Բարեւներ ու անիրականանալի մաղթանք

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Նոր տարուան քանի մը օր մնացած քանի մը տող գրե­լու սա փոք­րիկ փոր­ձը հետզհե­տէ գի­տեմ որ պի­տի վե­րածուի տա­ժանա­կիր աշ­խա­տան­քի, քա­նի որ ան­ցեալ տա­րուան ու ան­ցեալ տա­րինե­րու դէպ­քե­րը, իրա­դար­ձութիւննե­րը միտքս այդքա՜ն կ՚աղմկեն, որ զա­նոնք մէ­կիկ-մէ­կիկ հոս դնել ու­զե­լով հան­դերձ, անոնց շուքն իսկ էջին տա­լը ես իմ յա­ջողու­թիւնս պի­տի հա­մարիմ։

Պի­տի փոր­ձեմ ո՛չ միայն ամ­փո­փել Աթէ­շեանի ու իր մանկլա­ւիկ­նե­րուն յա­ռաջա­ցու­ցած խնդիր­նե­րը, որոնք մեր հա­սարա­կու­թիւնը ջլա­տող իրենց ան­հա­տական ան­կա­րու­թիւննե­րուն ցու­ցադրաս­րահն է, նաեւ պի­տի ու­զեմ քա­նի մը խօսք ըսել մարդկա­յին խեղ­ճուկրա­կու­թեան վե­րաբե­րեալ, որոնց առ­ջեւ խղճա­հարու­թիւն կը զգամ միայն։ Պի­տի ու­զեմ խօ­սիլ, գրել ազ­գա­յին­ճի­ներու ապի­կարու­թեան քովն ի վեր, անոնց կոյր ու բա­ցի կռի­ւէ ոչինչ տես­նե­լու կա­րող աչ­քե­րուն ու խլա­ցած ականջնե­րուն իսկ առ­ջեւ ծլող, ծաղ­կող, հա­սակ առ­նող բո­լոր այն գոր­ծե­րուն մա­սին, զորս կը կա­տարեն նուիրեալ ան­ձեր ու հաս­տա­տու­թիւններ՝ հրա­տարա­կելով գիր­քեր, պե­ղելով պատ­մութիւ­նը, կազ­մա­կեր­պե­լով գրա­կան ու գի­տական ձեռ­նարկներ, ծա­նօթաց­նե­լով մեր հայ­րե­րուն քա­ղաք­նե­րը, մե­րազ­նեաց ու այ­լազգեաց սո­րվեց­նե­լով հայ­կեան լե­զուն ու մաշ­տո­ցեան այ­բուբե­նը… Եւ այն մէկ (չգիտ­ցար՝ եր­կու) ինքնա­զոհ մար­դը ան­պայման պի­տի ու­զեմ դնել տեղ մը այս գրու­թեան մէջ, որ ի հե­ճուկս իւ­րա­յին­նե­րուն կե­րած ապուրնե­րուն օրի­նաւո­րապէս խնդիր լու­ծել կը ջա­նայ, բայց հե­ռու ու մօ­տիկ մայ­րա­քաղա­քի մը մէջ վա­տաբար կը քննա­դատուի գառ­նազգեստ գայ­լին կող­մէ։

Այո, կ՚ու­զեմ գրել, ըսել, պատ­մել այս ամէ­նը, մինչ միտքս կը խճո­ղեն դեռ ու­րիշ շատ բա­ներ. անար­դա­րու­թիւննե­րուն մե­ծագոյ­նը՝ պե­տական ճնշու­մը զօ­րու­թեամբ իրենց հետզհե­տէ վտտած ու թուլցած մար­միննե­րուն, սա­կայն նոյնքան զօ­րաւոր ու ու­ժեղ հո­գինե­րուն վրայ զգա­ցող Նու­րի­յէին ու Սե­միհին խօս­քը կ՚ու­զեմ բա­նալ, զինք բան­տարգե­լու­մի առաջ­նորդող «մա­նուկներ չմեռ­նին» մաղ­թանքը բարձրա­ձայ­նած Այ­շէն ան­պայման կ՚ու­զեմ յի­շել, եւ դեռ այն ու­սուցիչ­նե­րը, ակա­դեմա­կան դա­սախօս­նե­րը, ճշմար­տութեան պաշտպան բան­տարկեալ լրագ­րողնե­րը, հիւ­սի­սէն հա­րաւ, արե­ւել­քէն արեւ­մուտք տա­ժան­քով, բայց բաց ճա­կատով, մա­քուր խղճով իրենց կեան­քի օրե­րը ան­ցը­նող յայտնի ու ան­յայտ հա­զարա­ւոր մար­դի­կը կ՚ու­զեմ բա­րեւել, առանց մոռ­նա­լու սա­կայն շքան­շա­նի մը կամ միու­թե­նական սե­ղանի մը առ­ջեւ աթո­ռի մը սի­րոյն իրենց կա­շին ամէն օր վա­ճառող, չար­շա­ֆահա­սակ յօ­դուած­նե­րով իրենց մտքի մեր­կութիւ­նը միայն ծած­կել փոր­ձող գրչակ­նե­րը…

2017-ի վեր­ջին եւ 2018-ի առա­ջին օրե­րուն կ՚ու­զեմ ինքնամ­փո­փուիլ. այո՛, քա­ռաս­նե­ւեր­կա­մեայ այս հա­սակիս գի­տեմ, որ տիեզե­րական յա­ւեր­ժա­կան ըն­թացքը ժա­մանա­կով կո­տորա­կելը սոսկ խաբ­կանք մըն է, այ­նուամե­նայ­նիւ տա­րինե­րուն նե­տուած յե­տադարձ ու յա­ռաջըն­թաց հա­յեացքնե­րը, մտա­յին ու մարմնա­կան առող­ջութեան տա­րած մեր հո­գը զգաստ կը պա­հէ մեզ, հան­րա­յին ու ան­հա­տական կեան­քի մէջ մեր ու­նե­ցած կամ մե­զի վե­րագ­րուած պա­տաս­խա­նատուու­թիւննե­րը փոք­րի­շատէ յա­ջողու­թեամբ իրա­կանաց­նե­լու, մեր մտա­յին ու հո­գեկան խա­ղաղու­թիւնն ու հա­ւասա­րակշռու­թիւնը առողջ պա­հելու ճա­նապար­հին խրա­խոյս մը կը հան­դի­սանայ։ Այո՛, մեր ներ­քին խա­ղաղու­թիւնը ամուր խա­րիսխ մըն է խա­ղաղ պա­հելու հա­մար մեր եւ մե­րային­նե­րուն նա­ւահան­գիստը։ Փոք­րիկ Իշ­խա­նին պէս մա­քուր ու կա­նոնա­ւոր պա­հելու հա­մար մեր սե­նեակը, մեր տիեզեր­քը։

Նոր տա­րիէն շնորհ ակնկա­լելը մաղ­թանք մըն է միայն, յոյս մը, որ հա­ւանա­բար եր­բեք պի­տի չի­րակա­նանայ, պի­տի մնայ որ­պէս պատ­րանք։ Բայց թող ըլ­լայ… Եզ­րա­փակեմ Զահ­րա­տի հե­տեւեալ տո­ղերով.

«Կա­ղան­դի ծառ մը շտկե­լու հա­մար

Մէկ բան կը բա­ւէ - ոչ ծառ ոչ ալ զարդ -

Ատի­կա խի­ճերն ադա­մանդ կար­ծող

Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն է

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար

Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ

Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ