Այս հանդիպումէն ի՞նչ հասկնանք

Պետ­րոս Շի­րինօղ­լուի եւ նա­խագահ Էր­տո­ղանի հան­դի­պու­մէն 13 օր ետք իրա­զեկ եղանք։ Շի­րինօղ­լու այս հան­դիպման մա­սին նա­խընտրած է միայն մէկ թեր­թի բա­ցատ­րութիւն տալ։ Բնա­կանա­բար պի­տի խոր­հինք պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան խնդրի օրա­կար­գի եկած ըլ­լա­լու կամ չըլ­լա­լու մա­սին։ Շի­րինօղ­լու իր բա­ցատ­րութիւննե­րու մէջ որոշ պղտո­րու­թեամբ կ՚անդրա­դառ­նայ այս խնդրին։ Կը յի­շեց­նէ իր նա­խորդ յայ­տա­րարու­թիւնը, ուր ըսած էր թէ այ­լեւս այս մա­սին պի­տի չխօ­սի։ Ապա կը յայ­տա­րարէ, թէ միայն հի­ւան­դա­նոցի հետ առնչուած նիւ­թե­րու մա­սին բա­ցատ­րութիւն կու տայ։ Ու­րեմն մեր եզ­րա­կացու­թիւնը այն է, որ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան խնդի­րը օրա­կար­գի եկած է, բայց Շի­րինօղ­լու կը խու­սա­փի այս մա­սին խօ­սելէ։ Սա­կայն միւս կող­մէ իր մօտ շրջա­նակէն ան­ձեր կը յայտնեն թէ այս հան­դիպման ըն­թացքին պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան խնդի­րը օրա­կար­գի չէ եկած։ Ի սկզբա­նէ տա­րօրի­նակ գոր­ծընթա­ցով մը շա­րու­նա­կող պատ­րիար­քի ընտրու­թեան նիւ­թը ան­գամ մը եւս նոր հար­ցումնե­րու տե­ղի կու տայ։ Շի­րինօղ­լու այս նիւ­թին չանդրա­դառ­նա­լու պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նէ հե­տեւեալ կեր­պով՝ «ցա­ւօք, որ ան­ցեալին մեր հա­մայնքէն կարգ մը շրջա­նակ­ներ չեն հա­մակեր­պած մեր ու­նե­ցած տե­սակ­ցութիւննե­րու լրջու­թեան։ Փո­խանակ գոր­ծընթա­ցի ծա­ռայե­լու նա­խընտրած են քա­րոզ­չութեան հա­մար օգ­տա­գոր­ծել։ Այս պայ­մաննե­րու տակ ու­րիշ տե­սակ չեմ կրնար վա­րուիլ»։

Խնդի­րը պարզ է։ Թուրքիոյ հայ հա­սարա­կու­թիւնը առա­ջին օրէն սկսեալ այս նիւ­թին շուրջ աւե­լի թա­փան­ցի­կու­թիւն է, որ կը պա­հան­ջէ։ Շի­րինօղ­լու մին­չեւ օրս իր ըրած յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն մէջ որ­դեգրեց «պե­տու­թիւնը այս ինչ կ՚ու­զէ, այն ին­չը չու­զեր»ի ոճ մը։ Քա­նի որ պե­տու­թիւնն ալ այս նիւ­թին մէջ ընդմիշտ լռու­թիւն պա­հեց, գո­յացաւ այն տպա­ւորու­թիւնը, թէ նիւ­թը քա­նի մը հո­գինե­րու մի­ջոցաւ եւ փակ դռնե­րու ետին կը զար­գա­նայ։ Ար­դա­րեւ այս վեր­ջին հան­դի­պումն ալ կու գայ այդ նոյն հա­մոզու­մը ամ­րացնե­լու։ Ան­շուշտ այստեղ ու­շագրաւ ու­րիշ երե­ւոյթներ ալ կայ։ Նա­խագա­հը ին­չո՞ւ հա­մար այս հան­դիպման մէջ չէ դի­մած նախ­կին օրի­նակ­նե­րուն եւ չէ հրա­պարա­կած հան­դի­պու­մը։ Ին­չո՞ւ հա­մար այս հան­դի­պու­մէն 13 օր ետք տե­ղեակ եղանք։ Այս հան­դիպման ըն­թացքին մեր հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թեան խնդի՞րն ալ օրա­կար­գի չէ եկած։ Հա­պա ի՞նչ կը նշա­նակէ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան խորհրդա­տուի մաս­նակցու­թիւնը։ Եթէ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան խնդի­րը օրա­կար­գի չէ եկած ապա ին­չո՞ւ այսպէս անո­րոշ յայ­տա­րարու­թիւն մը կա­տարուած է։ Հայ հա­սարա­կու­թեան մէջ կարգ մը ան­ձեր այս նիւ­թե­րը փակ դռնե­րու ետին կար­գա­ւորել կրնան ցան­կալ։ Մենք ստի­պուած ենք յի­շեց­նե­լու Պատ­րիար­քա­րանը գա­հակալ մը ու­նի, որ պաշ­տօ­նակո­չուած է ընտրու­թիւնը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։ Պէքճեան Արքեպիսկոպոս այս պաշտօնին կոչուեցաւ 13 Մարտին։ Այսինքն մօտաւորապէս ինը ամիս առաջ եւ ո՛չ մէկ յառաջընթացք։ Ժողովուրդը այլեւս յստակ քայլեր եւ թափանցիկ գործընթացք մըն է, որ կը սպասէ եւ անշուշտ ընտրուածներու իրաւունքին պաշտպանուիլը։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ