ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Իրանի կանխատեսուած հրդեհը

Հազիւ քանի մը ամիս առաջ էր, երբ Հայ Դա­տի Յանձնա­խումբի նա­խաձեռ­նութեամբ կա­յացող եր­կօ­րեայ բա­նախօ­սու­թեան մաս­նակցե­լու հա­մար այ­ցե­լած էինք Իրա­նի մայ­րա­քաղաք Թեհ­րան։ Մեր քննարկման հիմ­նա­կան նիւթն էր հայ ժո­ղովուրդի մե­րօրեայ խնդիր­նե­րը, սա­կայն ակ­նարկու­թիւննե­րը յա­ճախ կ՚ու­ղուէր հա­մաշ­խարհա­յին, յատ­կա­պէս ալ Մի­ջին Արե­ւելեան զար­գա­ցումնե­րուն։ Վեր­ջա­պէս հա­սու­նա­ցած էր հայ­կա­կան խնդի­րը հա­մաշ­խարհա­յին ու մի­ջազ­գա­յին տե­սան­կիւնի մը մէջ քննար­կե­լու գի­տակ­ցութիւ­նը։

Ըստ երե­ւոյ­թի ՀՅԴ հայն ու հայ­կա­կանը, հա­յոց պա­հան­ջա­տիրու­թիւնը մե­կու­սա­ցուած նիւթ մը ըլ­լա­լով դի­տող նախ­կին հաս­կա­ցողու­թե­նէն ձեր­բա­զատուող առա­ջին քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւնը կը դառ­նար մեր իրո­ղու­թեան մէջ։ Թէեւ այս յա­ռաջըն­թա­ցը իր ար­ժա­նի ար­ձա­գան­գը տա­կաւին չէ գտած զան­գուած­նե­րու մօտ, բայց կու­սակցու­թեան կար­ծիք ձե­ւաւո­րող շեր­տը ար­դէն իսկ անդրա­դար­ձած է ժա­մանա­կի պար­տադրանքնե­րուն։

Ան­շուշտ այս զար­գացման մէջ շատ կա­րեւոր խթան մը եղաւ Սու­րիոյ ճգնա­ժամը եւ սփիւռքա­հայու­թեան ամե­նալաւ կազ­մա­կեր­պուած գա­ղութնե­րէն հա­լէպա­հայու­թեան ան­կումը։ Հայ Դա­տի Յանձնա­խումբի եր­կօ­րեայ ժո­ղով­նե­րուն նա­խոր­դած էր պար­սիկ քա­ղաքա­կան դէմ­քե­րու մաս­նակցու­թեամբ կա­յացած միօրեայ ժո­ղով մը, ուր դար­ձեալ կը քննար­կուէր գեր­տէ­րու­թիւննե­րու տա­րածաշրջա­նի նկատ­մամբ հա­ւանա­կան ռազ­մա­վարու­թիւննե­րը։ Կա­րելի է ըսել թէ Իրա­նէ ներս այս վեր­ջին օրե­րու զար­գա­ցումնե­րը եր­բեք զար­մանք չեն պատ­ճա­ռած այդ ժո­ղովի մաս­նա­կից­նե­րուն։ Կան­խա­տեսուած էր թէ Մի­ջին Արե­ւել­քը վերստին ձե­ւաւո­րել մի­տող ամե­րիկեան քա­ղաքա­կանու­թիւնը ուշ թէ կա­նուխ իր խառ­նա­կիչ մի­ջամ­տութիւ­նը պի­տի ու­նե­նար Իրա­նի հան­դէպ ալ։

Արա­բական գա­րուն կո­չուած ապստամ­բութիւննե­րու շա­րանը ան­շուշտ որ ու­նէր իր ար­դար պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը։ Ժո­ղովուրդնե­րը աւե­լի եր­կար չէին հան­դուրժած հա­մաշ­խարհայ­նացման այս շրջա­նին ժո­ղովրդա­վար սկզբունքնե­րէ ան­տե­ղեակ բռնա­կալ­նե­րու իշ­խա­նու­թեան են­թարկուելու։ Իր սե­փական պայ­մաննե­րուն մէջ ամէն տե­սակ զօ­րակ­ցութեան ար­ժա­նի այդ ապստամ­բութիւ­նը Եգիպ­տոս եւ մա­նաւանդ Սու­րիա հաս­նե­լով շա­հագործման առի­թի մը վե­րածուեցաւ արեւմտեան գեր­տէ­րու­թիւննե­րու, եւ մաս­նա­ւորա­բար Իս­րա­յէլի հաշ­ւոյն։ Ահա­բեկիչ պե­տու­թիւնը իր ամե­նաու­րախ օրե­րը կ՚ապ­րէր երբ վա­ղեմի թշնա­մինե­րուն տան մէջ հրդեհ ծա­գեցաւ։ ԱՄՆ եւ ԵՄ տա­րածաշրջա­նի իրենց բա­րեկամ­նե­րուն՝ Թուրքիոյ, Սաու­տի Արա­բիոյ եւ Քա­թարի մի­ջոցաւ պեն­զին թա­փեցին բռնկած կրա­կին վրայ։ Իս­րա­յէլի եւ իր գոր­ծա­կալ Թրամ­բի հա­մար լա­ւագոյն առիթ կը թուի սղա­ճի դէմ բո­ղոքե­լու հա­մար փո­ղոց իջած պար­սիկ ժո­ղովուրդը դէ­պի քա­ղաքա­ցիական պա­տերազմ տա­նիլ։ Ար­դա­րեւ Թրամբ եւ Նե­թանեահու իրենց ելոյթնե­րով կը մրցին ցան­կա­լի հե­տեւան­քին հաս­նե­լու հա­մար։

Այս պա­հուն պի­տի ապա­ւինինք իրա­նահայ շար­ժանկա­րի բե­մադ­րիչ Անա­հիտ Ապա­տի խօս­քե­րուն։ «Պարսկաս­տան եր­կար դա­րերու պե­տական աւան­դութիւն ու­նե­ցող եր­կիր է։ Իրա­նի ժո­ղովուրդը այդ բազ­մա­հազար տա­րինե­րու փոր­ձա­ռու­թեամբ գի­տէ ուր եւ երբ ինչ ըն­թացք որ­դեգրել։ Հարկ եղած պա­հուն կը հա­մախմբուի երկրի շա­հերը պաշտպա­նելու հա­մար» ըսած էր ար­ժէ­քաւոր արուես­տա­գիտու­հին։

Երբ ար­դէն ցոյ­ցե­րու մի­ջոցին մա­հացող­նե­րու թի­ւը հա­սած է երե­սու­նի, Թուրքիոյ իշ­խա­նամէտ մա­մուլն ալ սկսած է նմա­նու­թիւններ գո­յաց­նել պարսկա­կան ապստամ­բութեան եւ «Կե­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­րուն մի­ջեւ։ Կը փոր­ձէ ապա­ցու­ցել թէ «Կե­զի» եւս դուրսէն բե­մադ­րուած սադ­րանք մըն էր Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րուն դէմ։ Այդ օրե­րուն դէպ­քե­րուն պեն­զին լցնող իշ­խա­նու­թիւնն է սադ­րանքի հե­ղինա­կը, որ այդ մի­ջոցաւ կ՚ու­զէր ամ­րապնդել իր կողմնա­կից­նե­րու հա­ւատար­մութիւ­նը։