Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ

Ափոսո որ վերջին տարիներուն ոչ միայն այս կամ այն երկրի, այլ ամբողջ աշխարհի տարածքին կը տիրէ քաոսային իրավիճակ, որուն իսկական հեղինակները միայն ու միայն քաղաքական գործիչներն են։ Այս հաստատումը անկախ է այս կամ այն հասցէի ուղղեալ մեղադրանքէ։ Համատարած ափսոսանքին տեղի տուող այս երեւոյթը ալ աւելի ծանր կը կշռէ տօնական օրերու նախօրեակին, երբ պիտի սիրենք ամենայն միամտութեամբ բարեմաղթութիւններ փոխանցել անխտիր բոլորին։ Կարծես բոլորս շնչահեղձ ընող ազդակ մը կու գայ խափանելու այս բարի մաղթանքներու հաւաստիքը։ Տարի մը առաջ սրտանց մաղթած էինք խաղաղ ու համերաշխ տարի մը, բայց չէինք կրցած ձերբազատուիլ ճիշդ ալ տարեմուտի օրը սարսափի մատնուելէ։ Այսօր եւս օրացոյցը մեզ կը թելադրէ բարի մաղթանքներ փոխանցել մանաւանդ Կաթողիկէ Քրիստոնեաներու, որոնք կը պատրաստուին Փրկչի հրաշափառ ծնունդը տօնելու։ Տօնական այս օրերը աշխարհի վրայ դարձեալ ու դարձեալ կասկածի, շփոթի, ամենաանսպասելի պահուն, ամենաանսպասելի տեղէ մը հասնելիք փորձանքի վախով է, որ կը դիմաւորենք։ Բայց արդէն ճիշդ ալ նման ժամանակները, նման պահերը չե՞ն, որ մեզ համար պիտի դառնան փորձի պահեր եւ մենք պիտի յաջողինք ետ շպրտել չարի պատճառած բոլոր պահերը եւ նոյն հաստատ կամքով փարինք բոլոր այն սրբութիւններուն, որոնց հանդէպ հաւատք ունինք եւ մտադիր չենք այդ հաւատքէն հրաժարելու։ Ուրեմն Քրիստոսի Ծնունդը Շնորհաւոր Ըլլայ Համայն Մարդկութեան։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ