Պատգամաւոր Կարօ Փայլան ահազանգ կը հնչեցնէ

Ժողովուրդներու ժո­ղովրդա­վարա­կան կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան 20 Դեկ­տեմբեր Չո­րեք­շաբթի խորհրդա­րանի մէջ կա­տարած մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեամբ ահա­զանգ հնչե­ցուց Եւ­րո­պայի տա­րած­քին հա­ւանա­կան յար­ձա­կու­մի մը հա­մար։ Մամ­լոյ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն բաժ­նած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ Փայ­լան կ՚անդրա­դառ­նայ Եւ­րո­պաբ­նակ ալե­ւինե­րու, հա­յերու կամ թուրքիայէն վեր­ջերս ապա­հովու­թեան մտա­հոգու­թիւննե­րով Եւ­րո­պա ան­ցած լրագ­րող կամ մտա­ւորա­կան­նե­րու դէմ զգա­յացունց գոր­ծո­ղու­թեան մա­սին լսումնե­րու։ Ան նաեւ կը նշէ թէ իրեն հա­սած այս բնոյ­թի լսումնե­րէն իրա­զեկ են նաեւ Եւ­րո­պայի անվտան­գութեան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը որոնք, կը դի­մեն կան­խարգե­լիչ կարգ մը մի­ջոց­նե­րու։

«Այս լսումնե­րը ալ աւե­լի մտա­հոգիչ կը դառ­նան, երբ կ՚ըսուի թէ նման ծրա­գիր­ներ մշա­կող կազ­մը թուրքիացի­ներէ կը բաղ­կա­նայ։ Մա­մու­լի յար­գե­լի ներ­կա­յացու­ցիչներ, պէտք է լրջու­թեամբ մօ­տենալ այս լրա­տուու­թեան։ Կը խօ­սինք թուրքիացի կարգ մը մութ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն մա­հափոր­ձեր կա­տարե­լու հա­ւանա­կանու­թեան մա­սին։ Ան­ցեալի այս բնոյ­թի ոճիր­նե­րէն մէ­կուն եւս գոր­ծադրման ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար կա­ռավա­րու­թիւնը պէտք է կա­տարէ իր պար­տա­կանու­թիւնը։ Մի­թէ իր երկրին մէջ ազա­տօրէն աշ­խա­տելու առիթ­նե­րէն զրկուած լրագ­րողնե­րուն –Դուք ուր որ ըլ­լաք մենք գի­տենք ձեզ լռեց­նել- ըսել կո՞ւզեն։ Այս զար­գա­ցումնե­րէն ետք Եւ­րո­պաբ­նակ թուրքիացի­ները զգօն եւ ու­շիմ ըլ­լա­լու, կա­ռավա­րու­թիւնը եւ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւններն ալ պա­տաս­խա­նատուու­թեան կը հրա­ւիրեմ» ըսուած է Փայ­լա­նի ստո­րագ­րութեամբ հրա­պարա­կուող յայ­տա­րարու­թեան մէջ։

Խորհրդա­րանի մէջ կա­տարուած մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թե­նէ ետք իրեն ուղղած հար­ցումի մը պա­տաս­խա­նելով Փայ­լան նշեց, թէ ազ­գա­յին լրա­քաղու­թեան կազ­մա­կեր­պութեան (MİT), ոս­տի­կանու­թեան եւ կա­ռավա­րու­թեան պատ­կան նա­խարա­րու­թիւննե­րու փո­խան­ցած է իրեն հա­սած լրա­տուու­թիւնը։ «Օկիւն Սա­մաս­թի ոճով գոր­ծող երեք ոճ­րա­գործնե­րու մա­սին տե­ղեկու­թիւն մը կայ, որ բա­ւակա­նին չէ մշա­կուած։ Մեր խնդի­րը այդ երեք հա­ւանա­կան ոճ­րա­գործնե­րէն աւե­լի իրենց այս ուղղու­թեամբ հրահանգ բերողները յայտնաբերել պէտք է ըլլայ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ