Տենիզ Կեզմիշ եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը այս երկրի քաղաքական կեանքի մէջ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած երկու անուններ են։ Նախագահ Էրտողան յատկապէս իր հիմնած Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան 2002 թուականին իշխանութեան գալով բազմաթիւ արմատական փոփոխութիւններու տեղի տուաւ երկրին հետզհետէ պետական աւանդոյթի վերածուած քաղաքական նախապատուութիւններուն մէջ։ Քաղաքացիական կեանքի վրայ միշտ իր ծանր շուքը թողած բանակը չէզոքացուց եւ տեղի տուաւ աւելի «ժողովրդավարական» համակարգի մը։ Սակայն շուտով յայտնի եղաւ, որ այդ չակերտեալ ժողովրդավարութիւնը բոլորովին ձեւական էր, քանի որ բանակի գործօնը չէզոքացնելէ վերջ ինք ստեղծեց ոստիկանական պետութիւն մը։
Այսօր իր նախագահութեան տակ Թուրքիա կը ներկայանայ խօսքի ազատութեան ոտնակոխուած իրաւական համակարգի անդամալոյծ եղած, խորհրդարանին անզօր մնացած երկրի մը տպաւորութիւնով։ Ներկայ դրութիւնով Թուրքիոյ հանրապետութիւնը վերածուած է մենատիրութեան մը, ուր բանտի մէջ կը մնան բազմաթիւ լրագրողներ, ակադեմականներ, կուսակցութիւններու նախագահներ, պատգամաւորներ եւ մտաւորականներ։
Իսկ գալով Տենիզ Կեզմիշի կերպարին, ան այս երկրի ամենախորհրդանշական կերպարներէն մէկը ըլլալով պատմութեան անցաւ իբրեւ երիտասարդ յեղափոխական։ Համայնավար մըն էր եւ կը հաւատար գաղութատիրական պետութիւններու լուծին համակերպած կառավարութիւններէ երկիրը փրկելու համար զինեալ ապստամբութեան անհրաժեշտութեան։ Ինչպէս իրեն հետ գործակցող բազմաթիւ նոյն սերունդի երիտասարդներ Կեզմիշ իր երիտասարդ հասակին մէջ կուտակած էր մտաւորական շատ մեծ պաշար, որու շնորհիւ շատ լայն դիտանկիւնով մը կը մեկնաբանէր երկրի խնդիրները եւ կը պայքարէր անարդարութեան դէմ։ Սրտանց հաւատացած էր ժողովուրդներու բարեկամութեան։ Կ՚ուզէր կոտրել անոնց միջեւ թշնամութիւն սերմանող լուծը եւ կերտել ժողովրդավարութեան հիմքերու վրայ բարձրացող ու բարգաւաճող երկիր։
Էրտողանի եւ Կեզմիշի այս համառօտ նկարագրականը կ՚ապացուցէ, թէ անոնք որքան կը հակասեն իրարու։ Այս պայմաններու տակ երկուքին միջեւ նմանութիւններ առաջարկելը կրկնակի անարգանք է, թէ Էրտողանի եւ թէ Կեզմիշի հասցէին։ Այդ մեկնաբանութիւնը ունեցաւ նախկին համբաւաւոր ֆութպոլիստ եւ ներկայի ֆութպոլի վերլուծաբան Ռըտվան Տիլմեն։ Ան հարցազրոյցի մը պահուն ակնարկելով նախագահ Էրտողանի Երուսաղեմի վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւններուն, կը պնդէ թէ նախագահը Տենիզ Կեզմիշի կրկնօրինակն է առանց «փարքա»ի։ Այստեղ «փարքա» կոչուածը այդ տարիներուն երիտասարդ յեղափոխականներու հագած վերարկուն էր, որ պիտի յիշեցնէր Չէ Կեւարայի եւ այլ հայդուկներու նախընտրած տարազը։
Իրենց եկած քաղաքական աւանդութիւններու հետեւանքով սա շատ վիրաւորական նկարագրում մըն է, թէ Տենիզ Կեզմիշի եւ թէ նախագահ Էրտողանի համար։ Եւ արդէն շուտով լսուեցաւ հակազդեցութիւններու ալիք մը։ Կեզմիշի յիշատակը յարգողները կ՚առարկէին այս նմանութեան դէմ։ Նոյնիսկ ձեւով մը սրբապղծութիւն մը կը տեսնէին նման պնդումին մէջ։ Նոյնպէս Էրտողանի համակիրները ո՛չ թէ մեզ նման հերոսի մը պատկերը կը գտնեն, այդ կերպարին մէջ, այլ իրենց խօսքով Տենիզ Կեզմիշը կը դիտէին, որպէս ահաբեկիչ մը։ Նշենք որ Էրտողանի կուսակցութեան համար շատ հասկնալի է, այդ մեկնաբանութիւնը, քանի որ նոյն կուսակցութեան շարքերէն եկած խորհրդարանի նախագահը եւս չէր վարանած այս անգամ համաշխարհային ճանաչում վայելող մի այլ յեղափոխականը Չէ Կեւարան ահաբեկիչ համարելէ։
Ուրեմն այս հակասութիւններու մէջ նոյնիսկ ամենապարզ բացատրութիւնով անհեթեթութիւն մըն էր Ռըտվան Տիլմենի խօսքերը, որով ան կը փորձէր հաճելի թուիլ նախագահ Էրտողանին։ Գործեց այնպիսի սխալ մը, որ հալածուեցաւ, թէ Էրտողանի կողմնակիցներու եւ թէ ընդդիմադիրներու կողմէ։ Մարդիկ պէտք է կշռեն իրենց խօսքերը եւ ըստ այնմ արտասանեն, ապա թէ ո՛չ հաճելի թուելու ակնկալութեան մէջ շատ դիւրին է անընդունելի դիրքի մը մատնուիլ։ Բարեբախտաբար այս երկու գործիչներու միջեւ առկայ այդ մեծ տարբերութիւնը առաջին վայրկեանէն հերքեց Տիլմենի այս դժբախտ հաստատումը։
pakrates@yahoo.com