Շիրինօղլուի այցելութիւնը նախագահ Էրտողանին

Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութեան ատե­­նապետ եւ հա­­յկական հիմ­­նարկնե­­րու հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան միու­­­թեան՝ ՎԱ­­­ՏԻՓ-ի նա­­­­խագահ Պետ­­­­րոս Շի­­­­րինօղ­­­­լու 22 Դեկ­­­­տեմբե­­­­րին Ան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րայի մէջ հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պում մը ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած է Հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան նա­­­­խագահ Էր­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ղանի հետ։

Այս հան­­­­դիպման մա­­­­սին Նա­­­­խագա­­­­հական պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նական աղ­­­­բիւրնե­­­­րէն որե­­­­ւէ յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­թիւն չէ կա­­­­տարուած։ Շի­­­­րինօղ­­­­լու ինք եւս լռու­­­­թիւն պա­­­­հած է այս հան­­­­դիպման մա­­­­սին։ Հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թիւնը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պու­­­­մէն տե­­­­ղեակ եղաւ 3 Յու­­­­նուար թուակիր «Ժա­­­­մանակ» թեր­­­­թի հրա­­­­պարա­­­­կումնե­­­­րով։ Այստեղ կ՚ըսուէր, թէ քննարկման նիւթ դար­­­­ձած են հա­­­­մայնքը յու­­­­զող զա­­­­նազան երե­­­­ւոյթներ, բայց Շի­­­­րինօղ­­­­լու խու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­փած է այս մա­­­­սին որե­­­­ւէ յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­թիւն կա­­­­տարե­­­­լէ։ Ան գո­­­­հացած է հան­­­­դիպման ժա­­­­մանակ հի­­­­ւան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նոցի ան­­­­ցեալի բան­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­րանո­­­­ցի խնդի­­­­րով, քա­­­­նի որ այդ տա­­­­րած­­­­քը նա­­­­խապէս հի­­­­ւան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նոցի սե­­­­փակա­­­­նու­­­­թիւնն էր, բայց ան­­­­ցեալին ապօ­­­­րէն կեր­­­­պով գրա­­­­ւուած էր պե­­­­տու­­­­թեան կող­­­­մէ։ Տա­­­­րած­­­­քը աւե­­­­լի ուշ այժմու կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թեան օրօք փո­­­­խան­­­­ցուած էր հի­­­­ւան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նոցին, սա­­­­կայն այս ան­­­­գամ ալ Զէյ­­­­թինպուրնուի քա­­­­ղաքա­­­­պետա­­­­րանը, թէ ար­­­­ժեզրկած էր այդ տա­­­­րած­­­­քը յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարե­­­­լով կա­­­­նանչ դաշտ եւ թէ խո­­­­չըն­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­տած էր փո­­­­խանցման գոր­­­­ծընթա­­­­ցը։ Որ­­­­քան ալ յստակ ար­­­­գելքներ խնդրոյ առար­­­­կայ չըլ­­­­լան պա­­­­րոն Շի­­­­րինօղ­­­­լուի հա­­­­մաձայն խնդի­­­­րը այժմ մտած է դէ­­­­պի լուծման փուլ։

Այս մա­­­­սին Շի­­­­րինօղ­­­­լու հրա­­­­պարա­­­­կած է նաեւ բա­­­­ցատ­­­­րութիւն մը, ուր կ՚ըսուի հե­­­­տեւեալը՝ «Մե­­­­ծայարգ նա­­­­խագա­­­­հէն ժա­­­­մադ­­­­րութիւն մը խնդրած էի։ Հա­­­­կառակ իր խճո­­­­ղուած օրա­­­­կար­­­­գին ազ­­­­նիւ գտնուեցաւ մեր խնդրան­­­­քը կա­­­­տարե­­­­լու եւ այսպէս հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պում մը տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ Պէշ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­փէի նա­­­­խագա­­­­հական նստա­­­­վայ­­­­րին մէջ։ Մեր հան­­­­դիպման ներ­­­­կայ էին նաեւ Վա­­­­քըֆ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ընդհա­­­­նուր տնօ­­­­րէն Ատ­­­­նան Էր­­­­թեմ եւ Ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­քին գոր­­­­ծոց նա­­­­խարա­­­­րու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն խորհրդա­­­­տու մը։ Իսկ ին­­­­ծի կ՚ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցէր մեր հո­­­­գաբար­­­­ձութեան ան­­­­դամնե­­­­րէն Հեր­­­­ման Պա­­­­լիան։ Երախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­պարտ ենք նա­­­­խագա­­­­հի բա­­­­րի մե­­­­ծարու­­­­թեան հա­­­­մար։ Ինչպէս նա­­­­խապէս այս ան­­­­գամ եւս ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցանք մտեր­­­­միկ զրոյց, որու ըն­­­­թացքին հա­­­­ղոր­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցինք մեզ յու­­­­զող խնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Հան­­­­դիպման ըն­­­­թացքին մօտ հե­­­­տաքրքրու­­­­թիւն եւ ու­­­­շադրու­­­­թիւն ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­բերող նա­­­­խագա­­­­հը խոս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ իր բո­­­­լոր կա­­­­րելիու­­­­թիւննե­­­­րով դիւ­­­­րացնել հի­­­­ւան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նոցը յու­­­­զող խնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Ինչպէս ՎԱ­­­­ՏԻՓ-ի վեր­­­­ջին ժո­­­­ղովին նշած էի, որո­­­­շած եմ յետ այ­­­­սու չխօ­­­­սիլ պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան ընտրու­­­­թեան նիւ­­­­թով։ Ափ­­­­սոս, որ մեր հա­­­­մայնքէն ներս կարգ մը շրջա­­­­նակ­­­­ներ նա­­­­խագա­­­­հի հետ մեր ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պումնե­­­­րու թե­­­­լադ­­­­րած լրջու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն հե­­­­ռու մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մով մը կը փոր­­­ձեն, որ­­­պէս քա­­­րոզ­­­չութեան գոր­­­ծիք։ Այս իսկ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ալ յար­­­գե­­­­­­­լի նա­­­խագա­­­հի հետ մեր ու­­­նե­­­­­­­ցած տե­­­սակ­­­ցութեան միայն հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցը հե­­­տաքրքրող բաժ­­­նին մա­­­սին պի­­­տի խօ­­­սիմ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այս հան­­­դիպման ին­­­ծի կ՚ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցէր հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի վար­­­չա­­­­­­­կան գոր­­­ծընկերս Հեր­­­ման Պա­­­լիեան»։

Շի­­­րինօղ­­­լու ապա անդրա­­­դար­­­ձաւ գրա­­­ւեալ հո­­­ղատա­­­րած­­­քի խնդրին եւ ըսաւ, որ նախ­­­կին բան­­­ջա­­­­­­­րանո­­­ցի տա­­­րած­­­քի առու­­­մով անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն մը կայ եւ այդ անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնը յաղ­­­թա­­­­­­­հարե­­­լու մար­­­մա­­­­­­­ջին մէջ ենք։ Մեր պայ­­­քա­­­­­­­րը ո՛չ թէ պե­­­տու­­­թեան ուղղուած է, այլ ընդհա­­­կառա­­­կը վստա­­­հած ենք պե­­­տու­­­թեան ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան եւ կը յու­­­սանք, թէ ար­­­դա­­­­­­­րադա­­­տական հա­­­մակար­­­գը պի­­­տի յա­­­ջողի լու­­­ծել այս գո­­­յացած սխալ ըն­­­թացքը։

Շի­­­րինօղ­­­լու նաեւ յի­­­շեց, թէ խնդրոյ առար­­­կայ բան­­­ջա­­­­­­­րանո­­­ցը պոլ­­­սա­­­­­­­հայ ժո­­­ղովուրդի յի­­­շողու­­­թեան մէջ շատ աւե­­­լի խոր նշա­­­նակու­­­թիւն եւ յի­­­շատակ­­­ներ ու­­­նի։

Շի­­­րինօղ­­­լու նաեւ փա­­­ռաբա­­­նեց նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծունէու­­­թիւնը, քա­­­նի որ իր իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան շրջա­­­նին Թուրքիոյ հայ հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը դադ­­­րած է երկրորդ կար­­­գի քա­­­ղաքա­­­ցի հա­­­մարուելու ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մէ։ «Այժմ մեր իրա­­­ւունքնե­­­րը կը վե­­­րադար­­­ձուին եւ պե­­­տու­­­թիւնը շատ աւե­­­լի ջերմ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւն կը պա­­­հէ հայ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան հետ։ Իս­­­թանպուլ զա­­­նազան կրօն­­­նե­­­­­­­րու բնօր­­­րան ըլ­­­լա­­­­­­­լով աշ­­­խարհի վրայ եզա­­­կի բնոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցող քա­­­ղաք մըն է։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ քա­­­ղաքը իր այս յատ­­­կութիւ­­­նով ար­­­ժա­­­­­­­նի է հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին նա­­­խանձ գրգռե­­­լու։ Փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութեան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւններն ալ այս դի­­­մագի­­­ծի պահ­­­պանման առու­­­մով շատ բարձր նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նին։ Ես կը յու­­­սամ, թէ պե­­­տու­­­թեան հո­­­վանա­­ւորու­­թեան ներ­­քոյ կը զար­­գա­­­նան մեր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ