Ատելութեան պատգամները կանգ չեն առներ

Ատելութիւնը հետզհետէ երկրին ծուծին թա­փան­ցած երե­ւոյթ մըն է, որ շատ ան­գամ ալ բնա­կան երե­ւոյթ մը ըլ­լա­լով կը յայտնուի մեր դի­մաց։ Ար­դա­րեւ տա­րեմու­տի այս օրե­րուն նման բնոյ­թով վեր­տա­ռու­թիւն մը յայտնուեցաւ Պահ­չե­լիէվ­լեր թա­ղի դպրոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ։ Ինչպէս վեր­ջերս սո­վորու­թիւն դար­ձած է դպրո­ցի մուտքին տե­ղադ­րուած է 15 Յու­լի­սին ան­յա­ջող զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թիւնը կան­խե­լու մի­տուած կռիւ­նե­րու ըն­թացքին նա­հատա­կուած­նե­րու յա­տուկ ան­կիւն մը։ Այդ ան­կիւնին մէջ գրուած է հե­տեւեալը՝ «բա­նիմաց ոչ մէկ քիւրտ կրնայ ան­ջա­տողա­կան ըլ­լալ։ Ան­ջա­տողա­կան­նե­րը գիտ­ցէք, որ հա­յերն են կամ ալ օտար պե­տու­թիւննե­րու ծա­ռայող քա­նի մը խա­բուած ան­ձեր»։

Այս կար­գա­խօս­նե­րու ըն­կե­րական ցան­ցե­րու մէջ յայտնուելէն ետք Հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սե­լինա Տո­ղան եւ նոյն կու­սակցու­թեան Քա­ղաքա­պետա­կան խոր­հուրդի ան­դամ Նուրհան Չե­թին­քա­յա այ­ցե­լած են դպրոց եւ բա­ցատ­րութիւններ պա­հան­ջած կա­տարուած­նե­րուն հա­մար։ Իրենց այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին ար­դէն հե­ռացուած էր հա­յերու ուղղեալ նա­խադա­սու­թիւննե­րը, բայց Սե­լինա Տո­ղան պա­հան­ջեց, որ վե­րացուին նաեւ քիւրտե­րու ուղղեալ ար­տա­յայ­տութիւններն ալ։ Մինչ այդ դպրո­ցի տնօ­րէնու­թիւնը ցաւ յայտնեց կա­տարուածին հան­դէպ եւ խոստացաւ ուշադրութեամբ հետեւիլ այս կատարուածին համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ