Շնոր­հա­ւոր Նոր Տա­րի ձե­զի, մե­զի եւ բո­լորին, բո­լորին…

Դիտե­լով երկրա­գունդի բազ­մա­թիւ կէ­տերու վրայ բո­ցավա­ռուող կրա­կը, վեր­լուծա­բան­ներ ար­դա­րօրէն կրնան կան­խա­գու­շա­կել ձա­խորդ օրե­րը։ Տնտե­սագէտ­ներ կրնան կան­խա­տեսել աշ­խարհաս­փիւռ խա­ղաղ բնակ­չութեան սպառ­նա­ցող աղ­քա­տու­թիւնը։ Նոյ­նիսկ բնա­պահ­պաններ կրնան ահա­զանգ հնչեց­նել աշ­խարհի մի­ջին ջեր­մաստի­ճանի բարձրա­ցու­մով գո­յանա­լիք աղէտ­նե­րու հա­մար։

Ար­դէն այդ սպառ­նա­լիք­նե­րու տակ ան­ցած բո­վան­դակ տա­րի մը լրա­ցու­ցինք եւ կը պատ­րաստուինք թե­ւակո­խել յա­ջոր­դին։ Այս պա­հուն կը յի­շենք աշ­խարհի ամե­նադա­ժան պա­հերուն իսկ իրենց յոյ­սե­րը վառ պա­հած, ող­ջա­կիզ­ման ճամ­բարնե­րուն, տա­րագ­րութեան ճա­նապարհնե­րուն կամ գաղ­թա­կայան­նե­րուն մէջ, պա­րիքաթ­նե­րու վրայ կամ սահ­մա­նագ­ծի խրա­մատ­նե­րու խոր­քին, կամ բան­տախցիկ­նե­րու հաստ պա­տերու ետին ան­գամ ամա­նորը բա­րի մաղ­թանքնե­րով դի­մաւո­րող մարդկու­թիւնը եւ ան­գամ մը եւս կը հաս­տա­տենք մեր կամ­քը՝ պի­տի դի­մադ­րենք բո­լոր չա­րիք­նե­րուն ինչպէս նա­խորդ, նոյնպէս յա­ջորդ տա­րուայ մէջ եւս։

Կեց­ցէ՜ մար­դու դի­մադ­րութեան կո­րովը չա­րիքի ու խա­ւարի դէմ։

Շնոր­հա­ւոր Նոր Տա­րի ձե­զի, մե­զի եւ բո­լորին, բո­լորին…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ