Հայ անհատի կարեւորագոյն յատկութիւններէն մէկն է հայրէնի երկրի հանդէպ նուիրումը։ Պայմանները ինչ որ պարտադրեն, նոյնիսկ եթէ հարկադրուի հայրենի երկիրը, պապենական օճախը լքել, հայ անհատը իր կապը չի խզեր ծննդավայրի հետ։ Նոյնիսկ կը փորձէ այդ նուիրումը օտար ափերու վրայ ծնած, հասակ առած յաջորդ սերունդներուն փոխանցել։ Ահա այս գիտակցութեան մերօրեայ վառ օրինակ մը կը հանդիսանար մարտինահայ Թովմաս Չերմէ, որուն յանկարծակի մահը խորապէս ցնցած է մեզ։ Չերմէ այս կեանքէն հրաժեշտ առաւ 3 Յունուար Չորեքշաբթի առաւօտ յետ կարճատեւ դարմանումի։ Հիւանդանոցի սիրտ-անօթային բաժնի մասնագէտները 2 Յունուար Երեքշաբթի օր, ստենտ մը տեղադրած էին երակին մէջ եւ դարմանումի յաջորդ փուլի խորհրդակցութիւնը թողած էին Չորեքշաբթի օրուան։
Թովմաս Չերմէի մահուան գոյժը լսելով մեր շրթներէն թոթովեցին առաջին հակազդեցութիւնը՝ «Մարտինի հայ պատմութիւնը որբ մնաց»։ Իսկապէս անտեսուած, անիրաւուած պատմութիւն մըն է այդ, քանի որ անցեալին այս հայաշատ քաղաքը դաւանափոխութեան հետեւանքով քանի մը սերունդներու տեւողութեան մէջ բոլորովին կորսնցուցած էր իր հայկական դիմագիծը, որը եկած է լրացնել ասորական մշակոյթը։
Թովմաս Չերմէ ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ ընդվզեցաւ այս անարդարութեան եւ զանազան գետիններու վրայ պաշտպանեց ու ծանօթացուց հայու վարքն ու գործը այս պատմական քաղաքին մէջ։
Թովմաս Չերմէ քար առ քար ծանօթ էր Մարտին քաղաքին եւ իր այդ գիտելիքները բաժնած էր բազմաթիւ ակադեմականներու հետ, որոնք իրենց ուսումնասիրութիւններու հրատարակութեան առթիւ միշտ երախտիքով կը յիշէին իր անունը։ Ան հաւատարիմ հետեւող էր նաեւ հայութեան հետ առնչուած բանախօսութիւններու եւ գիտաժողովներու։
Մեր բարեկամ Թովմաս Չերմէի կորուստին պատճառած սուգը կը բաժնենք իր այրիի եւ որդիներուն հետ։