ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Հայերէն այլընտրանքային երաժշտութիւն մշակող «Ոմանք» խումբը իր նոր ձայնապնակի թողարկման առթիւ ձեռնարկած է համերգային ծրագիր մը, որ տեղի պիտի ունենայ 27 Դեկտեմբեր, Չորեքշաբթի երեկոյ, ժամը 21.00-ին, Շիշլի Քենթ մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Խումբի համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող այս համերգի նախօրեակին զրուցեցինք մենակատար Լարա Նարինի եւ երաժշիտներ Ռուբէն Մելքիսեթօղլու ու Թայիս Եըլտըզճըի հետ։
Մեր հարցումներուն առաջին պատասխանողը եղաւ Ռուբէն Մելքիսեթօղլու, որ փոխանցեց ալպոմ հրատարակելու որոշումին ինչպէս ձեւաւորուիլը։ «Խումբի հիմնարկութեան օրերէն ի վեր մեր մտքին կառչած նպատակներէն մէկն էր ալպոմի մը թողարկումը։ Առաջին հերթին մեր համերգային ծրագիրներու երգերը հաւաքեցինք փորձի արձանագրութեան մը սահմաններով։ Կարծես այդպէսով մեր կատարումները, անոնց ինչպէս հնչելը փորձելու առիթ մը ունեցանք»։
Իսկ Թայիս Եալտըզճը կը նշէ այս աշխատութեան ուրիշ մէկ յատկութիւնը՝ «այդ տեմօ ալպոմը հրատարակելէ ետք տեղադրեցինք Սփոթիֆայ։ Այսպէսով առիթը գտանք արձագանգները լսելու»։
Կը հարցնեմ գաղափարի յայտնութենէն ետք մինչեւ ալպոմի հրատարակութիւնը անցնող երկար ժամանակի մասին։ Լարա այս հարցումին կը պատասխանէ ըսելով, թէ ձայնագրութիւններու տեւողութիւնը իրենց նախատեսածին համապատասխան ընթացած է, բայց ալպոմի այլ գործերը նման ուշացումի մը տեղի տուած են։
Ռուբէն կը պատմէ ալպոմի բովանդակութեան մասին իրենց կանխատեսումները։ «Առաջին հերթին մենք նպատակած էինք պոլսահայ հինգ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն վրայ յօրինումներ կատարել։ Այս միջոցին դիմեցինք Կիւլպենքեան հաստատութեան նիւթական աջակցութեան ակնկալիքով։ Հաստատութիւնը մեր կանխատեսած գումարին միայն մէկ մասը կրցաւ տրամադրել, որ եւս իր կարգին ուշանալու պատճառ դարձաւ։ Ապա հրաժարեցանք Տասը բանաստեղծ, տասը յօրինում սահմանումէն եւ համակերպուեցանք աւելի նեղ սահմանումի։ Հինգ բանաստեղծ, հինգ յօրինում էր այս անգամ մեր սահմանումը»։
Այս անգամ Լարա Նարինն է նիւթը յստակացնողը։ «Ալպոմի պատրաստութեան փուլին շատ մը գործերը մենք մեր ուժերով գլուխ հանեցինք։ Թայիս գործին թեքնիքական բաժնին մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն ստանձնեց։ Ալպոմի գրքոյկի պատրաստութիւնը եւս բաւական ժամանակ խլեց մեզմէ։ Եթէ նիւթական աւելի լաւ պայմաններու մէջ կարենայինք աշխատիլ հաւանաբար այս ուշացումները չէինք ապրիր։ Նախագծի կարեւոր հանգրուաններէն մէկն ալ հայ դպրոցներու մէջ համերգներ սարքելով պիտի կայանայ։ Նպատակ ունինք այս բանաստեղծութիւնները ծանօթացնել նաեւ մեր դպրոցներու աշակերտութեան»։
Հետզհետէ կը ձեւաւորուի նախագիծը իմ ընկալումներուն մէջ։ Հետեւաբար կը ձեւաւորուին նաեւ հարցումներ։ Հարցումներ, որոնք ծնունդ կ՚առնեն նախագծի հանդէպ հետաքրքրութենէս։ Կը հարցնեմ թէ ո՞ր չափորոշիչներով ընտրած են հինգ բանաստեղծները։ Լարա Նարին դարձեալ կը պատասխանէ այս հարցումին նշելով, թէ արդէն որոշ նախափորձ մը ունեցած էին, երբ կը մտածէին հինգ սահմանումով։ «Անուններ ճշդելու համար դիմեցինք Սեւան Տէյիրմենճեանին։ Օրինակի համար Հեռանուշ Արշակեանի անունը ինք առաջարկեց, որ կատարեալ յայտնութիւն մըն էր մեզի համար։ Նախապէս չէինք լսած իր մասին։ 17 տարեկանին գրառած բանաստեղծութիւններն են, որ պիտի երգենք, իսկ ինք մահացած է 19 տարեկանին թոքախտի հետեւանքով։ Ռոպէր Քոփթաշ ալ խորհուրդ տուած էր Կարպիս Ճանճիկեանի գործերը»։
«Մեր շուրջ բանաստեղծներու անուն առաջարկելու տրամադիր շատ բարեկամներ ունէինք։ Թէեւ մենք մեզ սահմանած էինք հինգ բանաստեղծներով, բայց արդէն ունէինք աւելի մեծ թիւով բանաստեղծներ։ Այս անգամ ծանրացանք յօրինումներու վրայ» կ՚ըսէ Ռուբէն Մելքիսեթօղլու։ «Այնպէս, որ մեր ունեցածներուն մէջէն զտում մը ընելու առիթն ալ ունեցած ենք։ Հետզհետէ մենք համոզուեցանք, թէ մեր յօրինումները պիտի պատշաճին ընտրուած բանաստեղծութեան ոգիին։ Պիտի կրնան ամբողջացնել այնտեղ մշակուած զգացումները»։
Ըստ երեւոյթի ուրոյն յօրինումներու ալպոմ մըն է թողարկուածը կը հարցնեմ տղոց։ Ռուբէն կը պատասխանէ այս հարցումը։ Կ՚ըսէ թէ բացի Արթօ Թունչպոյաճեանի մէկ յօրինումէն եւ երկու աւանդական երգերու ներշնչումէն մնացեալ բոլոր գործերը յօրինումներ են առհասարակ։
Իսկ Արթօ Թուչպոյաճեան ինչպէ՞ս մասնակից եղաւ այս աշխատութեան։ Ահաւասիկ հարցում մը եւս, որուն պատասխանը իսկապէս յուզումնալից է։ Անցեալին Սարօ աշխատակցած էր Արթօ Թուչպոյաճեանի հետ հետեւաբար իրեն դիմեցինք, որ հարցնէ թէ արդեօք կ՚ուզէր մեզի երգ մը տրամադրել։ Բացի երգ մը տրամադրելէ Արթօ Թունչպոյաճեան նուագակցեցաւ նաեւ մեր ձայնագրութիւններուն իր հարուածային գործիքներով։