Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՐՀԻ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆԻ


Քրիս­տոս ծնաւ եւ յայտնե­ցաւ։

Փա՜ռք ի բար­ձունս Աս­տուծոյ եւ յեր­կիր խա­ղաղու­թիւն, ի մար­դիկ հա­ճու­թիւն։

 

Ժա­մանա­կի հոս­քին, տա­րինե­րու ըն­դոստ ելե­ւէջու­մին մէջ Քրիս­տո­սի Ս. Ծննդեան եւ Յայտնու­թեան յի­շատա­կին կա­պուած շրջա­նը ամէ­նէն հո­գեպա­րար, մեր սրտե­րը ամէ­նէն քնքշօ­րէն շո­յող օրե­րը կ՚ըն­ծա­յէ մե­զի։

Մա­նու­կի մը ծնունդը մե­ծագոյն ու­րա­խու­թիւնն է իր ծնող­քին եւ ըն­տա­նիքին հա­մար։ Յի­սու­սի ծնունդը մե­ծագոյն ու­րա­խու­թիւնն է քրիս­տո­նեայ հա­ւատա­ցեալ­նե­րու ըն­տա­նիքին հա­մար։

Մար­դուս վե­րաբե­րող կեն­ցա­ղային երե­ւոյթնե­րուն մէջ, մեր ու­րա­խու­թիւնը կ՚ար­տա­յայ­տենք հո­գեկան ու մարմնա­կան խառն հար­թակնե­րու վրայ։ Այսպէս Ս. Ծննդեան տօնն ալ կը տօ­նենք նախ մեր եկե­ղեցի­ներուն խորհրդազ­գած կա­մար­նե­րուն, երկնամ­բարձ գմբէթ­նե­րուն ներ­քեւ, անոնց աս­տուածըն­կալ խո­րան­նե­րուն առ­ջեւ։ Բայց կը տօ­նենք նաեւ մեր ըն­տա­նեկան եր­դիքնե­րուն տակ, մեր ակութնե­րուն ջեր­մութեան, մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ սրտա­հատոր­նե­րուն մտեր­մութեան մէջ։

Այս տո­ղերով կը փա­փաքիմ նախ շնոր­հա­ւորել Իս­թանպու­լի եւ Թուրքիոյ Կա­թողի­կէ Հա­յերու Ս. Ծննդեան, Փրկչին Տնօ­րէնու­թեան, Աս­տուածա­յայտնու­թեան եւ Մկրտու­թեան տօ­նական օրե­րու շղթան, բո­լորին մաղ­թե­լով՝ որ գա­լիք Ամա­նորը ըլ­լայ միշտ Բեթ­ղե­հէմի գի­սաւոր աստղին լոյ­սով ողո­ղուած, Յի­սու­սի մսու­րին շնորհնե­րով տո­գորուած, Երկնա­ւոր Հօր օրհնու­թիւննե­րով ցնցղուած, Ս. Հոգ­ւոյն միւ­ռո­նածոր խնդու­թիւննե­րով բերկրած։

Կը փա­փաքիմ նաեւ հայ­րա­կան յոր­դորս ուղղել բո­լորին՝ որ տօ­նենք Ս. Ծնունդը եւ յա­րակից տօ­ները, վա­յելե­լով ան­շուշտ մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն ջեր­մութիւ­նը, այս տօ­ներուն առ­թած վա­յելքն ու հան­գիստը, բայց յի­շելով եւ ապ­րե­լով միշտ Ս. Ծննդեան խո­րագոյն նշա­նակու­թիւնը՝ որ է Փրկչին երե­ւու­մը եւ յայտնու­թիւնը աշ­խարհի վրայ։

Այս առ­թիւ աղօթ­քի եւ բա­րեմաղ­թութեան իմ եղ­բայրա­կան իղ­ձերս կը փա­փաքիմ փո­խան­ցել բո­վան­դակ Հայ ժո­ղովուրդին, սկսեալ Իս­թանպու­լի մեր տնա­կից եղ­բայրնե­րէն եւ քոյ­րե­րէն, մին­չեւ Հա­յոց աշ­խարհ, մին­չեւ սփի­ւոքի ծայ­րե­րը։

Թող բո­լորիս յա­րատեւ աղօթ­քը ըլ­լայ, յատ­կա­պէս այս սուրբ օրե­րուն, որ հրեշ­տակնե­րու աս­տուածա­շունչ եր­գը՝ երկրի վրայ խա­ղաղու­թեան եւ մար­դոց մի­ջեւ հաշ­տութեան, իրա­կանու­թիւն դառ­նայ մեր երկրէն՝ Թուրքիայէն սկսեալ մին­չեւ աշ­խարհի ծա­գերը, իր ազ­դե­ցու­թիւնը զգաց­նե­լով մա­նաւանդ Մի­ջին Արե­ւել­քի ալե­կոծ տա­րածքնե­րուն վրայ։

Բեթ­ղե­հէմի սի­րասուն Մա­նու­կը, Տէր Յի­սուս, որ ամե­նակալ Տէրն է աշ­խարհի, իր սէրն ու գթու­թիւնը առա­տօրէն զե­ղու մեր այս տա­ռապա­գին մարդկու­թեան վրայ։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ