Զանազանել սեւն ու սպիտակը

Պատրիարքի ընտրութեան խնդիրի մասին «Ժամանակ» օրաթերթի գրութեան մէջ «Բողոքողներ» կոչումով նշուածներէն մէկը ըլլալով պարտաւոր կը զգամ այս տողերը շարադրելու:


ՊԵՍՍԷ ՔԱՊԱՔ

Մեսրոպ պատ­րիարք իր վար­դա­պե­տու­­թեան շրջա­­­նին Պե­­­շիկ­­­թա­­­­­­­շի եկե­­­ղեցին խօ­­­սած քա­­­րոզին նշած էր հայ մա­­­մու­­­լի կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը։ «Ազ­­­գի ապա­­­գային հա­­­մար անհրա­­­ժեշ­­­տութիւննե­­­րէն մէկն ալ հայ մա­­­մուլն է, պէտք է մտնէ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր հայ տուն» յոր­­­դո­­­­­­­րած էր։ Ես այդ քա­­­րոզէն ետք է որ ծա­­­նօթա­­­ցայ հայ թեր­­­թի հետ։ Թէեւ Մես­­­րոպ վար­­­դա­­­­­­­պետի կէս յան­­­դի­­­­­­­մանա­­­կան կէս խրա­­­տական այդ խօս­­­քե­­­­­­­րով սկսաւ հա­­­յերէն թերթ առ­­­նե­­­­­­­լու սո­­­վորու­­­թիւնը իմ մօտ, բայց շու­­­տով վե­­­րածուեցաւ անհրա­­­ժեշ­­­տութեան։ Սկիզբնե­­­րուն կը հան­­­դի­­­­­­­պէի ին­­­ծի ան­­­ծա­­­­­­­նօթ բա­­­ռերու, որոնք կը գու­­­շա­­­­­­­կէի նա­­­խադա­­­սու­­­թեան մէջ կա­­­յացող տրա­­­մաբա­­­նու­­­թեամբ կամ ալ բա­­­ռարա­­­նի օգ­­­նութիւ­­­նով։ Այսպէս օրըս­­­տօ­­­­­­­րէ հարստա­­­ցաւ նաեւ իմ բա­­­ռապա­­­շարը։

Ծնո­­­ղացս մօտ հայ թեր­­­թի մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մը բո­­­լորո­­­վին տար­­­բեր էր։ Հայրս ծա­­­նօթ էր ազ­­­գա­­­­­­­սէր, հա­­­ւատա­­­ցեալ, քա­­­ջարի ու աշ­­­խա­­­­­­­տասէր վար­­­քով։ Ամ­­­բողջ կեան­­­քի ըն­­­թացքին պայ­­­քա­­­­­­­րած էր իր ար­­­ժէքնե­­­րուն հա­­­մար։ Ման­­­կութեան տա­­­րինե­­­րուն ճա­­­շակած էր աք­­­սո­­­­­­­րի, տա­­­րագ­­­րութեան պատ­­­ճա­­­­­­­ռած սո­­­վը, ծե­­­ծը ու թշուառու­­­թիւնը։ Եր­­­բեք չէր հրա­­­ժարած իր ու­­­ղիէն ու ար­­­ժա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րէն։ Սաս­­­նայ մէջ երբ բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րու առտնի լե­­­զուն վե­­­րածուած էր արա­­­բերէ­­­նի, մեր տան մէջ բա­­­ցար­­­ձա­­­­­­­կապէս կը տի­­­րէր հա­­­յերէ­­­նը Սաս­­­նայ բար­­­բա­­­­­­­ռով։ Ու­­­րիշներ երբ ինչ-ինչ մտա­­­հոգու­­­թիւննե­­­րով իրենց զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րուն թրքե­­­րէն անուններ կու տա­­­յին, հայրս իր անդրա­­­նիկ որ­­­դին կո­­­չեց Սար­­­գիս։ Աղ­­­քատ ըլ­­­լա­­­­­­­լով հան­­­դերձ մեր Սա­­­սու­­­նէն Իս­­­թանպուլ գաղ­­­թի գլխա­­­ւոր պատ­­­ճա­­­­­­­ռը զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­յեցի դաս­­­տիարա­­­կու­­­թիւնը եւ հա­­­յավա­­­րի ապ­­­րե­­­­­­­լու մար­­­մա­­­­­­­ջը եղաւ։

Ինք հա­­­զիւ բա­­­նակի ծա­­­ռայու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն ծա­­­նօթա­­­ցած էր տիպ ու տա­­­րի հետ, յատ­­­կութիւն մը՝ որ­­­մէ բո­­­լորո­­­վին զուրկ էր մայրս։

Մին­­­չեւ որ Պո­­­լիս հաս­­­տա­­­­­­­տուինք, իրենց տե­­­սած միակ գիր­­­քը Աս­­­տուածա­­­շունչը եղած է։ Այդ իսկ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ալ հա­­­յատառ ամէն էջ սրբու­­­թիւն էր իրենց հա­­­մար։

Եթէ հա­­­յախօս եմ, կը գի­­­տակ­­­ցիմ հայ ինքնու­­­թեանս, տե­­­ղեակ եմ մեր հա­­­ւատ­­­քին ու ար­­­ժէքնե­­­րուն, այս բո­­­լորին հա­­­մար պար­­­տա­­­­­­­կան եմ նախ ծնող­­­քիս, ապա Մես­­­րոպ պատ­­­րիար­­­քին եւ հայ թեր­­­թին։ Ինչպէս երեկ, այ­­­սօր ալ կը հա­­­ւատամ, թէ ազ­­­գին ապա­­­գային հա­­­մար անհրա­­­­ժեշ­­­­տութիւն է մա­­­­մու­­­­լը։ Իսկ մա­­­­մու­­­­լը պար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր է ազ­­­­գին ար­­­­ժէքնե­­­­րը պահ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նելու, ճշմար­­­­տութիւ­­­­նը առանց շե­­­­ղելու եւ ան­­­­կողմնա­­­­կալ մնա­­­­լու իր առա­­­­քելու­­­­թեան մէջ։ Սա­­­­կայն ըստ երե­­­­ւոյ­­­­թի փո­­­­խադարձ կեր­­­­պով կը նա­­­­հան­­­­ջենք մեր ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն։

Մեր նախ­­­­կին հո­­­­գեւո­­­­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կամ ու­­­­սեալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը բնու­­­­թագրէին «Սեւ ու ճեր­­­­մակ գին­­­­նան» ասա­­­­ցուած­­­­քով։ Այս օրի­­­­նակի մէջ ճեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կը կրօ­­­­նական իմաս­­­­տով բա­­­­րիքը, սեւն ալ մեղ­­­­քը կը խորհրդան­­­­շէր։ Իսկ գի­­­­տու­­­­թեան մէջ ճեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կը ճիշդն է, իսկ սե­­­­ւը սխա­­­­լը։ Այս հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­մի հա­­­­մաձայն հո­­­­գեւո­­­­րակա­­­­նը կամ ու­­­­սեալը պէտք չէ որ սխա­­­­լէին։

Ու­­­­րեմն այս բո­­­­լորէն ետք ես ալ յայտնեմ իմ կար­­­­ծի­­­­­­­­­­­­­­­քը, որ է նաեւ պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նելու իրա­­­­ւունք։ Սեւ ու սպի­­­­տակը զա­­­­նազա­­­­նել գիտ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լով հան­­­­դերձ հա­­­­կառակ ուղղու­­­­թիւնով ըն­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­ցող յար­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­լի խմբա­­­­գիր­­­­ներ ինչ մեղք, որ չէք կրցած ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րաց­­­­նել ձեր նա­­­­խոր­­­­դող խմբա­­­­գիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու աւան­­­­դը։ Հա­­­­կառակ պա­­­­տահած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը պատ­­­­մութեան փո­­­­խան­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու ձեր առա­­­­քելու­­­­թեան, նա­­­­խընտրած էք երեք կա­­­­պիկ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը խա­­­­ղալ։ Այս մա­­­­սին միակ բա­­­­ցառու­­­­թիւնն է «Ակօս» թեր­­­­թը։

Իր յօ­­­­դուա­­­­ծին մէջ պա­­­­րոն Արա Գօ­­­­չու­­­­նեան կը խօ­­­­սի տաս տա­­­­րուայ ճգնա­­­­ժամի մը մա­­­­սին եւ այդ տա­­­­սը տա­­­­րինե­­­­րու մէջ միայն պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան ընտրու­­­­թեան յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարուած օր չի­­­­րակա­­­­նանա­­­­լը կը տես­­­­նէ իբ­­­­րեւ քաօս։ Այդ քաօսի հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­մը զինք շատ ան­­­­հանգստա­­­­ցու­­­­ցած կ՚երե­­­­ւի, քա­­­­նի որ «բո­­­­ղոքող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը» ան­­­­գամ պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նի կը հրա­­­­ւիրէ։ Ապա կը յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարէ, թէ Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րանը ան­­­­տէր է, եւ բո­­­­լոր այս խայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ռակու­­­­թեան հա­­­­մար քա­­­­ւու­­­­թեան նո­­­­խազ կը դարձնէ Տե­­­­ղապահ սրբա­­­­զանը ու գրու­­­­թիւնը կը վե­­­­րածէ զա­­­­ւեշ­­­­տաող­­­­բերգա­­­­կան շա­­­­րադ­­­­րութեան մը։

Պա­­­­րոն Արա նախ նշեմ, թէ այսքան սար­­­­սափ պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռելի քաօսա­­­­յին իրա­­­­վիճակ մը չկայ։ Աւե­­­­լի ճիշդ այ­­­­լեւս չկայ։

- Մես­­­­րոպ պատ­­­­րիար­­­­քի հի­­­­ւան­­­­դութե­­­­նէն ետք 550 տա­­­­րինե­­­­րու պատ­­­­մութիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րանին ինքնա­­­­կամ կեր­­­­պով գրա­­­­ւուած օր,

- «Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան ընդհա­­­­նուր փո­­­­խանորդ» ան­­­­գոյ տիտ­­­­ղո­­­­­­­­­­­­­­­սին հա­­­­մակեր­­­­պուած օր,

- Միայն պատ­­­­րիար­­­­քին շնոր­­­­հուած սքեմ կռե­­­­լու իրա­­­­ւունքին ու­­­­րիշնե­­­­րու փո­­­­խան­­­­ցումը լռու­­­­թեամբ դի­­­­մաւո­­­­րած օր,

- Ս. Եր­­­­րորդու­­­­թիւն եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ թա­­­­ղակա­­­­նու­­­­թեան մեր ժո­­­­ղովուրդէն 603 ան­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­րու դէմ դատ բա­­­­ցած, այդ դա­­­­տավա­­­­րու­­­­թեան մի­­­­ջոցին հայ տա­­­­րեց մարդկանց իրենց հա­­­­յու­­­­թիւնը փաս­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­լու պար­­­­տադրուած եւ այս բո­­­­լորին հա­­­­կազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թիւն ցոյց չի տրուած օր,

- Ու­­­­րիշ դա­­­­տարա­­­­նի մը մէջ Տի­­­­րամօր «Ալ հան­­­­գիստ թո­­­­ղէք որ­­­­դիս» ըսե­­­­լու հար­­­­կադրուած ու իր որդւոյն խնա­­­­մակալ կար­­­­գուած օր,

- Դա­­­­տական որո­­­­շու­­­­մէն ետք պատ­­­­րիար­­­­քի հանգստեան կո­­­­չուի­­­­լը յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարե­­­­լով ընտրու­­­­թեան մեկ­­­­նարկու­­­­մին չի­­­­րակա­­­­նանա­­­­լուն ան­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­սուած օր,

- «Յո­­­­վակիմ 1461» հիմ­­­­նադրա­­­­մէն բու­­­­րող կո­­­­յու­­­­ղիի հո­­­­տերուն չի­­­­մացուած օր,

- ճա­­­­­­­­ռելու հա­­­­մար հնա­­­­րուած «Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան ընդհա­­­­նուր փո­­­­խանորդ» տիտ­­­­ղո­­­­­­­­­­­­­­­սին ըն­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­ռած առիթ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն օգ­­­­տուելու հա­­­­մար եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ կա­­­­նոն­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն ոտ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կոխուած օր,

- Ընտրեալ Տե­­­­ղապա­­­­հի մուտքը ար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­լելու հա­­­­մար Աթո­­­­ռանիստ Մայր եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ դռնե­­­­րուն փա­­­­կուած օր,

- Տե­­­­ղապա­­­­հին հա­­­­զիւ սեւ քոս­­­­տիւմներ հա­­­­գած օտար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն հա­­­­ճոյա­­­­կատա­­­­րու­­­­թեամբ, իրենց գրպա­­­­նէն հա­­­­նած բա­­­­նալի­­­­ներով դռնե­­­­րը բա­­­­նալէն ետք Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րան մտնե­­­­լուն մար­­­­սուած օր,

Եւ նման ապ­­­­րուած ու իմ չյի­­­­շած բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ դէպ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րու պա­­­­տահած օրե­­­­րուն գո­­­­յացած էր այդ քաօսը, բայց դուք այս բո­­­­լորը չտես­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով, չլսե­­­­լով, չխօ­­­­սելով բնա­­­­կանա­­­­բար չէք նկա­­­­տած։

Մեր ներ­­­­կայ վի­­­­ճակը օրի­­­­նակով մը բա­­­­ցատ­­­­րեմ։ Ոմանց իր պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նին մէջ թե­­­­րանա­­­­լուն պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռաւ բո­­­­պիկ ոտ­­­­քով կո­­­­խած ենք ոզ­­­­նիի մը վրայ։ Այդ փու­­­­շե­­­­­­­­­­­­­­­րը մնա­­­­ցած են իրենց մխրճուած տե­­­­ղը եւ անցնող տա­­­­սը տա­­­­րինե­­­­րու ըն­­­­թացքին թա­­­­րախ յա­­­­ռաջա­­­­ցած է եւ հի­­­­մա Գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նիայէն եկած բժիշկ մը հատ հատ կը մաք­­­­րէ այդ փու­­­­շե­­­­­­­­­­­­­­­րը, բայց մենք կը հան­­­­դուրժենք գո­­­­յացած ցա­­­­ւին, գիտ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լով թէ այդ ցա­­­­ւերու աւար­­­­տին պի­­­­տի բու­­­­ժուինք։ Այս բուժման յոյ­­­­սէն կը ծա­­­­գի մեր այժմու հանգստու­­­­թիւնը։

Այս ար­­­­թիւ նաեւ նշեմ թէ գո­­­­յացած քաօսի պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նատուու­­­­թիւնը սխալ է միայն քա­­­­նի մը ան­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­րու վե­­­­րագ­­­­րել։ Այս թշուառու­­­­թեան մէջ բա­­­­ցի իրենց եր­­­­թումը դրժող հո­­­­գեւո­­­­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէ, ան­­­­կողմնա­­­­կալու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէ շե­­­­ղած մա­­­­մու­­­­լը, վախ­­­­կոտ վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­յին­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ սխալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու դի­­­­մաց ան­­­­տարբեր մնա­­­­ցող ժո­­­­ղովուրդը, բո­­­­լորս ու­­­­նինք մեր պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նատուու­­­­թեան բա­­­­ժին­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Մես­­­­րոպ Պատ­­­­րիար­­­­քի հի­­­­ւան­­­­դութիւ­­­­նով սկսած այս գոր­­­­ծընթա­­­­ցը փոր­­­­ձի դաշտ մըն էր բո­­­­լորիս հա­­­­մար եւ մենք սայ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­քեցանք։ Մեր այդ սայ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­քու­­­­մի հե­­­­տեւան­­­­քը պի­­­­տի հա­­­­տու­­­­ցեն ապա­­­­գայ սե­­­­րունդնե­­­­րը եւ այս խոր­­­­հուրդը ծան­­­­րօ­­­­­­­­­­­­­­­րէն կը վի­­­­րաւո­­­­րէ զիս։

Մեր նախ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­ները փո­­­­խանակ ապ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին ար­­­­ժէքնե­­­­րէ հրա­­­­ժարե­­­­լու, այդ ար­­­­ժէքնե­­­­րու պահ­­­­պանման հա­­­­մար հրա­­­­ժարե­­­­ցան իրենց սե­­­­փական կեան­­­­քէն։ Իսկ մենք այ­­­­սօր նոյն ար­­­­ժէքնե­­­­րու պահ­­­­պանման հա­­­­մար հար­­­­կադրուած ենք մե­­­­րոնց դէմ պայ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րելու։ Յա­­­­նուն իշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թեան, յա­­­­նուն աթո­­­­ռի, յա­­­­նուն նիւ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կան կամ բա­­­­րոյա­­­­կան շա­­­­հերու կը քայ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­յուին մեր ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, աւան­­­­դութիւննե­­­­րը։ Այս բո­­­­լորին մէջ դուք քաօս կը տես­­­­նէք միայն ու միայն յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարուած թուակա­­­­նին ընտրու­­­­թիւն չկա­­­­տարուելու խնդի­­­­րին շուրջ։ Իբ­­­­րեւ լրագ­­­­րող երբ դուք այ­­­սօր կը խու­­­սա­­­­­­­փիք ճշմար­­­տութիւննե­­­րը գրե­­­լու, վստահ եղէք որ պատ­­­մութիւ­­­նը իր էջե­­­րուն մէջ ձեզ պի­­­տի յի­­­շէ ամե­­­նայն ճշմար­­­տութեամբ։

Ինչպէս բո­­­լոր ազ­­­գե­­­­­­­րուն, բարձրեալն Աս­­­տուած իմ ազ­­­գիս հա­­­մար ալ խա­­­ղաղու­­­թիւն թող պար­­­գե­­­­­­­ւէ։

Յար­­­գա­­­­­­­նօք

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ