Հայ ժողովրդական երաժշտութեան, գեղջուկ երգերու դասականացման գործին մէջ շատ կարեւոր աւանդ մը ունեցած է պոլսահայ երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճեանը։ Անշուշտ հարկ է նշել թէ Չեքիճեանի հայ երաժշտական բնագաւառի մէջ արձանագրած այս մեծ աւանդի ետին պարտինք տեսնել երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կանխատեսումը։ Արդարեւ մայէսթրօ Չեքիճեանի դէպի Հայաստան տանող երաժշտական ոդիսականը սկիզբ կ՚առնէ կաթողիկոսին Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի թաղման արարողութեան ներկայ գտնուելու համար Պոլիս կատարած այցելութիւնով։ Արդարեւ Վազգէն Կաթողիկոս առաջարկեց իր հետ գալ դէպի Հայաստան եւ ստանձնել բազմաձայն երգչախումբի խմբավարութիւնը։ Ահա ճակատագրական իրադարձութիւն մը, թէ Յովհաննէս Չեքիճեանի կենսագրութեան եւ թէ հայ երգարուեստի զարգացման անունով։ Արդարեւ անուանի մայէսթրօն ապարդիւն չթողուց իր վրայ դրուած յոյսերը եւ յաջողեցաւ մինչեւ օրս բարձր պահել իր երգչախումբի փառքն ու պատիւը համաշխարհային երաժշտական աշխարհին մէջ։ Այսօր Հայաստանի պետական աքաբելլա երգչախումբը կը վայելէ աշխարհի լաւագոյն երգեցիք խումբը համարելու բացառիկ շնորհը։ Մայէսթրոյի այս ներդրումը գնահատուած է նաեւ Հայաստանի պետական իշխանութիւններու կողմէ եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով իրեն շնորհուած է «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչումը։ Այս առթիւ հրապարակուած նախագահական հրամանագրին մէջ նշուած է հետեւեալը՝ «Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու ազգանուէր գործում դրսեւորած անմնացորդ նուիրումի, մշակոյթի բնագաւառում ներդրած անձնական մեծ աւանդի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար ժողովրդական արտիստ Յովհաննէս Յարութիւնի Չեքիճեանի շնորհուել է –Հայաստանի ազգային հերոս- բարձրագոյն կոչում՝ յանձնելով Հայրենիքի շքանշան»։