Նոր տարուայ առթած ուրախ ոգեւորութեան ազդեցութեան տակ է, որ կը դիմաւորենք քրիստոնեայ աշխարհի կարեւոր տօնը՝ Սուրբ Ծնունդը։ Ծնունդի խորհուրդին մէջ եւս թաքնուած է բնութեան հետ համերաշխութիւն եւ հին ուխտերու նկատմամբ հաւատարմութեան խորհուրդ։ Ինչ-ինչ պայմաններով ալ ըլլայ մարդիկ սիրած են իրենց ինքնութեան մէջ բոյն դրած հաւատալիքները եւ հաւատարիմ մնացած են այդ բոլորին։ Այս երեւոյթը նաեւ կը պարգեւէ կրօնական իմաստին զուգահեռ աւանդութիւններ, որոնցմով անհատը ուժ պիտի քաղէ յաղթահարելու համար հիասթափութիւնը եւ աւելի կարեւորը յուսալքութիւնը։ Հրաժարելով Քաղկետոնի ժողովի թելադրած փոփոխութիւններէն հայերս հաւատարիմ մնացինք Յուլիսեան օրացոյցին, որու հետեւանքով աշխարհասփիւռ քրիստոնէութեան ու մեր միջեւ գոյացաւ 12 օրուայ շեղում մը ու այսպէս փոխանակ 25 Դեկտեմբերի մենք կը տօնենք Քրիստոսի ծնունդը 6 Յունուարին։
Տօնը կրկին առիթ է բարի մաղթանքներ փոխանցելու։
Ուրեմն՝
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս