Մանկանց աւանդական Ամանորեան խրախճանքն ու Կաղանդ Պապուկի այցելութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ 2 Յունուար 2018, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։
Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սոյն հանդիսութեան կը նախագահէր Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան։
Մանկանց խրախճանքին մասնակցեցան համայնքային վարժարաններու աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներն ու ծնողները։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Հանդիսութեան սկիզբը, մանուկներու միասնաբար երգած «Շնորհաւոր Նոր Տարի, Սրբազան Հայրիկ» երգի ընկերակցութեամբ, Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը հոգեւորականաց թափորով սրահէն ներս մուտք գործեց։ Մօտ երկու ժամուան ընթացքին աշակերտներ հանդէս եկան պարերով, արտասանութիւններով եւ երաժշտութեամբ։ Ապա, վարժարաններու ներկայացուցիչ աշակերտներ մի առ մի մօտեցան եւ Ամանորի նուէրներ տուին Տեղապահ Սրբազան Հօր։
Ելոյթներէ յետոյ խօսեցաւ Բարձ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս եւ գնահատեց այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը։ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդին մասին հակիրճ գիտելիքներ փոխանցելով, թելադրեց որ միշտ մնան նոյն խանդավառութեամբ իրենց եկեղեցիին, վարժարանին եւ ի մասնաւորի Հայ Քրիստոնեայ ինքնութեան հովանիին ներքեւ ու մաղթեց որ՝ Աստուծոյ աջը պահապան ըլլայ իրենց վրայ։ Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ՝ նոր տարիին, իւրաքանչիւր անձ յոյսեր ունի։ Մանուկներուն խրատեց որ աղօթքով միանան եկեղեցիին։ Ապա, բոլոր ներկաները հրաւիրեց միասնաբար Տէրունական Աղօթքը արտասանելու, որմէ յետոյ Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց բոլոր ներկաները։
Ապա երգերու եւ ծափերու տարափին ներքեւ սրահ մուտք գործեց Կաղանդ Պապուկը եւ բեմ բարձրանալով ողջագուրուեցաւ Տեղապահ Սրբազան Հօր հետ։ Ապա, Տեղապահ Սրբազանը նախաթոռը թողուց Կաղանդ Պապուկին ու հրաժեշտ առաւ սրահէն։ Երբ Նորին Սրբազնութիւնն ու եկեղեցականաց թափորը կը բաժնուէր սրահէն, մանուկներ ու ծնողներ մեծ խանդավառութեամբ մօտեցան Սրբազան Հօր, իր աջը առնելու համար։ Ապա, Կաղանդ Պապուկը թելադրութիւններ ըրաւ մանուկներուն, հրաւիրեց զանոնք ըլլալու հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները իրենց Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, յաջող ու պատուաբեր անդամները՝ իրենց պատկանած հաւաքականութեան։
Իր խօսքերէն վերջ Կաղանդ Պապուկը նուէրներ բաշխեց բոլոր մանուկներուն, որոնք մի առ մի մօտեցան եւ աջահամբոյրով ստացան տուրմ եւ անուշեղէններով լեցուն տոպրակները։