ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Մի եւս եղիցին քեզ աստուածք առժամայնք.

Եւ մի երկիրպագանիցես դու աստուծոյ օտարի»։

(Սաղմոսք, Ձ.10)

Անու­րա­նալի իրո­ղու­թիւն է թէ՝ իւ­րա­քան­չիւր ամա­նոր բո­լորիս կը յի­շեց­նէ ժա­մանա­կի գա­ղափա­րը, երբ տա­րի մը եւս կը թո­ղունք մեր ետին, յանձնե­լով զայն պատ­մութեան ար­ժե­ւոր­ման։ Կա­մայ եւ ակա­մայ իւ­րա­քան­չիւր ամա­նորին կ՚անդրա­դառ­նանք թէ ժա­մանա­կը թա­ւալգլոր կ՚անցնի անզգա­լաբար։ Այս անդրա­դարձման առըն­թեր ընդհան­րա­պէս չենք մտա­բերեր թէ՝ մարդ արա­րածին երկրա­ւոր կեան­քի սահ­մա­նափակ ժա­մանա­կաշրջա­նը, հա­մար­ժէք է կա­թիլ մը ջու­րի, բաղ­դատմամբ՝ Աս­տուծոյ անսկիզբ եւ ան­վախճան ժա­մանա­կամի­ջոցի ով­կիանո­սին հետ։

Կը գտնուինք Ամա­նորի սե­մին։ Ինչ որ ալ ըլ­լան առօ­րեայ կեան­քի պայ­մաննե­րը, Ամա­նորը ընդհան­րա­պէս կ՚ըն­կա­լուի որ­պէս ու­րա­խառիթ պա­րագայ։ Մար­դիկ իրենց պայ­մաննե­րով կը հա­ւաքուին սե­ղան­նե­րու շուրջ, կը զուար­ճա­նան, կը խնդան ու կ՚ու­րա­խանան։ Սա­կայն այդ բո­լորը, որոնց կ՚ըն­կե­րանան բա­րեմաղ­թութիւններ, ընդհան­րա­պէս կը մնան աշ­խարհիկ չա­փանիշ­նե­րով ար­ժե­ւոր­ման սահ­մաննե­րուն մէջ։ Ժո­ղովրդա­կանա­ցած «եր­ջա­նիկ տա­րիներ, շատ տա­րինե­րու, բա­րի տա­րիներ» դա­սական բա­րեմաղ­թութիւննե­րը իրենց իս­կա­կան իմաս­տը չեն գտներ, երբ անոնց առըն­թեր կը բա­ցակա­յի այն հաս­տատ հա­մոզումն ու հա­ւատ­քը թէ՝ երկնքի եւ երկրի Արա­րիչն է կեան­քի օրե­րուն Տէ­րը եւ Տուիչը ամե­նայն բա­րու­թեանց։ Եւ դժբախ­տա­բար այս բա­ցակա­յու­թիւնը ընդհան­րա­պէս դուռ կը բա­նայ որ՝ մարդկա­յին տկա­րու­թեամբ ու նեղ­միտ հաս­կա­ցողու­թեամբ՝ կեան­քեր կուռքի վե­րածուին։ Աս­տուած յա­ւիտե­նական է, իսկ մար­դը՝ մահ­կա­նացու եւ մար­դուն երկրա­ւոր կեան­քը՝ ժա­մանա­կաւոր։ Ուստի վա­ղան­ցուկը աս­տուածաց­նել ու զայն պաշ­տա­մունքի առար­կայ դարձնել, կը նշա­նակէ դուռ բա­նալ՝ առ­ժա­մեայ յանձնուած կեան­քի օրե­րու շնոր­հազրկման ու ար­գելք հան­դի­սանալ՝ կեան­քի օրե­րու իմաս­տա­ւոր­ման։

Ուստի, Ամա­նորի սե­մին իմաս­տութիւն է մտա­ծել մեր կեան­քի ուղղու­թեան մա­սին։ Մա­նաւանդ մեր հայ­րա­կան յոր­դո­րը կ՚ուղղենք երի­տասարդ սե­րունդի մեր զա­ւակ­նե­րուն, քա­նի որ այս տա­րին, Ամե­նայն Հա­յոց Վե­հափառ Հայ­րա­պետի կող­մէ յատ­կա­պէս հռչա­կուած է «Երի­տասար­դութեան Տա­րի»։

Սի­րելի զա­ւակ­ներ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ.

երբ երի­տասար­դա­կան խան­դով ու աւիւ­նով կը գոր­ծէք, իմաս­տութեամբ շար­ժե­լով Ձեր ամէ­նօրեայ կեան­քի պա­հերը թա­գադ­րե­ցէք ան­ժա­մանակ ու ճշմա­րիտ Աս­տուծոյ ներ­կա­յու­թեամբ։ Ձեր կեան­քը սնու­ցա­նեցէք Աս­տուծոյ Խօս­քով ու զայն ամուր բռնե­ցէք հա­ւատ­քով, յոյ­սով եւ սի­րով։ Մի մոռ­նաք թէ՝ Աս­տուած­սի­րու­թիւնը կու գայ սան­ձել մարդկա­յին տկա­րու­թիւննե­րը։ Մի ար­տօ­նէք, որ Ձեր երի­տասար­դա­կան աշ­խոյժ կեն­ցա­ղը կուռքի վե­րածուի։

Ամա­նորին երբ մեր բա­րի մաղ­թանքներն ու խնդրանքնե­րը կը մա­տու­ցենք առ Աս­տուած, կը յի­շենք հանգստեան կո­չեցեալ Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը։ Ամա­նորի առ­թիւ հայ­րա­կան սի­րով կ՚ող­ջունենք մեր հա­մայնքի հո­գեւո­րական եւ աշ­խարհա­կան բո­լոր ան­դամնե­րը անխտիր, բո­լորին մաղ­թե­լով քա­ջառողջ կեանք, լի Աս­տուածա­յին շնորհնե­րով։

Աս­տուծոյ շնորհքը, սէ­րը եւ Աս­տուածա­յին սրբա­րար զօ­րու­թիւնը բո­լորիս հետ ըլ­լայ. Ամէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ