Տարուայ նիւթը՝ «Յիշողութիւն»

Լոյս տեսաւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի աւանդութիւն դարձած օրատետրը։ Ինչպէս ծանօթ է օրատետրը ամէն տարի կ՚ընտրէ նիւթ մը եւ ամէն շաբաթուայ հանդիպած թերթին վրայ տեղ կը գտնեն տուեալ նիւթի հետ առնչուած զանազան մէջբերումներ։ Այս տարուայ համար ճշդուած նիւթն է յիշողութիւն։ Այս սահմանումին մէջ մարդկային միտքի զանազան դրսեւորումները տեղ գտան ուշագրաւ յօդուածներով, որոնք ընթերցողին կը մատուցեն ամբողջովին իւրայատուկ ներշնչումներ։

«Մարդկային յիշողութիւնը զգայուն է, դիւրին կը հրահրուի։ Անյայտ բուրմունք մը մեզ կը տանի մեր մանկութեան, երաժշտութիւն մը ականջին տարիներէ ի վեր չհանդիպած ընկերոջ մը դէմքը, գեղանկար մը մեզ կը յիշեցնէ մեր հայրենիքը։ Սակայն յիշողութիւնը միայն յիշելու եւ մոռնալու վերաբերեալ հասկացողութիւն մը չէ։ Եսը, ինքնութիւնը եւ հետեւաբար առօրեայ կեանքին անզանցելի մասնիկն է, թէ ապագայի վերաբերեալ կարեւոր որոշումներու եւ թէ կենցաղային եւ պզտիկ ընտրութիւններուն մէջ որոշիչ դեր կը խաղայ…

…Կը յուսանք, որ 2018 թուականը մեր յիշողութեան մէջ այնպէս տեղ մը կ՚ունենայ, որ երբեք պիտի չուզենք մոռնալ…»։

Մենք ալ կը ձայնակցինք օրատետրի խմբագիրներուն այս բարի մաղթանքին, յուսալով թէ Ամանորը իր հետ բերէ բարիքներ, որոնց այնքան կարիքը կը զգանք մեր շրջապատող չար անցուդարձերու մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ