբ 1920-ական­­նե­­­րու սկիզ­­բը Պէյ­­րութ եկանք, աղ­­քատ էինք։ Որ­­բա­­­նոց­­նե­­­րէն հա­­սած սե­­րունդն էր, որ ար­­հեստներ գի­­տէր։ Ատաղ­­ձա­­­գործ էր, կամ կօշ­­կա­­­կար եւ այլն։ Ահա այդ զան­­գո­­­ւածը 40-ական տա­­րեթի­­ւերուն սկսաւ դրամ շա­­հիլ։ Պա­­տերազ­­մի պատ­­ճա­­­ռաւ սահ­­մաննե­­րը փակ էին եւ ներ­­քին շու­­կա­­­յին կա­­րիք­­նե­­­րը հո­­գալու հա­­մար ար­­տադրու­­թիւն կը պա­­հան­­ջո­­­ւէր։ Այդ տա­­րինե­­րուն լի­­բանա­­հայու­­թիւնը բազ­­մա­­­բեւեռ վի­­ճակ մը ու­­նի։ Թէ մե­­քենա­­գիտա­­կան մաս­­նա­­­գիտու­­թիւն, թէ ու­­սումնա­­կան մաս­­նա­­­գիտու­­թիւն եւ թէ ար­­հեստներ։ Այս ձե­­ւով 1950-ական­­նե­­­րու վեր­­ջե­­­րուն մենք յա­­ջողե­­ցանք մտնել կեդ­­րո­­­նական Պէյ­­րութի մայր շու­­կա­­­ները։ Դժբախ­­տա­­­բար պա­­տերազ­­մին Պէյ­­րութի այդ կեդ­­րո­­­նական շու­­կա­­­ները քա­­րու­­քանդ եղան։ Այն ատեն ոս­­կերչու­­թիւն կամ լու­­սանկար­­չութիւ­­նի նման ար­­հեստնե­­րու մէջ մենք գե­­րակ­­շիռ տեղ ու­­նէինք, ոս­­կերչու­­թիւնը պա­­տերազ­­մի բե­­րու­­մով ան­­ցաւ Պուրճ Հա­­մուտ, իսկ լու­­սանկար­­չութիւ­­նը Համ­­րա գնաց։ Յե­­տոյ 90-ական­­նե­­­րուն, երբ Պէյ­­րութի շու­­կա­­­ները վե­­րականգնիլ սկսան մենք նախ­­կին թի­­ւով չկանք հի­­մա այդ շու­­կա­­­ներուն մէջ։ Երկրորդ կա­­րեւոր երե­­ւոյ­­թը այն է, որ 20-ական­­նե­­­րուն եկանք, երի­­տասարդնե­­րը յա­­ռաջա­­ցու­­ցին, հիմ­­նե­­­ցին գոր­­ծա­­­րան­­ներ, յա­­ջորդ սե­­րունդը, իրենց զա­­ւակ­­նե­­­րը պար­­զա­­­պէս, որ պի­­տի ստանձնէին իրենց հօր գոր­­ծը եւ քայլ մը առ­­ջեւ պի­­տի տա­­նէին, այդ սե­­րունդը պա­­տերազ­­մին հան­­դի­­­պեցաւ։ Ես չեմ բա­­ցար­­ձա­­­կաց­­ներ, բայց այս է երե­­ւոյ­­թը։ Եւ պատ­­ճառ դար­­ձաւ, որ այդ գոր­­ծե­­­րը դադ­­րին։ Վե­­րադառ­­նանք թէ մենք այ­­սօր ինչ վի­­ճակի մէջ ենք։ 2002-ին կա­­րեւոր հար­­ցա­­­խոյզ մը կար։ Ըստ այդ հար­­ցա­­­խոյ­­զին Լի­­բանա­­նի հայ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու մէկ եր­­րորդը ինքնա­­բաւ է, մէկ եր­­րորդը ինքնա­­բաւ է, այն պատ­­ճա­­­ռով որ դուրսի իր որ­­դին կամ ազ­­գա­­­կանը դրամ կը ղրկէ եւ այդպէ­­սով կ՚ապ­­րի։ Իսկ մէկ եր­­րորդը ինքնա­­բաւ չէ։ Հե­­տեւա­­բար դուն չես կրնար ակնկա­­լել, որ այդ մէկ եր­­րորդ ինքնա­­բաւ շեր­­տը վա­­րէ Լի­­բանա­­նի մշա­­կոյ­­թը։ Մշա­­կոյ­­թը, դպրո­­ցը ու­­րիշ տե­­սակ ֆի­­նան­­սա­­­ւորում կ՚ու­­զէ։ Պէտք է աւելցնել ու­­րիշ բան մը, 1990-ին երբ որ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ան­­կա­­­խու­­թիւնը հռչա­­կուե­­ցաւ, այն հայ­­կա­­­կան դրամ­­նե­­­րը, որ Մի­­ջին Արե­­ւելք կու գա­­յին, սկսան ու­­րիշ ուղղու­­թեամբ եր­­թալ։ Չեմ քննա­­դատեր, պար­­զա­­­պէս փաս­­տը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեմ։ Գա­­լուստ Կիւլպեն­­կեան Հաս­­տա­­­տու­­թիւնը կամ ՀԲԸ­­Մը նախ­­կի­­­նին պէս ու­­շադրու­­թիւն չեն դարձներ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քին։ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի հայն ալ տես­­նե­­­լով, որ ապա­­գան կա­­յուն չէ, կը խու­­սա­­­փի ներդրումներ կա­­տարե­­լէ։ Եզ­­րա­­­կաց­­նեմ ըսե­­լով, թէ հայ­­կա­­­կան տնտե­­սական տա­­րած­­քը, որ գո­­յու­­թիւն ու­­նէր 1975-էն առաջ, այ­­սօր գո­­յու­­թիւն չու­­նի Լի­­բանա­­նի մէջ։ 1975-էն առաջ հայ մը կրնար պաշ­­տօ­­­նակո­­չուիլ հայ­­կա­­­կան ըն­­կե­­­րու­­թեան մը մէջ, այ­­սօր նո­­ւազ կա­­րելի է։ Ներ­­կա­­­յիս պաշ­­տօ­­­նէու­­թեան կա­­րեւոր մէկ մա­­սը հայ մի­­ջավայ­­րի մէջ չէ։ Հե­­տեւա­­բար կը շփո­­ւի օտար մի­­ջավայ­­րի հետ։ Նա­­խապէս լի­­բանա­­հայը այն բա­­ցառիկ անձն էր, որ կեն­­ցա­­­ղային առու­­մով իր կեան­­քի տե­­ւողու­­թեամբ կրնար միայն հա­­յերու հետ շփո­­ւիլ։ Հի­­մա այդպէս չէ, հե­­տեւա­­բար այ­­սօր ինքնու­­թեան հա­­մակեր­­պումդ կը փո­­խուի։ Մի մոռ­­նար որ ասոնք նոր սե­­րունդ են։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան չոր­­րորդ սե­­րունդն է։ Ասոնք ծնունդ են նաեւ կո­­րիզա­­յին ըն­­տա­­­նիքի։ Առաջ ըն­­տա­­­նիքը կ՚ապ­­րէր մեծ մայ­­րով, մեծ հայ­­րով։ Այն ինչ որ չէր լսեր ծնող­­նե­­­րէն, կը լսէր մեծ ծնող­­նե­­­րէն։ Այս բո­­լորը ան­­շուշտ ինքնու­­թեան կա­­րեւոր գոր­­ծօններ էին, որոնք այ­­սօր նո­­ւազած են։ Տնտե­­սակա­­նին կ՚ու­­զեմ անդրա­­դառ­­նալ նաեւ։ Այ­­սօր հայ­­կա­­­կան տա­­րած­­քը բա­­ւական փոք­­րա­­­ցած է։ ոս­­կերչու­­թիւնը հիմ­­նա­­­կան ար­­հեստ մըն է, որ խտա­­ցած է Պուրճ Հա­­մու­­տի մէջ։ Մենք կրթա­­կան մար­­զի մէջ շատ խո­­շոր տեղ ու­­նինք։ Լի­­բանան երի­­տասարդնե­­րու կա­­րեւոր թիւ մը կայ, որ ման­­կա­­­վար­­ժութիւն կ՚ու­­սա­­­նի։ Ման­­կա­­­վար­­ժութիւն ու­­սա­­­նած հայ երի­­տասար­­դը տե­­ղական դպրոց­­նե­­­րու մէջ գրկա­­բաց կ՚ըն­­դունո­­ւի։ Մա­­մու­­լի եւ հե­­ռուստա­­ցոյ­­ցի մէջ դար­­ձեալ հա­­յեր կան։

Ե.Տ.- Դուք հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ հայ­­կա­­­կան սփիւռք կը դա­­սաւան­­դէք։ Ի՞նչ կը սոր­­վեցնէք ձեր աշա­­կերտնե­­րուն։

Ա.Տ.-Իմ դա­­սաւան­­դած բա­­ժինը 2011-ին հիմ­­նո­­­ւեցաւ։ Մեր հիմ­­նա­­­կան նպա­­տակը գի­­տաժո­­ղով­­ներ կազ­­մա­­­կեր­­պել է։ Մեր հիմ­­նա­­­կան ու­­շադրու­­թեան առար­­կան ալ Մի­­ջին Արե­­ւելքն էր։ Նաեւ ժա­­մանա­­կագ­­րութեան առու­­մով ալ՝ յե­­տեղեռ­­նեան տա­­րինե­­րը։ Ան­­շուշտ որ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան անդրա­­դար­­ձանք, բայց այդ մեր ու­­շադրու­­թեան միայն մէկ բա­­ժինը կազ­­մեց։ Կա­­րեւոր հաս­­տա­­­տում մը կայ, եթէ գա­­ղու­­թը գո­­յու­­թիւն չու­­նի, այդ գա­­ղու­­թի պատ­­մութիւնն ալ վեր­­ջա­­­ցած է։ Պատ­­կե­­­րացուր որ 1920-էն մին­­չեւ 1975, 150 հա­­զար հայ ժո­­ղովուրդ եղած է Լի­­բանան։ Այդ 50 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին ի՞նչ ար­­տադրած է, երկրին ի՞նչ նպաստ բե­­րած է, այս բո­­լորը պի­­տի գրո­­ւին։ Ու­­րեմն որո­­շեցինք այս բո­­լորը լու­­սարձա­­կի տակ առ­­նել։ Այս ծի­­րով առա­­ջին գի­­տաժո­­ղովը հայ­­րե­­­նիք-սփիւռք յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու շուրջ էր։ Հա­­յաս­­տա­­­նի հան­­րա­­­պետու­­թիւնը ար­­դէն քսան տա­­րեկան էր եւ պի­­տի տես­­նէինք, թէ դէ­­պի ուր կ՚ըն­­թա­­­նանք։ Յե­­տոյ ան­­մի­­­ջապէս ան­­ցանք ինքնու­­թեան նիւ­­թե­­­րու։ Ինքնու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ եր­­կու գի­­տաժո­­ղով­­ներ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­ցինք։ Ու­­սումնա­­սիրե­­ցինք անդրսահ­­մա­­­նային կա­­պերը, ցան­­ցը։ Գոր­­ծակցե­­լու, հա­­ղոր­­դակցե­­լու հսկայ կա­­րելիու­­թիւններ կան մեր դի­­մաց։ Տե­­սանք որ հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը կը կա­­ղայ մեր մօտ հայ օճախ­­նե­­­րու մի­­ջեւ։ Եկե­­ղեցին իր կար­­գին Էջ­­միած­­նա­­­կան- Ան­­թի­­­լիասա­­կան բե­­ւեռա­­ցում մը ու­­նի։ Նոյնպէս կու­­սակցու­­թիւննե­­րը։ Կը մնայ խնա­­միական յա­­րաբե­­րու­­թիւն, որ լուրջ նշա­­նակու­­թիւն մը պի­­տի չու­­նե­­­նայ։ Հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու առու­­մով հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը չէ հա­­սած ցան­­կա­­­լի մա­­կար­­դա­­­կի։ Ու­­րեմն փոր­­ձե­­­ցինք այս նիւ­­թը ու­­սումնա­­սիրել։ Տար­­բեր տե­­ղերէ մաս­­նա­­­գէտ­­ներ հրա­­ւիրե­­ցինք։ Փոր­­ձե­­­ցինք տար­­բեր փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րը քով քո­­վի բե­­րել, որ­­պէսզի տես­­նենք թէ ինչ կա­­րելի է ընել։ 2014-ին գի­­տաժո­­ղով կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­ցինք Լի­­բանա­­նի հա­­յերու մա­­սին։ Ով են, ուրկէ եկան, ինչ կ՚ընեն եւ այլն։ Յա­­ջորդ տա­­րին նոյ­­նը ըրինք Սու­­րիոյ հա­­յերուն եւ ապա Յոր­­դա­­­նանի հա­­յերու մա­­սին։ Ան­­ցեալ տա­­րի Իրա­­քի հա­­յերու մա­­սին էր, իսկ այս տա­­րի կը մտա­­ծենք Եգիպ­­տոս, Եթով­­պիա եւ Սու­­տա­­­նի հա­­յերու խնդիր­­նե­­­րուն թա­­փան­­ցել։ Ինչպէս կը տես­­նենք հիմ­­նա­­­կան Մի­­ջին Արե­­ւել­­քին ուղղո­­ւած կ՚աշ­­խա­­­տինք։ Կ՚ու­­զենք հա­­մայն հա­­յու­­թեան ու­­շադրու­­թեան ներ­­կա­­­յաց­­նել ամ­­բողջի այս բե­­կոր­­նե­­­րը։

Կը պար­­զո­­­ւի թէ կեդ­­րո­­­նը դա­­սաւանդման հի­­ման վրայ չ՚աշ­­խա­­­տիր։ Ես կը դա­­սաւան­­դեմ Լի­­բանա­­նի հա­­յերու պատ­­մութիւ­­նը, բայց միւս կող­­մէ կեդ­­րո­­­նը կ՚աշ­­խա­­­տի նաեւ ար­­խի­­­ւաց­­ման նիւ­­թով։ Կ՚օգ­­նենք հե­­տազօ­­տող­­նե­­­րու, որ­­պէսզի անոնք աւե­­լի խո­­րանան իրենց ու­­սումնա­­սիրած նիւ­­թե­­­րուն մէջ։ Նիւ­­թեր կը հայ­­թայթենք, ուղղու­­թիւն կու տանք եւ կը քա­­ջալե­­րենք։ Այս է մեր հիմ­­նա­­­կան աշ­­խա­­­տան­­քը։ Ան­­շուշտ գի­­տաժո­­ղով­­նե­­­րը հա­­տոր­­նե­­­րու վե­­րածո­­ւած են։

Ե.Տ.- Պոլ­­սա­­­հայու­­թիւնը հա­­յախօ­­սու­­թեան խնդիր մը ու­­նի։ Պէյ­­րութի մէջ հա­­յախօ­­սու­­թիւնը եւ գրա­­ճանա­­չու­­թիւնը ի՞նչ ըն­­թացքի մէջ է։

Ա.Տ.-Երբ յօ­­դուած մը կը գրէք, ապա կը կար­­դաք եւ բա­­ներ մը կը փո­­խէք։ Նոյն յօ­­դուա­­ծը յա­­ջորդ օր կար­­դա­­­լով կամ քա­­նի մը օր ետք կար­­դա­­­լով դար­­ձեալ բա­­ներ մը կը փո­­խէք։ Պատ­­ճա­­­ռը այն է, որ լե­­զուն սահ­­ման չու­­նի։ Հե­­տեւա­­բար չենք կրնար լրիւ գո­­հացած ըլ­­լալ։ Միշտ աւե­­լի լա­­ւի հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը կայ։ Կը կար­­ծեմ, թէ արեւմտա­­հայե­­րէնը երեք վի­­ճակ ու­­նի։ Առա­­ջին արեւմտա­­հայե­­րէնը ժո­­ղովուրդի խօ­­սակ­­ցա­­­կան լե­­զուն է։ Երկրոր­­դը մա­­մու­­լի հա­­յերէնն է, ուր գրո­­ղը ստի­­պուած է գրա­­կան լե­­զու մը գոր­­ծա­­­ծելու։ Եր­­րորդ արեւմտա­­հայե­­րէն գի­­տական լե­­զուն է։ Այն գի­­տական արեւմտա­­հայե­­րէնը, որով դուն ու­­սումնա­­սիրու­­թիւն կը կա­­տարես։ Ըն­­կե­­­րագի­­տական, փի­­լիսո­­փայա­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ կը կա­­տարես եւ այնտեղ լուրջ դժո­­ւարու­­թիւններ ու­­նինք եզ­­րե­­­րու խնդի­­րով։ Գի­­տական արեւմտա­­հայե­­րէնը դժբախ­­տա­­­բար իր բո­­վան­­դա­­­կային եւ իմաս­­տա­­­յին առու­­մով չզար­­գա­­­ցաւ։ Այստեղ արե­­ւելա­­հայե­­րէնը յատ­­կա­­­պէս բա­­ռապա­­շարի առու­­մով օգ­­նութեան կը հաս­­նի մեզ։ Իսկ տա­­կաւին զա­­նազան նիւ­­թե­­­րով արեւմտա­­հայե­­րէնն է, որ պի­­տի զօ­­րակ­­ցի արե­­ւելա­­հայե­­րէնին։

Պէյ­­րութի մէջ արեւմտա­­հայե­­րէնով դուն ուր որ ու­­զես կրնաս հաս­­նիլ։ Այ­­սինքն եթէ ճամ­­բադ մո­­լորե­­ցար հայ մը կը գտնես եւ կը հաս­­նիս տեղդ։ Ան­­շուշտ որ լե­­զուն Պէյ­­րութի մէջ եւս կը նա­­հան­­ջէ։ Մենք կը նկա­­տենք, որ արեւմտա­­հայե­­րէնի մայ­­րա­­­քաղա­­քը Մի­­ջին Արե­­ւելքն է։ Սու­­րիան է, Լի­­բանանն է կամ Եգիպ­­տո­­­սը։ Սա­­կայն դժբախ­­տա­­­բար կը նա­­հան­­ջէ լե­­զուն։ Սե­­րունդը փո­­խուած է, հա­­մաշ­­խարհայ­­նա­­­ցու­­մը իր ծանր ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը կը գոր­­ծէ, հա­­յերէ­­նը սկսած է կծկտիլ, իբ­­րեւ գոր­­ծա­­­ծական լե­­զու։ Չեմ կրնար ըսել, որ իբ­­րեւ տնա­­յին լե­­զու է, այնքան ատեն որ դուն ոլորտ մը ու­­նիս, ուր հա­­յերէն կա­­րելի է գոր­­ծա­­­ծել, հա­­յերէ­­նը կը պահ­­պա­­­նուի։ Եթէ դպրոց չու­­նիս, դպրո­­ցական հա­­յերէն բա­­ռապա­­շարը կը կորսնցնես եւ անոր տե­­ղը կու գայ լրաց­­նել արա­­բերէ­­նը կամ որե­­ւէ տե­­ղական լե­­զու։ Հե­­տեւա­­բար շատ կա­­րեւոր է, որ հա­­յերէ­­նի դրսե­­ւոր­­ման դաշ­­տը աւել­­նայ, քան պակ­­սի։ Այդ առու­­մով մենք նա­­հան­­ջի մէջ ենք առանց այլ եւ այ­­լի։ Միւս կող­­մէն, բայց կրնամ ըսել, որ մեր մօտ կը պահ­­պա­­­նուի հա­­յերէ­­նի նկատ­­մամբ հե­­տաքրքրու­­թիւնը։ Ան­­շուշտ ոչ նախ­­կին թա­­փով, բայց կայ այդ հե­­տաքրքրու­­թիւնը։ Շնոր­­հիւ Կիւլպեն­­կեան հիմ­­նադրա­­մին մենք Հայ­­կա­­­զեան հա­­մալ­­սա­­­րանս յա­­տուկ դա­­սեր յա­­ռաջա­­ցու­­ցինք մա­­նաւանդ հա­­յերէ­­նի ու­­սուցիչ­­նե­­­րու, որ­­պէսզի անոնք ալ աւե­­լի բա­­րելա­­ւեն իրենց գի­­տելիք­­նե­­­րը մանկավարժական դրսեւորումը։

Ե.Տ.- Կ՚ու­­զեմ քիչ մըն ալ անձնա­­կան հարցնել։ Ձեր ար­­մատնե­­րը ուրտե­­ղէ՞ն են։

Ա.Տ.- Մենք Հա­­ճըն­­ցի ենք։ Մեծ հայրս 1863-ի ծնունդ է։ Եր­­կու ան­­գամ ամուսնա­­ցած է. Ջար­­դէն առաջ եւ Ջար­­դէն ետք։ Մեծ մայրս ալ նոյնպէս։ Եր­­կուքն ալ նա­­խապէս ամուսնա­­ցած եղած են եւ աւե­­լի ետք Իրաք ամուսնա­­ցած են։ Մեծ մօրս հայ­­րը դար­­բին եղած է։ Հա­­ճըն այ­­սօր Սա­­յիմ­­պէյլի կը կո­­չուի։ Իսկ կինս Զէյ­­թունցի է։ Իրենք Հա­­լէպէն են։ Ըն­­տա­­­նիքը պա­­հած է իրենց բար­­բա­­­ռը։ Մեր տան մէջ բար­­բառ չէր խօ­­սուեր։ Կար­­ծեմ թէ Հա­­լէպի մէջ բար­­բա­­­ռը աւե­­լի պահ­­պա­­­նուած է, քան Պէյ­­րութ։ Մեծ մայրս թրքե­­րէն չէր գի­­տեր։ Նոյ­­նիսկ իր թրքե­­րէն չի­­մանա­­լը հեգ­­նանքի նիւթ կը դառ­­նար ըն­­տա­­­նեկան յար­­կի տակ։

Ե.Տ.- Շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն հար­­ցազրոյ­­ցին հա­­մար։

Ա.Տ.- Ես շնոր­­հա­­­կալ եմ ցու­­ցա­­­բերո­­ւած ու­­շադրու­­թեան հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ