ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Զի ի նմա հաճեցաւ ամենայն լրումն

Աստուածութեանն բնակել.

Եւ նովաւ հաշտեցուցանել զամենայն ի նոյն

(Կողոսացիս, 1.19)

 

Գո­հու­թիւն Ամե­նակա­լին Աս­տուծոյ, որ Ամա­նորին յա­ջոր­դող այս օրե­րուն դար­ձեալ կ՚ար­ժա­նանանք մեր Տի­րոջ եւ Փրկչին Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի Ծննդեան եւ Աս­տուածա­յայտնու­թեան տա­ղաւա­րը տօ­նելու, լից­քա­ւորուած՝ հո­գեւոր ու­րա­խու­թեամբ։ Աս­տուածա­յայտնու­թեան տա­ղաւա­րին յատ­կա­պէս կը յի­շենք մարդկա­յին կեան­քի հա­մար յոյժ կա­րեւոր ու անկրկնե­լի պատ­մա­կան իրո­ղու­թեան մը իրա­կանա­ցու­մը, առանց որուն՝ մե­ղաւոր մար­դը պի­տի շա­րու­նա­կէր մնալ մեղ­քի խա­ւարին մէջ։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵ­ՑԱՒ

Փառք Աս­տուծոյ որ՝ Քրիս­տոս ծնաւ եւ յայտնե­ցաւ։ Աւե­լի քան եր­կուհա­զար տա­րիէ ի վեր հա­ւատա­ցեալ­ներ բո­լորով սրտիւ կ՚եր­գեն Աս­տուծոյ փառ­քը եւ կը վե­րանո­րոգուին հրեշ­տա­կաւանդ փա­ռատ­րա­կանի բա­ռերով. «Փա՜ռք Աս­տուծոյն՝ բար­ձունքնե­րու մէջ, եւ խա­ղաղու­թի՜ւն երկրի վրայ ու հաշ­տութիւն՝ մար­դոց մէջ» (Ղու­կաս, 1.14)։

Աս­տուածա­յայտնու­թեան սքան­չե­լի խոր­հուրդի իմաս­տին ճշմար­տա­պէս հա­ղորդ դառ­նալ, կը նշա­նակէ դուրս գալ խա­ւարէն ու յու­սալքուած վի­ճակէն։ Աս­տուածա­յայտնու­թիւնը ար­դիւնքն է Աս­տուծոյ ան­սահման ողոր­մութեան։ Մար­դը, որ հրա­պու­րուելով չա­րու­թեան ար­մա­տին ներ­կա­յացու­ցած շլա­ցու­ցիչ տե­սարա­նէն, ըմ­բոստա­ցած էր Աս­տուծոյ կամ­քին դէմ, խզե­լով սրբա­կեն­ցաղ վար­քի կա­պը։ Այդ խզման իբր ար­դիւնք լսուեցաւ Աս­տուծոյ յան­դի­մանու­թիւնը, որուն հե­տեւե­ցաւ՝ ար­տաքսու­մը եւ մա­հուան անէծ­քը։ Սկսեալ մեր նա­խած­նո­ղէն, մար­դը երբ աշ­խարհի նե­ղու­թիւննե­րուն, տա­ռապանքնե­րուն եւ կեան­քի ալե­կոծու­թիւննե­րուն հետ դէմ յան­դի­ման եկաւ, բնա­կանա­բար զգաց իր ան­զօ­րու­թիւնը, տկա­րու­թիւնը եւ այդ զգա­ցու­մը յա­ճախ առիթ ըն­ծա­յեց մտա­ծելու իր մատ­նուած կեան­քի դժբախ­տութիւննե­րու պատ­ճառնե­րուն մա­սին։ Սա­կայն երբ երե­ւոյ­թը այս էր երկրի վրայ, երկնքի մէջ կը մշա­կուէր փրկու­թեան ծրա­գիր մը։ Մեր Երկնա­ւոր Հայ­րը, Արա­րիչը՝ եր­կինքի եւ երկրի որ՝ կը հե­տեւի մար­դուն իւ­րա­քան­չիւր քայ­լա­փոխին, ի տես անոր մատ­նուած խեղ­ճութեան, ան­սահման ողոր­մութեամ­բը կ՚որո­շէ զայն փրկել ան­կեալ վի­ճակէն ու իրեն ըն­ծա­յել՝ փրկու­թեան սքան­չե­լի առիթ մը։

Անսկիզբ եւ ան­վախճան Աս­տուած, Սուրբ Գիր­քին մէջ մե­զի կը ներ­կա­յանայ Արար­չա­գոր­ծա­կան կա­տարե­լու­թեամբ, որով ամէն ինչ բա­րի ստեղ­ծուած է։ Աս­տուած ոչ միայն ստեղ­ծած է, այլ նաեւ իր ստեղ­ծածնե­րը՝ նա­խախ­նա­մած։ Պէտք է ի մտի ու­նե­նալ թէ՝ Աս­տուած Իր արա­րած­նե­րը կը շա­րու­նա­կէ նա­խախ­նա­մել։ Ուստի տա­րօրի­նակ չէ որ՝ Իր պատ­կե­րին նմա­նու­թեամ­բը ստեղ­ծած մար­դը փրկե­լու հա­մար մշա­կած ըլ­լայ կա­տարեալ ծրա­գիր մը։ Ահա­ւասիկ Աս­տուծոյ ան­սահման ողոր­մութիւ­նը կը յայտնուի այս կէ­տին։ Հօր Աս­տուծոյ մշա­կած կա­տարեալ փրկու­թեան ծրագ­րին գա­գաթ­նա­կէտին վրայ կը բազ­մի Քրիս­տոս, Իր Միածին Որ­դին։ Ան մար­մին առած Աս­տուծոյ Խօսքն է։ Տար­բեր է այն բո­լոր սրբա­կեն­ցաղ անձնա­ւորու­թիւննե­րէն, որոնք որ­պէս մաս­նա­կից­նե­րը Աս­տուծոյ փրկու­թեան ծրագ­րին, դա­րերու ըն­թացքին մար­դու կեան­քի երկնա­կամա­րէն եկան ու ան­ցան, իւ­րա­քան­չիւրը իրեն վստա­հուած առա­քելու­թիւնը ի կա­տար ածե­լով։ Պօ­ղոս Առա­քեալ կու գայ մե­զի ու­սուցա­նել, թէ «Քրիս­տոս պատ­կերն է անե­րեւոյթ Աս­տուծոյ.…անով ստեղ­ծուեցաւ ամէն բան…ամէն ինչ անով ու անոր հա­մար ստեղ­ծուեցաւ։ Աս­տուածաու­թեան լրիւ ամ­բողջու­թիւնը անոր մէջ հա­ճեցաւ բնա­կիլ եւ հաշ­տեցնել ամէն բան անով» (Կո­ղոսա­ցիս, 1.15-19)։ Երա­նի անոնց, որոնք ար­ժե­ւորե­լով փրկու­թեան աւե­տիսը դուրս եկան մար­դա­կուլ խա­ւարէն, ձեր­բա­զատուելով՝ մեղ­քի կա­պանքնե­րէն։

Սուրբ Գիր­քէն որ­քան քաղցր կը հնչէ հաշ­տութիւն բա­ռը։ Աս­տուծոյ եւ մար­դուն մի­ջեւ յա­ռաջա­ցած կա­պի խզու­մը ան­հանգստա­ցու­ցած էր զԱս­տուած եւ ի՜նչ մե­ծու­թիւն. Աս­տուած է որ կը փա­փաքի ան­կեալ մար­դուն փրկու­թիւնը եւ այդ փա­փաքով կը բա­նայ հաշ­տութեան ճա­նապար­հը։ Մեծ եւ սքան­չե­լի խոր­հուրդ մըն է Աս­տուածորդւոյն յայտնու­թիւնը։ Նոյնքան սքան­չե­լի խոր­հուրդ մըն է, տես­նել թէ Աս­տուած նա­խաձեռ­նարկ կ՚ըլ­լայ հաշ­տութեան ճա­նապար­հը հար­թե­լու։ Մտա­ծենք եւ հա­ւատ­քով ջա­նանք Հօր Աս­տուծոյ մեծ ողոր­մութիւ­նը ըմբռնել, մա­նաւանդ բաղ­դա­տելով մեր առօ­րեայ կեան­քը, ուր յա­ճախ ան­պա­տաս­խա­նի կը մնան յան­ցա­ւոր կող­մէ եղած հաշ­տութեան խնդրանքնե­րը։ Աս­տուծոյ այս խնա­մատար ու սի­րազեղ կե­ցուած­քը որ­պէսզի ան­պա­տաս­խա­նի չմնայ Շա­րակ­նո­ցի բա­ռերով խոս­տո­վանինք թէ՝ « Այս կեան­քի ծո­վը շա­րու­նակ կ՚ալե­կոծէ մեզ. Թշնա­մին մրրկած ալիք­ներ կը յա­րու­ցա­նէ մե­զի» եւ մենք կա­րիքը ու­նինք «Բա­րի նա­ւապե­տին, որ ապա­ւէն ըլ­լայ մեր ան­ձե­րուն»։ Բա­րի նա­ւապետն է Քրիս­տոս, որուն առ­ջեւ կ՚ար­տա­սանենք Ս. Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի Աղօ­թամա­տեանի բա­ռերը, այն հա­ւատ­քով որ անոնք բո­լորիս հա­մար ըլ­լան «Ի խո­րոց սրտի, խօսք ընդ Աս­տուծոյ». «…Աս­տուածս եւ թա­գաւորս, կեանքս եւ ապա­ւէնս, յոյսս եւ վստա­հու­թիւնս, Յի­սուս Քրիս­տոս, ամե­նուն Աս­տուածը, ով սուրբե­րուն հո­գիին մէջ հանգչող Սուրբ, վիշ­տե­րու մխի­թարու­թիւն եւ մե­ղաւոր­նե­րուն քա­ւարան» (Մա­տեան Ող­բերգու­թեան, Բան ՂԳ)։ Այս բա­ռերով յայտնենք մեր փա­րու­մը Բեթ­ղե­հէմի Ման­կան՝ որ է «Ճա­նապար­հը, ճշմար­տութիւ­նը եւ կեան­քը» եւ «Առաջ­նորդը՝ Երկնա­ւոր Հօր քո­վը եր­թա­լու» (Յով­հաննէս, 14.6). Անոր՝ որ «Մարմնա­ցեալ Բանն է, բնա­կած՝ մեր մէջ» (Յով­հաննէս, 1.13)։ Շա­րու­նա­կենք մնալ նոյն հա­ւատ­քին մէջ, թէ «մենք ամէնքս Անոր լիու­թե­նէն ստա­ցանք շնորհ՝ շնոր­հի փո­խարէն. որով­հե­տեւ Օրէն­քը Մով­սէ­սի մի­ջոցով, իսկ շնորհն ու ճշմար­տութիւ­նը Յի­սուս Քրիս­տո­սի մի­ջոցաւ եղան» (Յով­հաննէս, 1.16)։

Աս­տուածա­յայտնու­թեան այս տա­ղաւա­րին եւս հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով կը շա­րու­նա­կենք աղօ­թել հանգստեան կո­չուած՝ Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիար­քին հա­մար։ Վստահ ենք, որ հա­ւատա­ցեալ­ներ ինչպէս միշտ, այս առի­թով եւս պի­տի աղօ­թակ­ցին մե­զի։ Աս­տուածա­յայտնու­թեան տա­ղաւա­րը, առիթ մը ըլ­լայ խո­նար­հե­լու Աս­տուծոյ հզօր կամ­քին առ­ջեւ եւ անդրա­դառ­նա­լու՝ Աս­տուծոյ ան­սահման սի­րոյն մէջ առա­տանա­լու կա­րեւո­րու­թեան։ Հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով լցուած ող­ջունենք զի­րար ըսե­լով.

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵ­ՑԱՒ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ.

Նմա փառք, յա­ւիտեանս յա­ւիտե­նից. Ամէն։

Աս­տուածա­յայտնու­թեան Տա­ղաւա­րին առի­թով կը շնոր­հա­ւորենք Առա­քելա­կան Մայր Եկե­ղեց­ւոյ բո­լոր զա­ւակ­ներն անխտիր, եւ քրիս­տո­սաւանդ ջեր­մա­գին սի­րով կ՚ող­ջունենք մեր Հո­գեւո­րական Դա­սու ան­դամնե­րը, Սրբա­զան Եպիս­կո­պոս­նե­րը ու Միաբան Հայ­րե­րը, Քա­հանա­յից Դա­սը, Գալ­ֆա­յեան Ուխտի Քոյ­րը, Սար­կա­ւագաց եւ Դպրաց Դա­սերը, Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռի Տնտե­սական Խոր­հուրդի, Տիկ­նանց եւ Երի­տասար­դաց կազ­մե­րու ան­դամնե­րը, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութիւ­նը, Բժշկա­պետու­թիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ քոյ­րե­րը, Հա­մայնքա­յին Հաս­տա­տու­թեանց Խնա­մակա­լու­թիւննե­րը, Թա­ղային Խոր­հուրդնե­րը, Տիկ­նանց Յանձնա­խումբե­րը, մեր հա­մայնքա­յին վար­ժա­րան­նե­րու Հիմ­նա­դիր­նե­րը, Տնօ­րէն­նե­րը, Հո­գաբար­ձութիւննե­րը, Ու­սուցչաց Դա­սը, Աղ­քա­տախ­նամ Մար­միննե­րը, Սա­նուց Միու­թիւննե­րը եւ բո­լոր մար­դա­սիրա­կան եւ մշա­կու­թա­յին մար­միննե­րը, Հայ Մամ­լոյ Խմբա­գիր­նե­րը եւ ողջ Անձնա­կազ­մը, բա­րեսի­րական եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեանց սա­տարող ազ­նիւ բա­րերար­նե­րը, հա­մայն հա­ւատա­ցեալ եւ սի­րեցեալ մեր ժո­ղովուրդը մաղ­թե­լով բո­լորին եր­ջա­նիկ Ս. Ծննդեան տօ­նակա­տարու­թիւն, ինչպէս նաեւ եկե­ղեցա­շէն, կրթա­նուէր եւ բա­րեսէր գոր­ծունէու­թեանց լիակա­տար յա­ջողու­թիւն։

Յա­տուկ օրհնու­թեամբ կ՚ող­ջունենք եւ կը շնոր­հա­ւորենք Կրե­տէի Հայ հա­մայնքի ան­դամնե­րը։

Աս­տուածա­յայտնու­թեան տա­ղաւա­րին առի­թով կը շա­րու­նա­կենք աղօ­թել վասն բա­րօրու­թեան եւ ան­սա­սանու­թեան Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միած­նի։ Մեր որ­դիական ակ­նա­ծան­քը կը յղենք Նո­րին Սրբու­թիւն Տ. Տ. Գա­րեգին Բ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսին։ Կը հայ­ցենք Նո­րին Սրբու­թեան եւ Մայր Աթո­ռի ողջ միաբա­նու­թեան աղօթքնե­րը վասն Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռին։

Ի Քրիս­տոս սի­րով կը շնոր­հա­ւօրէնք Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Նո­րին Սրբու­թիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կա­թողի­կոսը եւ Երու­սա­ղէմի Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւն Տ. Նուրհան Պատ­րիար­քը, հան­դերձ իրենց միաբա­նակից վա­նական հայ­րե­րով, նաեւ Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ բո­լոր առա­քելա­գործ վի­ճակա­ւոր­նե­րը, հան­դերձ իրենց հո­գեւո­րական դա­սերով վստահ ըլ­լա­լով, թէ բո­լորը աղօ­թակից են մե­զի։

Այս առ­թիւ ի Քրիս­տոս սի­րով ող­ջունե­լով, Աս­տուածա­յայտնու­թեան Տա­ղաւա­րի մեր շնոր­հա­ւորու­թիւննե­րը կը յղենք նաեւ բո­լոր քոյր Քրիս­տո­նեայ եկե­ղեցի­ներու առաջ­նորդնե­րուն, հո­վիւ­նե­րուն եւ հա­ւատա­ցեալ­նե­րուն, գլխա­ւորա­բար Հայ Կա­թողի­կէ եւ Հայ Աւե­տարա­նական հա­մայնքնե­րուն։

Սի­րոյ ջեր­մա­գին ող­ջոյններ կ՚առա­քենք Սփիւռքի տա­րած­քին գտնուող Պոլ­սա­հայ, Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք, Կեդ­րո­նական, Էսա­յեան, Մխի­թարեան վար­ժա­րան­նե­րու Միու­թիւննե­րուն եւ ար­տա­սահ­մա­նի բա­րեպաշտ եւ եկե­ղեցա­նուէր մեր ժո­ղովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայ­մաննե­րուն ներ­քեւ կը փոր­ձեն պա­հել մեր աւան­դութիւննե­րը, միան­գա­մայն հո­գեւոր եւ տոհ­միկ կապ պա­հելով իրենց ծննդա­վայ­րին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աս­տուածա­յին սրբա­րար զօ­րու­թիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ եղի­ցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵ­ՑԱՒ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ։

Գա­րեգին Ար­քե­պիս­կո­պոս
Պէք­ճեան

Պատ­րիար­քա­կան Տեղապահ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ