Ապահովուած յաջողութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Պարզ լրատուութենէ մը աւելի գնահատանքի ար­ժա­նի է «Ոման­ք»ի ան­ցեալ չո­րեքաբ­թի իրի­կուան հա­մեր­գը, նոյնքան եւ աւե­լի՝ իր «Բա­նալի­ք» խտա­սալի­կը, որ լոյս աշ­խարհ եկած է «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հաս­տա­տու­թեան նե­ցու­կով։ Քա­նի մը տա­րիէ ի վեր, տար­բեր հար­թակնե­րու վրայ, հան­րութիւ­նը կը հե­տեւի «Ոման­ք»ի ելոյթնե­րուն կամ ձայ­նագրու­թիւննե­րուն, սա­կայն ան­ցեալ շա­բաթ տղա­քը բեմ առին առա­ջին օրե­րու իրենց տա­ղան­դին բար­դած նաեւ միասին ստեղ­ծե­լու փոր­ձա­ռու­թիւնը։

Քա­նի մը երի­տասարդնե­րու քով քո­վի գա­լով բա­ներ մը, նո՚ր բա­ներ մը ստեղ­ծե­լու փոր­ձե­րը ան­ցեալին պատ­կա­նող քաղցր յուշ կը թուէին, հե­տեւա­բար մեծ էր մեր խան­դա­վառու­թիւնը, որուն զու­գա­հեռ նաեւ՝ մեր ակնկա­լու­թիւնը։ Դա­սակա­նը, անու­նը վրան, կը պատ­կա­նի դա­սակա­նին, ան­ցեալին, զայն կրկնե­լու փոր­ձերն ալ մե­զի ձա­խողանք կը թուին, կապ­կումի անե­լին դա­տապար­տուած քայլ։ Նեղ շրջա­նակի մէջ ապ­րող հա­ւաքա­կանու­թիւններ ատակ են ակա­մայ իյ­նա­լու պահ­պա­նողա­կանու­թեան, ան­ցեալի ան­գի­տակից վե­րար­տադրման ծու­ղա­կը։ Դուրս ել­լե­լը եր­բեմն շատ դժուար է։ «Ոման­ք» յա­ջողած է այնպէս մը ստեղ­ծել ոս­կի մի­ջին մը, որ նոր չա­փանիշ մը կը սահ­մա­նէ, գո­նէ մեր եւ մե­զի նման հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րուն հա­մար, դառ­նա­լով հե­տեւե­լի օրի­նակ մը։

Ռ. Սե­ւակի, Հ. Ար­շա­կեանի, Կ. Ճան­ճի­կեանի, Ս. Կա­պու­տի­կեանի, Զահ­րա­տի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը ան­ցեալէն քա­շելով իրենց ձե­ռագործ երաժշտու­թեամբ կը յանձնեն առօ­րեային, զա­նոնք կը դարձնեն սե­փակա­նու­թիւնը մեր ժա­մանա­կակից­նե­րուն։ «Ոման­ք» ու­նի նաեւ ի՛ր խօս­քը, ըսե­լու ի՛ր կեր­պը։ Արուես­տի գործ մը, մա­նաւանդ երբ ան­մի­ջական շփու­մի մէջ է հան­րութեան հետ, ինչպէս երաժշտա­կան հա­մերգ մը, ան­հո­գի ժա­ման­ցի մը գու­ցէ վե­րածուի եթէ չար­ձա­գան­գէ ան­մի­ջական իրա­կանու­թեան։ Այս առու­մով եւս ոգե­ւորիչ էր «Ոման­ք»ի ելոյ­թը, ուր քա­ղաքա­կան մէկ քա­նի իրա­դար­ձութիւններ, ամե­նէն ընդվզե­ցու­ցիչնե­րը թե­րեւս, ներ­կայ էին՝ հան­դի­սական­նե­րը մղե­լով մտա­ծու­մի, կե­ցուածք մը ու­նե­նալու հար­կադրան­քին։

Այսքա­նը՝ բո­վան­դա­կու­թեան շուրջ, որ անի­մաստ պի­տի ըլ­լար եթէ չըլ­լար «Ոման­քեի երաժշտու­թեան որա­կը, զայն ներ­կա­յաց­նե­լու կեր­պը։ Հա­մեր­գի օրը բե­մին վրայ ու տունն ալ ձայ­նա­գիրին մէջ տար­բեր, սա­կայն կա­տարեալ հա­ճոյք մըն էր ունկնդրել «Ոման­ք»ը։ Մարդ չ՚ու­զեր դադ­րեցնել խտա­սալի­կը։ Մա­նաւանդ քա­նի մը եր­գե­րու պա­րագա­յին կ՚ու­զէ եր­կա­րաձ­գել վա­յել­քը։ Հոս պի­տի չու­զէի եր­գե­րու անուններ նշել, սա­կայն «Լան­ջ»ին կամ «Ճա­նապար­հ»ին կա­տար­ման որա­կի փոր­ձութեան դի­մադ­րե­լը ան­կա­րելի է։ Եր­կուքն ալ ան­մի­ջապէս կը քան­դա­կուին յի­շողու­թեան վրայ։

«Ոման­ք» յա­ւակ­նոտ է։ Յայտնի է որ իրենց ճա­նապար­հի սկզբին անոնք տե­ղայի­նով սահ­մա­նափա­կուիլ չեն ու­զած, գի­ծեր չեն քա­շած իրենց երե­ւակա­յու­թան առ­ջեւ։ Ճիշդ ալ ըրած են։ Անոնց յա­ջողու­թեան գաղտնի­քը արուես­տի հա­մաշ­խարհա­յին զօ­րու­թեան հան­դէպ ու­նե­ցած իրենց հա­ւատքն է։ «Քեն­թե­ր»ով կամ հայ հա­ւաքա­կանու­թեամբ սահ­մա­նափա­կուե­լու չէ, ար­դէն երաժշտա­խումբին որակն ու արուես­տի նկատ­մամբ ու­նե­ցած յար­գա­լիր, ար­հեստա­վարժ կե­ցուած­քը զայն ան­խուսա­փելիօրէն պի­տի առաջ­նորդէ դէ­պի լու­սա­ւոր հե­ռու­նե­րը։

Այս տո­ղերը գրե­լու պա­հուն կը տե­ղեկա­նամ որ «Ոման­ք» Հրանդ Տին­քի ոգե­կոչ­ման առ­թիւ յու­նուարին հրա­ւիրուած է ելոյթ մը ու­նե­նալու Պեր­լի­նի մէջ, «Կոր­քի» թատ­րո­նի բե­մին։ Ար­դա­րեւ, խումբը դեռ պի­տի անցնի եր­կար ճա­նապարհ եւ մե­զի կը մնայ մաղ­թել, որ այդ ճա­նապար­հը ըլ­լայ միշտ կա­նաչ եւ իրենց հո­վանի եր­կինքն ալ՝ միշտ կա­պոյտ։ Մե­զի կը մնայ նաեւ հպար­տա­նալ իրենցմով եւ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնել ըն­ծա­յուած վա­յել­քին հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ