Պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ Նոր Տարուայ շեմին օգնութեան յատուկ ծրագիր մը մշակուած է Թուրքիոյ մէջ ապաստանած հայ գաղթականներու ի նպաստ։ Պատրիարքական շրջանակներէ կը տեղեկացնեն, թէ արշաւի համար կարելի է «Միկրոս» ընկերութեան մակնիշով եւ 100 ԹԼ-ի արժողութեամբ օգնութեան ծրարներ գնել։ Այդ եղանակով կատարուելիք օժանդակութիւններու համար կարելի է մինչեւ 24 Դեկտեմբեր Կիրակի օր դիմել Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփանոս, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի, Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց եւ Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիներուն։ Ցանկացողներ կրնան դրամական օժանդակութիւն ալ ունենալ նոյն եկեղեցիներու քարտուղարութեան միջոցաւ։ Կատարուած նուիրատուութիւններու հաստատման համար կարելի է դիմել Պատրիարքարան կամ info@tetajanda.com կայքէջին։