ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԱՄԱՆՈՐ

Բառերուն ամենէն պտղաբերը

Ամանորեայ սեղանը համախմբեց բոլորին։ Մեծ քա­ղաքի նոր բնա­կիչ­նե­րը, կեդ­րո­նական Փոքր Ասիոյ աննշան մէկ բնա­կավայ­րի՝ Կի­կի գիւ­ղի եր­բեմնի հո­ղագոր­ծե­րը աւան­դա­պահ, հա­ւաքուեցան հնդկա­հաւի եւ այլ տօ­նական ճա­շերու շուրջ։ Մեծ աթո­ռը, -սե­ղանին «գլու­խը»-, մեծ հօրն է, Մեր­տի­րոս աղա­յին։ Անոր քով կը բազ­մին իր հա­մագիւ­ղա­ցի ազ­գա­կան­նե­րը՝ Սի­րական աղան, Լէոն աղան եւ Սէր­գիս աղան։ Ապա կու գան փե­սաներն ու որ­դի­ները. Յա­բէթը, Զա­տիկը, Վահ­րա­մը, Կիւլպէն­կը եւ Փա­նոսը։ Անոնց քով՝ մեծ կի­ները, Կիւ­լի­զարը, Գու­ֆա­րը, Լիւ­սիան, եւ Իս­կուհին։ Իսկ սե­ղանին հե­ռաւոր ծայ­րը թոռ­նիկներն են։ Դուք ան­շուշտ, յար­գե­լի ըն­թերցող­ներ, չտե­սաք դուստրերն ու հար­սե­րը։ Անոնք հա­մայ­նա­պատ­կե­րէն ժա­մանա­կաւո­րապէս դուրս մնա­ցին։ Զիւմրիւ­թը, Սի­ման եւ Մա­րիամը, ինչպէս նաեւ՝ Ֆի­լորն ու Էրա­նին խո­հանո­ցէն սե­ղան կ՛եր­թե­ւեկեն, տաք ճա­շերը կը բե­րեն ու առա­ջին պնակ­նե­րը կը լեց­նեն։ Երբ այդ գոր­ծը վեր­ջա­նայ՝ սե­ղան կրնան նստիլ։

Պատ­կե­րը նման է հայ­կա­կան նոր տա­րուայ բա­ռասե­ղանին մօտ։ Գլխա­ւոր տե­ղերէն մէ­կը վե­րապա­հուած է «ամա­նոր» բա­ռին՝ մեր տօ­ներուն, ու­րա­խու­թիւննե­րուն սկզբնաղ­բիւրը, ըստ հայ­կա­կան դի­ցաբա­նու­թեան, նաեւ մեր բա­ռերուն ամե­նէն պտղա­բերը։ Անոր քով կը նստին աւագ եղ­բայրնե­րը. ամեակ, եր­կա­մեայ, եռա­մեայ, քա­ռամեակ, հնգա­մեակ, եօթ­նա­մեայ, տաս­նա­մեակ, քսա­նամեակ, յիս­նա­մեակ, հա­րիւ­րա­մեակ, հա­զարա­մեակ, բազ­մա­մեայ, բիւ­րա­մեայ... Յա­ջորդնե­րը՝ կրտսեր­ներն են. կի­սամեակ, փոք­րա­մեայ, միամեայ։ Ներ­կայ են եր­կու հիւր զար­միկներ՝ ամա­դարձ եւ ամա­վերջ։ Սե­ղան նստած ըլ­լա­լով հան­դերձ զրոյցնե­րէն հե­ռու կը մնան վեց երի­ցագոյն հա­րեւան­նե­րը. զա­ռամ, զա­ռամու­թիւն, զա­ռամա­կան, զա­ռամա­գոյն, զա­ռամիլ, զա­ռամեալ։ Անոնք եր­կու ըն­կեր ու­նին. հնա­մենի եւ հնա­մեայ։ Այս սե­ղանն ալ ու­նի «որկրա­մոլե­րը», որոնք մար­մի­նով աւե­լի «լե­ցուն» են. եր­կո­տաս­նա­մեայ, երեք­տասնա­մեայ, հնգե­տաս­նա­մեան եւ հինգհա­րիւ­րա­մեակ։ Սե­ղանը կ՚ամ­բողջաց­նէ բառ մը, որ հա­զուա­գիւ­տօ­րէն ներ­կայ կը գտնուի նման կո­չունքնե­րու. վեշ­տասնա­մեայ։ Իսկ սե­ղանին գլու­խը, ամեակ­նե­րու, հա­զարա­մեակ­նե­րու, տաս­հա­զարա­մեակ­նե­րու ար­մա­տը՝ հա­մեստ, փոք­րա­կազմ, սա­կաւա­պէտ եւ սա­կաւա­կեր միավանկ մըն է, բաղ­կա­ցած պար­զա­պէս՝ «ա» ձայ­նա­ւորէ եւ «մ» բա­ղաձայ­նէ։

Մեր­տի­րոս աղա­յի սե­ղանէն բարձրա­ցող ու­րա­խալից ձայ­նե­րուն կը միանայ հե­ռատե­սիլի ամա­նորեայ երաժշտա­կան յա­տուկ յայ­տա­գիրը։ Մինչ նո­րերը կը սկսին պա­րել եւ զուար­ճա­նալ սի­րուած եր­գե­րով, մե­ծերը կը յի­շատա­կեն Կի­կին։

Բա­ռերը ու­նին զօ­րաւոր յի­շողու­թիւն։ «Հա­զարա­մեակ» բա­ռը եկաւ ձեռնտու երբ 1939 թուակա­նին հայ­րե­նի հրա­տարա­կիչ­ներն ու ազ­գագրա­գէտ­նե­րը Սա­սունցի Դա­ւիթի դիւ­ցազնա­վէպի հա­զարա­մեակին նուիրուած հա­տոր­ներ գրի կ՚առ­նէին։ Ահա այդ գիր­քե­րու տիտ­ղո­սաթեր­թե­րէն մէջ­բե­րումներ. «Յո­բելի­նական ժո­ղովա­ծու նուիրուած էպո­սի 1000-ամեակին», «Էպո­սի 1000-ամեակի տօ­նակա­տարու­թեան Յո­բելե­նական Հան­րա­պետա­կան Կո­միտէ»։ Երե­սուն տա­րի անց։ Այս ան­գամ «հա­րիւ­րա­մեակ» բա­ռը եղաւ գոր­ծա­ծելի, երբ գրա­կանա­գէտ Գուրգէն Յով­նա­նը պատ­րաստեց Յ. Թու­մա­նեանի «Հա­տըն­տիր»ի յա­ռաջա­բանը, որուն գլխա­ւոր միտքն էր՝ «... հայ ժո­ղովուրդի մեծ բա­նաս­տեղծի ծննդեան 100-ամեակը»։ Մեր ազ­գա­յին յի­շողու­թիւնն ու գրա­դարան­նե­րը կը զար­դա­րեն նաեւ հե­տեւեալ խո­րագիր­նե­րը. «Քսան եւ հինգ ամեակ Աղ­բիւր ման­կա­կան ամ­սագրի, 1883-1908», «Իս­րա­յէլ Օրի։ Մա­հուան 200 ամեակի առի­թով», «Ալ­բոմ հայ նշա­նագ­րե­րու։ Առ­թիւ 1500-ամեակի հայ տա­ռերու գիւ­տին եւ 400-ամեակի հայ տպագ­րութեան»։ Պատ­մա­կան գիր­քե­րու տիտ­ղո­սաթեր­թե­րուն վրայ տե­սանք նաեւ «յա­մի»-ն. «Սահ­ման ազ­գա­յին ժո­ղովոյն, որ եղեւ յա­մի տեառն 1826 ի Մար­տի 4», «Ըն­տիր պատ­մութիւն Դա­ւիթ Բէ­գին, եւ պա­տերազ­մաց հա­յոցն Խա­փանու... յա­մի տեառն 1722, եւ հա­յոց 1171», «Ճա­նապար­հորդու­թիւն ի Բա­բելոն ընդ Հա­յաս­տան յա­մի տեառն 1847»։

Ժա­մը կէս գի­շերին կը մօ­տենայ։ Եր­շի­կի, թո­փիկի, ձէ­թով լու­բիայի պնակ­նե­րը ժա­մացոյ­ցի կամ անոր հա­կառակ ուղղու­թեամբ ձեռ­քէ ձեռք կը փո­խան­ցուին, աղա­մանը զիկ-զակ­ներ գծե­լով կը պտը­տի սե­ղանը։

«Ար­մատնե­րուն վե­րադառ­նալ». Մեր­տի­րոս աղան եւ սե­ղանա­կից­նե­րը կը հա­ւատան, թէ ասի­կա է ամա­նորին իս­կա­կան իմաստն ու ար­ժէ­քը։ Իսկ ի՞նչ է «ամա­նոր»ին ար­մա­տը։ Ականջ տանք ստու­գա­բան­նե­րու եզ­րա­կացու­թեան. «Բնիկ հնդեւ­րո­պական sem «ամառ» կամ «տա­րի» ար­մա­տէն։ Հա­մեմա­տել հա­յերէն «ամառն», հին հնդկե­րէն sոmā «կէս տա­րի», աւես­տե­րէն hama «ամառ», հին վե­րին-գեր­մա­ներէն sumar «ամառ» բա­ռերու հետ»։ Ին­չո՞ւ ամա­նորը եւ ամա­ռը յի­շատա­կուած են քով քո­վի։ Բա­ցատ­րութիւ­նը կու գայ հայ­կա­կան դի­ցաբա­նու­թե­նէն եւ Բա­գաւա­նէն։ Վեր­ջի­նը շատ հե­ռու չէ Կի­կիէն- 823 քմ. արե­ւելք, Այ­րա­րատ նա­հանգ, Բագ­րե­ւանդ գա­ւառ, Արա­ծանի(1) գե­տի ձախ ափ, Նպատ լե­րան հիւ­սի­սային ստո­րոտը։ Հոն է Բա­գաւան(2) հե­թանո­սական աւա­նը իր Ամա­նորի մե­հեանով(3)։ Հե­տեւեալն է պատ­մութիւ­նը։ Ամա­նորը, բա­ռացիօրէն «Նոր տա­րի», հին հա­յերը կը տօ­նէին տա­րուայ առա­ջին ամի­սին, 11 Օգոս­տո­սին։ Ամա­նորը հայ­կա­կան դի­ցարա­նի մէջ «նոր պտուղնե­րու» ամիսն էր։ Ան նաեւ պաշտպանն էր պտղա­բերու­թեան եւ բեր­քե­րու։ Ամա­նորի ամե­նահին յի­շատա­կու­թիւննե­րէն մէ­կը կու գայ Ագա­թան­գե­ղոսէն։ «Պատ­մութիւն հա­յոց»-ի մէջ պատ­մի­չը ու­նի հե­տեւեալ նշու­մը. «Դիցն Ամա­նորոյ ամե­նաբեր նոր պտղոց տօ­նին»։ Յի­շել կ՚ար­ժէ նաեւ, թէ նոյն գիր­քին մէջ «ամա­նոր» եւ «ամա­մէջ» բա­ռերը գոր­ծա­ծուած են մէ­կական ան­գամ, իսկ անոնց ար­մա­տը՝ վեց ան­գամ։ Ըստ դի­ցաբա­նու­թեան Ամա­նորը եղեր է կին։ Անոր սի­րահա­րուեր է Վա­նատու­րը՝ հիւ­րընկա­լու­թեան աս­տուածը, որ նոյնպէս բնա­կած է Բա­գաւա­նի մէջ։ Ան որ­պէս սի­րոյ առա­ջին խոս­տո­վանու­թեան նշան, կար­միր խնձոր նուիրած է Ամա­նորին։ (Ահա, թէ ին­չո՛ւ կար­միր գնդա­ձեւ զար­դեր կը կա­խենք տօ­նածա­ռէն)։ Անոնք տիեզե­րական զոյ­գեր են, ուստի Ամա­նորը կը հա­մարուի ըն­տա­նեկան տօն։ «Պտղա­բեր» այս բա­ռը մե­զի պար­գե­ւեց նաեւ ար­տա­յայ­տութիւններ. «ամի ամի», «ամ յամէ» եւ«ամ ըստ ամէ» տա­րեկան, ամե­նամեայ, ամէն տա­րի, «յամ եւս» յա­ջորդ տա­րի, «յա­ռաջի­կայ տա­րի» գալ տա­րի, «յան­ցե­լում ամի» ան­ցեալ տա­րի, «զայս ամ» եւ «յայսմ ամի» այս տա­րի, «զամն ող­ջոյն» ամ­բողջ տա­րի, իսկ «ի վերջ կոյս ամին» տա­րուայ վեր­ջա­ւորու­թեան։

Հնդկա­հաւը հա­սաւ։ Երէց դուստրը, Զիւմրիւ­թը, նրբօ­րէն կտրեց ու բաժ­նեց զայն։ Ոմանք սեւ մի­սը ու­զե­ցին, ոմանք՝ ճեր­մա­կը։ 11։59։50։ Բո­լորը ոտ­քի են, հե­ռատե­սիլի պաս­տա­ռին յա­ռած՝ բարձրա­ձայն կը գո­չեն. 10, 9, 8... Մեր­տի­րոս աղան փառք կու տայ երեք տղա­ներուն, 6, 5, 4… Իսկ տան­տի­կինը՝ Կիւ­լի­զարը, փառք կու տայ երեք աղ­ջիկնե­րուն, 3, 2, 1։ Մա­րիամը խո­հանոց վա­զեց, ծո­րակ­նե­րը բա­ցաւ։ Զա­տիկը դուրս ելաւ, նուռ կոտ­րեց դրան սե­մին։ Շնոր­հա­ւոր Ամա­նոր բո­լորիդ։

1- Մու­րատ գետ։

2- Այժմ՝ Taşteker գիւ­ղը։

3- Մե­հեանը դժուար է տես­նել այ­սօր։ Անոր վրայ 631-639 թուական­նե­րուն շի­նուե­ցաւ Ս. Յով­հաննէս տա­ճարը։ Տա­ճարը դժուար է տես­նել այ­սօր։ Անոր քա­րերը 1951 թուակա­նին տե­ղափոխուեցան Աղրը քաղաք ու գործածուեցան կեդրոնական մզկիթի շինարարութեան համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ