ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Յունուարի 1-ին տօնուող Նոր Տարին քանի մը անուն ունէր հայոց մէջ՝ Ամանոր, Կաղանդ, Կալոնտար, Տարեմուտ, Տարինգլուխ։ Նոր տարուայն նախորդող գիշերը կը կոչուէր Լոլէի, զի այդ գիշեր այլ հացերի շարքում կը թխուէր նաեւ «լոլիկը», նաեւ՝ Ծաղկեմուտ, զի Ծաղկամօր պասը կը պահէին, որպէսզի երեխեքը ծաղիկ հիւանդութիւն չունենան, այլ վայրերում Կաղ կամ Կախ, զի տուն կը բերուէին եւ առաստաղէն կը կախուէին թարմ մրգերը, նաեւ՝ Գօտեկախ, որովհետեւ պատանիները կը շրջէին տնետուն եւ երդիկէն գօտիով գուլպաներ ու զամբիւղներ կը կախէին՝ սպասելով հիւրասիրութեան։
Գօտեկախի ժամանակ պատանիների այս խմբերը կ՚երգէին բարեմաղթանքներով լի շնորհաւորական երգեր․
Ասօր Կախ է, վաղն է Կաղանդ,
Կախանն յո՞ր է, վաղն է Կաղանդ,
Շարոց, բաստեղ, չիր ու հեւէք,
Գոգնոց բացէք, գոգով տուէք, ալելա,
Տուն ու երդիք լիք են շարքով,
Բարով Կաղանդ, բարկարեւով, ալելա․․․ եւ այդպէս շարունակ։
Ամանորը կը սկսէին տունը, շրջակայքը, հագուստը մաքրել-լուանալով։ Կը լողանային նաեւ իրենք, կարգի կը բերէին իրենց մտքերը, տանը խունկ ու մոմ կը վառէին, կը հարթէին բոլոր գժտութիւնները, կը նորոգէին կրակն ու ջուրը։
Առտու կանուխ կը նորոգէին թթխմորը, կը պատրաստէին զանազան ծիսական խմորեղէններ, կը շնորհաւորէին տան բոլոր անդամներուն, երեւելի թէ աներեւոյթ էակներուն ու ոգիներուն, սեղանը կը զարդարէին գոզինախով, չիր ու չամիչով, մրգերով՝ ամենքէն 7 տեսակ, ու կը պատրաստէին ուտեստները, որոնք հիմնականին պասային էին՝ Նար Տարին պաս օր կ՚ըլլար։
Թերեւս կրակն ու ջուրը կաղնդելու սովորութիւնը հեթանոս ժամանակներէն եկած է։ Կրակի համար տուն կը բերէին երկար ու մեծ քիւթուկ մը, որի մի ծայրը օճախում կը վառուէր, իսկ միւս ծայրը դուրս կ՚ելնէր տան դռնէն այն կողմ․ այդ կրակը վառ կը մնար մինչ Սուրբ Ծննդեան օրերը, որմէ ետքը մոխիրը շաղ կու տային տան ու գոմի անկիւնները, արտերում ու հանդերում, որպէսզի նորոգուած կրակի զօրութիւնը նրանց էլ բաժին հասնի եւ տարին առատ ու բարեբեր լինի։
Ջուրը կը նորոգէին գիշերուայ կախարդական ջրէն տուն բերելով։ Կը հաւատային թէ այդ գիշեր գետերի առուների ջուրը պահ մը հրաշագործ կ՚ըլլայ։ Ուղիղ կէսգիշերին կը վազէին դէպի մօտակայ աղբիւրները՝ նորոգուած ջրէն տուն բերելու, հիւանդները պահ մը կը սուզուէին գետերի սառնորակ ջրի մէջ՝ ապաքինուելու հաւատով։
Կը հաւատային նաեւ թէ այդ ջրի մէջ ոսկի կը հոսէ այդ պահուն, եւ տարրաները լի ջրով տուն կը շտապէին՝ ջանալով ետ չնայել, որովհետեւ չար սատանաները իրենց հետքերով կը շտապէին, եւ եթէ մարդոց մէկը ետ նայէր, կը բռնուէր։ Ապա այդ ջրէն կը ցողային տան բոլոր անկիւններում, մառանում, կը լցնէին ջրի տարաները։
Որոշ վայրերում ամբողջ ընտանիքով կամ գիւղի ժողովուրդով կ՚երթային աղբիւրների գետերի մօտ, ամբողջ ժողովրդով կը շրջապատէին աղբիւրը եւ ջերմօրէն կ՚աղօթէին ու ջրի շիթերին կը խառնէին Կաղանդի խմորեղէններէն կտորներ, ցորենի, գարու հատիկներ՝ երգելով․
Քեզի կու տամ ցորեն, գարի,
Դուն ա ինծի տու բարի,
Շնորհաւոր Նոր Տարի։
Ջրին բարին, ջրին մորին,
Անդնդային թագաւորին,
Ջուր կաղնդէ՞ր ես։
Ետքը ջրի մէջ հացիկներ ու հատիկներ կը նետէին ու կ՚երգէին․
Առ քեզի գարի, տուր մեզի բարի,
Առ քեզի երկաթ, տուր մեզի դովլաթ,
Առ քեզի հատիկ, տուր մեզի Զատիկ։
Կը հաւատային նաեւ թէ Նոր Տարուայ գիշերը ազատօրէն կը շրջէին «առայիմ-թառայիմներն» ու «խոնջոլոզները», որոնցմէ շատ կը վախնային, զի ասոնք չար էակներ էին։
Առայիմ-թառայիմները ունէին երկաթէ երկար եղունգներ, երկար ճերմակ մազ-մորուք եւ կրնային ներս մտնել հնոցների ծխնելոյզէն եւ դուրս գալ վառարանի դռնէն․թերեւս երկար եղունգները թէ պահ մը մոռնանք, պիտի յիշենք Ջմեռ պապուն․․․
Խոնջոլոզները կը պատկերուէին պատռուած հագուստներով՝ ծուէններէն կախուած երկաթէ գնդերով։ Նրանք կ՚ապրէին տանիքներում՝ կտուրի տակ եւ կը ջանային բռնել որեւէ մէկին ու ճնշել նրան իրենց ծանրութեամբ։
Այդ օրը շատ էին այցելութիւնները՝ միմեանց տուն կ՚երթային, մի մի բաժակ օղի կը խմէին, կենաց կ՚ըսէին, կենաց կը լսէին եւ մէկմէկու կը շնորհաւորէին։
Ալելուիա, ալելուիա,
Հինը գնաց, նորը կու գայ,
Հինը ուրախ ճանապարհէք,
Նորի համար պատրաստեցէք
Դուռ լուսամուտ բացէք,
Ինչ որ կամիք, խնդրեցէք,
Թէ կեանք, թէ խելք, թէ մալ,
Ամենքիդ մուրազն ալ
Կու տայ, միամիտ եղէք։
Աղաներ ու խաթուններ,
Ձեզ շնորհաւոր Նոր Տարի,
Ապրիք շատ ու շատ տարի։