Յարգանք Բարսեղ Թուղլաճեանի յիշատակին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Իր շատ ար­ժէ­քաւոր ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րով Թուրքիոյ յատ­կա­պէս ալ թրքե­րէնի կա­րեւոր նպաստ բե­րած մտա­ւորա­կան մը եղած էր Բար­սեղ Թուղլա­ճեան։ Այս շա­բաթ կը լրա­նայ իր մա­հուան տա­րելի­ցը եւ ինչպէս թեր­թիս թրքե­րէն էջե­րուն մէջ լոյս տե­սած յօ­դուա­ծով կը յի­շուի իր վաս­տակն ու յի­շատա­կը ափ­սոս, որ կը հան­դի­պին խոր ապե­րախ­տութեան։ Մինչդեռ Թուղլա­ճեան իր հե­ղինա­կած պատ­մա­բանա­սիրա­կան ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րով ար­ժա­նի էր շատ բարձր գնա­հատան­քի։ Այդ գնա­հատան­քը իր­մէ զլա­ցան, թէ իր ժո­ղովուրդը եւ թէ իր այդքան մեծ ներդրու­մը բե­րած գի­տական շրջա­նակ­նե­րը։ Ար­դա­րեւ «Ակօս»ի էջե­րուն վրայ Քա­տիր Ճան­կըզպայ ի մաս­նա­ւորի կը նշէ անոր կո­թողա­յին գոր­ծե­րէն Ով­կիանոս հան­րա­գիտա­րանը, որ իր տե­սակին մէջ եզա­կի եղած է, թէ փո­խան­ցած գի­տելիք­նե­րով եւ թէ այդ գի­տելիք­նե­րու փո­խանցման եղա­նակով։ Ան պա­տահա­բար հան­դի­պած է այս խիստ կա­րեւոր գոր­ծին եւ իր ար­տա­յայ­տութիւ­նով ան­գամ մը եւս կա­րիքը չէ ստա­ցած որե­ւէ օտար լե­զուի բա­ռարա­նի դի­մելու։ Թուղլա­ճեանի գոր­ծը այնքան բո­վան­դա­կալից էր, որ ըն­թերցո­ղին առ­ջեւ կը բա­նար ստու­գա­բանու­թեան հսկայ ու ան­ծայրա­ծիր ով­կիանոս մը։ Տի­րանա­լով այդ հա­տորին այ­լեւս ոչ մէկ կա­րիք կը մնար ու­րիշ աղ­բիւր թղթա­տելու։ Այս գիր­քը ամ­բողջա­կան գո­հացում կու տար բո­լոր նիւ­թե­րու հա­մար։ Ճան­կըզպայ մա­նաւանդ սրտցա­ւօրէն կը խօ­սէր Թուղլա­ճեանի իր անու­նը քօ­ղար­կե­լու կա­րիք զգա­լու երե­ւոյ­թին մա­սին։ Իր ազ­գա­յին ծա­գու­մով ինքզինք մե­ղաւոր կը հա­մարէր եւ իր ու­սե­րուն կը վերցնէր գիտ­նա­կանի մը իր հա­րազատ երկրին մէջ իսկ անու­նը քօ­ղար­կե­լու պար­տա­ւորուածու­թեան հա­մար։ «Քա­նի որ ծա­գու­մով թուրք եմ, ու­րեմն ամօթն ալ պէտք է ին­ծի վի­ճակի։ Իմ ժո­ղովուրդն է որ իրեն պար­տադրած է անու­նը քօ­ղար­կե­լու։ Մինչդեռ ան մեզ շրայ­լօ­րէն տուաւ այն ինչ որ ու­նէր իր գի­տելիք­նե­րու շտե­մարա­նին մէջ»։

Խոս­տո­վանինք, որ հա­յերս եւս անար­դար գտնուեցանք այս անուանի լե­զուա­բանի վաս­տա­կը գնա­հատե­լու խնդրին մէջ։ Յի­շենք, որ Թուղլա­ճեան բա­ցի հան­րա­գիտա­րանէ կամ բա­ռարա­նէ հե­ղինա­կած էր նաեւ շատ կա­րեւոր մե­նագ­րութիւններ, որոնց ամե­նաաչ­քա­ռուն պէտք է հա­մարել ճար­տա­րապետ Պա­լեան գեր­դաստա­նի գոր­ծե­րուն ձօ­նուած ծա­ւալուն ու­սումնա­սիրու­թիւնը։ Բա­ցի այդ արեւմտա­հայոց պատ­մութեան ամե­նածա­ւալուն ու­սումնա­սիրու­թիւնը պէտք է համ­րել իր հինգ հա­տորա­նի «Արեւմտա­հայե­րը» կո­թողա­յին գոր­ծը, որ նոյնպէս վեր կը դա­սուի այդ հի­ման վրայ կա­տարուած բազ­մա­թիւ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րէ։

Թուղլա­ճեանի վաս­տա­կը կը գե­րազան­ցէ սո­վորա­կան բո­լոր չա­փանիշ­նե­րը եւ ար­ժա­նի է շատ աւե­լի բարձր գնա­հատանքի, քան մենք կը գիտակցինք։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ